ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) խստօրէն դատապարտեց ատրպէյճանական կողմի` Հայաստանի հետ սահմանին 16-17 Օգոստոսին կատարած սադրիչ գործողութիւնները, որոնք ակնյայտօրէն կը նպատակադրեն վտանգել մագլցումի թուլացման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը եւ վտանգել տարածաշրջանային անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը:
Նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ 16 Օգոստոսին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը սադրիչ գործողութիւններու ձեռնարկեցին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ հատուածներուն մէջ` Երասխ բնակավայրի, Սիւնիքի մարզի Սեւ լիճի մօտակայքը եւ Գեղարքունիքի մարզի ուղղութեամբ` թիրախ դարձնելով սահմանամերձ համայնքներու խաղաղ բնակչութիւնը:
Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ տարբեր տրամաչափի զէնքերէ արձակուող կրակոցները Գեղարքունիքի մարզի Սոթքի հատուածին մէջ շարունակուեցան նաեւ 17 Օգոստոսին։
«Բացի այդ, Ադրբեջանի ԶՈՒ իրականացրած հրաձգութեան հետեւանքով Օգոստոսի 16ին դիպուկահարի արձակած կրակոցից Երասխի հատուածում մահացու հրազէնային վիրաւորում է ստացել ՀՀ ԶՈՒ զինծառայող Վահան Թաթոսեանը, իսկ Գեղարքունիքի մարզի ուղղութեամբ հակառակորդի կողմից արձակուած կրակոցից` զինծառայող Արման Յակոբեանը: Օգոստոսի 17ին հրազէնային վիրաւորում է ստացել ՀՀ ԶՈՒ մէկ զինծառայող: ՀՀ ԱԳՆն խորին ցաւակցութիւն ու զօրակցութիւն յայտնելով զոհուած զինծառայողների ընտանիքների անդամներին եւ հարազատներին, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում` վիրաւոր զինծառայողին, յատկանշական է համարել, որ այս գործողութիւնները զուգորդւում են Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան եւ Արցախի դէմ ուժ կիրառելու վերաբերեալ Ադրբեջանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմից հնչող սպառնալիքների հետ: Խստօրէն դատապարտում ենք ադրբեջանական կողմից սադրիչ գործողութիւնները, որոնք ակնյայտօրէն նպատակ ունեն վտանգելու դէէսկալացիայի (ապամագլցումի) ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը եւ խաթարելու տարածաշրջանային անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը: Դրանք նպատակաուղղուած են խոչընդոտելու ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան հովանու ներքոյ խաղաղ բանակցութիւնների վերսկսումը, ինչպէս նաեւ վիժեցնելու տարածաշրջանային ապաշրջափակման գործընթացը եւ բոլոր հաղորդակցութեան միջոցների բացումը», կը շեշտէ նախարարութիւնը՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հետեւողականօրէն պիտի պաշտպանէ իր ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը ու Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման եւ իր հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքը: