Գանձասար- Բերիոյ Հայոց Թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցները 2017-2018 տարեշրջանին իրենց վստահուած հոգեւոր ու ազգային առաքելութիւնը անվերապահ նուիրումով եւ գործակցութեամբ իրականացուցին:
Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, նախաձեռնութեամբ Ազգ. Կրօնական Ժողովին, Հալէպի, Ճէզիրէի, Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ Թարթուսի մէջ, Շաբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2017-ին հանդիսաւոր վերամուտով սկսած գործը, ինը ամիսներու տեւողութեամբ, նուիրեալ ուսուցչուհիներու աջակցութեամբ, լրումին հասաւ Շաբաթ, 30 Յունիս 2018-ին:
Հալէպի Ս. Սահակ – Ս.Մեսրոպ եւ Ս. Ներսէս Շնորհալի Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտները միասնաբար համախմբուեցան Առաջնորդ Արբազան Հօր գլխաւորութեամբ, այս տարեշրջանին իրենց սորված շարականներէն, աղօթքներէն, սաղմոսներէն եւ հոգեւոր երգերէն բաժիններ ներկայացուցին ամավերջի հան-դէսին՝ հոգեւոր ու առինքնող մթնոլորտ ստեղծելով:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց թեմէս ներս գործող բոլոր Կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչներուն եւ ուսուցչուհիներուն՝ իրենց բծախնդիր եւ հետեւողական ծառայութեան համար, գնահատեց այն ծնողները, որոնք կը քաջալերեն իրենց զաւակները ուղղուելու Կիրակնօրեայ դպրոց:
Սրբազան հայրը անդրադառձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. բարի հովիւին դերակատարութեան՝ դիտել տալով, որ ան ամբողջ 50 տարի հաւատարմութեամբ, նուիրումով ու ծառայութեամբ իր ներդրումը բերած է. յիշեց նաեւ Կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 23-րդ տարեդարձը: Աշակերտները ծափողջոյններով, բարի մաղթանքներով եւ աղօթքներով իրենց սէրը արտայայտեցին վեհափառ հօր՝ անոր մաղթելով արեւշատ եւ քաջառողջ օրեր:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ թեմիս Կիրակնօրեայ դպրոցները ամառնային արձակուրդի համար փակուեցան, իսկ աշակերտները, հոգեւոր արժէքներով եւ ապրումներով նորոգուած, մեկնեցան իրենց տուները՝ վերամուտին զիրար վերագտնելու յոյսով: