Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Բնապահպանական Շրջափակումն ու Արցախի Հարցին Վերամիջազգայնացումը

December 19, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Լիբանանում նախագահի միասնական թեկնածու պետք է լինի, որին կհաջողվի երկիրը դուրս հանել ճգնաժամից. Շահան Գանտահարյան

  ՇԱՀԱՆ  ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Ազրպէյճանի բեմադրած «բնապահպանական» գործողութիւնը այս փուլին կը հասնի իր աւարտին: Յայտարարութիւնները նկատի առած, «բնապահպաններ»-ը կ՛առաջադրէին կենսոլորտային խնդիրներ լուծել, միաժամանակ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնել, որ «ազրպէյճանական տարածքներու» մէջ հայերը կը շահարկեն Ազրպէյճանի բնական հարստութիւնները:

Ասիկա շղարշային բաժինն է: Բնապահպանական պատրուակներով մարդասիրական աղէտ ստեղծել, կենսաճանապարհ փակել եւ կազատար խողովակը խափանել` Արցախի բնակչութիւնը զրկելով ջեռուցման հնարաւորութենէն:

Միջազգային արձագանգները կարելի է դասակարգել` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ ու Ֆրանսա: Պահանջը հետզհետէ հասցէական կը դառնայ, եւ բնապահպանականէն պետական հարթութիւն կը տեղափոխուի խնդիրը: Արցախի հարցի վերամիջազգայնացման նախադրեալներ կը պարզուին այս ձեւով, ինչ որ նաեւ մտածել կու տայ, թէ Ազրպէյճանի նախաձեռնած այս գործողութիւններու շարքը կրնայ հակառակ ազդեցութեան գործօնի վերածուիլ:

Փորձենք նկատել, թէ ի՞նչ առաւելներ կրնայ ապահովել հայկական կողմը:

Նախ արձանագրենք, որ Ազրպէյճան ունի երկու հիմնական խնդիրներ, զորս կ՛ուզէ լուծել անմիջականօրէն: «Զանգեզուրեան միջանցք»-ն ու իրենց նախասիրած քարտէսներու հիման վրայ սահմանազատումն ու սահմանագծումը: Պաքուի ռազմաքաղաքական վարքագիծը ծանօթ է: Բերձորի միջանցքի փակման, եւ նոր երթուղիի բացման համար ազրպէյճանական զինեալ ուժերը յարձակեցան արցախեան տարածքներու վրայ. Բերձորի միջանցքը փակուեցաւ, եւ բացուեցաւ նոր երթուղին, նոր միջանցքը: Նոյն զօրքերը ներխուժեցին հայաստանեան տարածքներ` արագացնելու համար սահմանազատման գործընթացի մեկնարկը: Հիմա բնապահպանական ուժեր երկրորդ անգամ ըլլալով փակեցին Բերձորի նոր միջանցքը` պատրուակելով ընդերքներու, հանքավայրերու շահարկումներն ու անոնց հետ կապուած թէ՛ կենսոլորտային եւ թէ՛ բնական հարստութիւններու պատկանելիութեան խնդիրները:

Թէեւ շղարշուած, այնուամենայնիւ պարզ է բուն նպատակը: Ազրպէյճան այս ձեւով կ՛ուզէ արագացնել նոյեմբեր 9-ի հրադադարի յայտարարութեան 9-րդ կէտը, ի՛ր պատկերացումով: Ճանապարհներու ապաշրջափակումը` Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապը «Զանգեզուրեան միջանցքով»:

Միջանցք-միջանցքի դիմաց թուրքեւազրպէյճանական առաջադրանքը երանգային վերափոխումով այսօր կը վերածուի ճանապարհային կարգավիճակ-ճանապարհային կարգավիճակի դիմաց բանաձեւի: Այլ խօսքով, Նախիջեւան-Ազրպէյճան բացուելիք ճանապարհին, եթէ հայկական կողմը անցակէտեր տեղադրելու ծրագիր ունի, ապա Ազրպէյճանը եւս անցակէտեր պիտի տեղադրէ Բերձոր-Արցախ ճանապարհին: Յամենայն դէպս, երկու պարագաներուն ալ, ըստ հրադադարի յայտարարութեան վեցերորդ եւ իններորդ կէտերուն, արձանագրուած է ռուսական զօրքերու ապահովական վերահսկողութեան բաժինը:

Այս բոլորին մէջ նախ նկատենք, որ ո՛չ սահմանազատումը իրականացած է, ո՛չ ալ «Զանգեզուրեան միջանցք»-ը, հակառակ թուրքեւազրպէյճանական շտապողականութեան:

Հիմա տեսնենք անմիջականօրէն եւ ստեղծուած այս վիճակին մէջ հայկական կողմի հաւանական առաւելներ ապահովելու առիթը:

Բնապահպանական գործողութիւնը չէ յաջողած: Միջազգային ընտանիքը, մարդասիրական աղէտի ահազանգումով, կը պահանջէ ճամբուն վերաբացումը: Ըմբռնելի է այստեղ, որ մարդասիրական մօտեցումը չէ միջազգային հանրութեան ներկայացուցիչ պետութիւններու յայտարարութիւններուն մղիչ գործօնը, որքան ռուսական տիրոյթի մէջ հակակշիռ գօտիներ ձեւաւորելը:

Երբ կ՛ահազանգուի մարդասիրական աղէտի մասին, այդ կ՛ենթադրէ կենսական անմիջական օժանդակութիւններու տրամադրում: Այդ օժանդակութիւնները կրնան գումարային տեսք ունենալ, իսկ աւելի անմիջականօրէն` սնունդի, դեղորայքի կամ կենսական այլ նիւթերու տեղ հասնելու առաքելութեան:

Աղէտ կանխարգիլելու անմիջականութիւնը կ՛ենթադրէ ամէնէն արագ միջոցներով շրջափակուած ժողովուրդին հասնելու հրամայական: Դէպի Արցախի ժողովուրդ միջազգային զօրաշարժի նախադրեալները կ՛երեւին այս իրավիճակին մէջ:

Հրատապութիւնը ուրեմն ամէն տեսակի ճանապարհները նկատի կ՛ունենայ տեղ հասնելու համար: Իսկ այս առումով ցամաքային փակ ճամբուն կրնայ փոխարինել օդայինը, ինչ որ իր հերթին կը մղէ Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման հաւանականութեան բարձրացման: Իսկ այստեղ պարզ է, որ քաղաքական ի՛նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ միջազգային ճանաչում չունեցող հանրապետութեան մը օդակայանի գործարկումը:

Քաղաքական առաւել կրնայ արձանագրուիլ, որովհետեւ աւելիով կը հիմնաւորուի «ճանաչում յանուն փրկութեան» բանաձեւումը. այլ խօսքով` ինքնորոշման միջազգային իրաւունքի իրացման անյետաձգելիութիւնը: Ազրպէյճանին մաս չկազմելու եւ անկախ ապրելու իրաւունքը աւելի քան արդարացուած է` ցեղային զտման չենթարկուելու համար: Անկախ կարգավիճակը բացարձակ պայման է ցեղային զտման չենթարկուելու համար:

Բնապահպաններու առաջադրած խնդիրներու լուծման համար բանակցելի կողմը Ստեփանակերտն է: Ստեփանակերտի իշխանութիւններու համապատասխան գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները` իբրեւ ճանչցուած միաւորներ, պիտի ներկայանան բանակցութիւններուն` թէ՛ ճամբու բացման, թէ՛ բնապահպանական խնդիրներու վերաբերող: Եւ որովհետեւ հարցը դուրս եկած է կենսոլորտային սահմաններէն, անոնք բնականաբար պիտի բանակցին քաղաքական խնդիրներու շուրջ. այս բոլորը նախադրեալներ են Ստեփանակերտի բանակցային սեղան վերադարձի:

Վերջապէս, միջազգային արձագանգով, մարդասիրական աղէտին առընթեր ցեղային զտումի վտանգի միջազգային շրջանակներու մէջ արծարծումով հետզհետէ Արցախի հակամարտութիւնը կը վերամիջազգայնանայ: Պաքուն կը ձախողի «Արցախի հարցը անցեալ է» իր առաջադրանքին մէջ:

«Բնապահպանական» այս գործողութիւնները կրնան ծառայած ըլլալ հակամարտութեան ձեւակերպումը վերադարձնելու իր էութեան: Բան մը, որ հիմնովին փոխուած էր 44-օրեայ պատերազմէն ետք եւ ազրպէյճանական ոտնձգութիւններով դարձած Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութեան: Հիմա առիթ կայ հակամարտութեան` Ազրպէյճան-Արցախ ձեւակերպումը վերաամրագրելու:

Previous Post

Սեւեռելով քաղաքական յանձառութեամբ քննադատութիւնը

Next Post

Elon Musk polls Twitter users about whether he should step down

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.