ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ուրբաթ օր, երբ մահուանդ բօթը լսեցի, մտածեցի, որ կեանքի ու մահուան քու խիզախ պայքարիդ մէջ կամքդ ամէնէն զօրաւորն էր:
Ապրելու, ժպտալու, յուսալու, պայքարելու եւ մանաւանդ կեանքը իր ամբողջական իմաստով շնչելու ճիգդ քեզ դարձուցած էր բոլորիս Կարէնը:
Բոլորս ալ լուռ, հեռուէն կամ մօտէն, գրաւոր կամ բերանացի, աղօթքներով կամ բարի մաղթանքներով հետդ էինք:
Քու ժպիտդ մեր հոգիները կը թեթեւցնէր:
Քու նայուածքդ մեր սրտերը կը զօրացնէր:
Քու ամէն մէկ փուլի շրջանցումդ մեր յոյսերը կ՛ամրպանդէր:
Բոլորիս Կարէնը դարձած էիր: Ճեմարան, ՀՄԸՄ, «Ազդակ», Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբ, պասքեթպոլ, ֆութպոլ եւ այսպէս` բազում բնագաւառներուն մէջ տեղ մը քու յիշատակդ կայ, տեղ մը բոլորին Կարէնը դարձած էիր:
Անցնող տարիներու լաւ յիշատակները, միայն լաւ յիշատակները քու ժպիտովդ կը թագադրուին:
Ուրիշ անգամներ կը լսէի ըմբոստութիւնդ, քու ընդվզումդ, պոռթկումներդ, բայց դարձեալ ծնողքիդ գուրգուրանքով եւ սփոփանքով նոր էջ եւ նոր օր կը սկսէիր:
Այսօր ժամանակը կեցաւ քեզի համար:
Ճեմարանաւարտներու այն փաղանգին միացար թէեւ շատ երիտասարդ, սակայն կեանքի ու մահուան դժուար պայքարի փորձութեամբ:
Մխիթարանքի խօսքեր կամ գրութիւններ չունինք: Ընդհակառակը:
Կան հպարտանքի զգացումներ, որ մենք զօրաւոր կամքով Կարէնը ունեցանք մեր կեանքին մէջ: Բոլորիս սորվեցուցիր կամքի զօրութեան գաղտնիքը: Հպարտանքի զգացումներ կան Րաֆֆիին, Շաղիկին եւ Կալիին նման քեզ շրջապատող օրինակելի, քաջ եւ յարատեւ լուծումներ պրպտող պահապան «հրեշտակներու», որ իւրաքանչիւրը իր ձեւով օգնեց պայքարի ճամբուդ վրայ:
Հպարտանք իր անմիջական հարազատներուն եւ սրտակից ու անկեղծ բարեկամներու փաղանգին, որոնք ամէն օր Կարէնին ուրախութեամբ կ՛ուրախանային, ցաւերով կը ցաւէին, չարչարանքներով կը չարչարուէին եւ յոյսով կը յուսադրուէին:
Այո՛, Կարէնը դարձած էր բոլորիս Կարէնը: Գաղտնիքը այն էր, որ կրցած էր մտնել բոլորիս սրտերուն մէջ:
Թէեւ կեանքի ժամանակը Կարէնին համար կեցաւ ուրբաթ օր ժամը 1:30-ին, բայց յիշատակներու անթառամ ժամանակը միշտ պիտի մնայ բոլորիս մտքերուն ու հոգիներուն մէջ:
Պատճառն ալ մէկ բան է:
Որովհետեւ Կարէնը դարձած էր բոլորիս Կարէնը: