ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Մայիս եւ յունիս ամիսները առհասարակ ուրախութիւն կ՛առթեն Լիբանանի ծնողներուն համար, որոնք ականատես կ՛ըլլան իրենց զաւակներուն շրջանաւարտութեան:
Ուրախ է նաեւ հայ ծնողքը, որ տարիներու իր զոհողութիւնները արգասաւորուած կը տեսնէ, երբ զաւակը կը բարձրանայ բեմ` ստանալու համար իր վկայականը:
Լիբանանի մէջ գործող հայկական վարժարաններէ տասնեակներով աշակերտներ կը ստանան երկրորդականի իրենց վկայականները եւ կը ծրագրեն մուտք գործել համալսարանական կրթութեան հիմնարկներ` շարունակելու համար իրենց բարձրագոյն ուսումը: Ոչ հայկական վարժարանի շրջանաւարտ հայ աշակերտներ եւս կը բռնեն համալսարանի ճամբան:
Նոյն ձեւով, հայկական կամ ոչ հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ աշակերտներ, աւարտած ըլլալով համալսարանական իրենց կրթութիւնը, կը ստանան համալսարանական վկայական ու կը նետուին կեանքի ասպարէզ:
Ամէն տարի կրկնուող երեւոյթներ, որոնք առիթ կու տան Լիբանանի հայութեան արդարօրէն հպարտանալու իր զաւակներուն յաջողութեամբ:
Հայ ծնողքը ուրախ է ու հպարտ առաջին հերթին: Գոհ է բնականաբար, որ տարիներու ճակտի քրտինքով իր վաստակածը դրած ըլլալով իր զաւկին կրթութեան գանձանակին մէջ, այսօր կրնայ առնել անոր բարոյական փոխարժէքը:
Գոհ են եւ ուրախ բնականաբար հայ դպրոցը, ուսուցիչը, ազգային կեանքին մէջ դերակատարութիւն վերցուցած անհատը, բարերարը, միութիւններ թէ ֆոնտեր, որոնք այս ձեւով վարձահատոյց կ՛ըլլան իրենց տարած աշխատանքին:
Ու գոհ է վստահաբար երկրորդականէն շրջանաւարտ աշակերտը, որ մուտք կը գործէ համալսարան եւ համալսարանէն շրջանաւարտ ուսանողը, որ մուտք կը գործէ կեանքի ասպարէզ: Վերջին հաշուով ան իր յարատեւ աշխատանքով յաղթանակ մը արձանագրած է:
***
Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով 15 յունիսին ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն միանալու իրենց ուխտը կատարեցին 69 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ:
Կրնայ պատահիլ, որ այս մէկը զուգադիպութեամբ է, որ կը կատարուի յունիսին:
Թերեւս, Հնչակեան թէ Ռամկավար կուսակցութիւններն ալ իրենց շարքերուն միացող երիտասարդներու երդումը ընդունեցին կամ կ՛ընդունին հետագային:
Բայց ի՞նչ կապ շրջանաւարտութեան եւ կուսակցական երդումին միջեւ:
***
Դպրոցական թէ համալսարանական վկայականները եթէ բնական պայմաններու մէջ եւ շատ գործնապաշտ ըմբռնողութեամբ ուսում ստացած ըլլալու եւ գործ գտնելու «անցագիրեր» են, մեր, ազգային ըմբռնողութեամբ անձնական յաջողութիւնը հաւաքականութեան նուիրելու եւ հաւաքական գործելադաշտին մէջ ներդրելու միջոց են միաժամանակ:
Երկրորդականի կամ համալսարանի վկայականները անհրաժեշտ են գիտութեան զարգացման այս փուլին, սակայն կը մնան զուտ անձնական յաջողութեան եւ զարգացման սահմաններուն մէջ, եթէ անոնք չդրուին ազգային հաւաքական կեանքի հսկայ կաթսային մէջ ու չնպաստեն մեր հաւաքականութեան, սկսելու համար` Լիբանանի հայութեան զարգացման, նոր հորիզոններու փնտռտուքին, նոր նուաճումներու արձանագրութեան: Այլ խօսքով` այդ վկայականներու տէր երիտասարդները, որոնցմէ շատեր արժանացած են մեր ազգային կառոյցներու թէ անհատ բարերարներու օժանդակութեան, պարտին իրենց դերակատարութիւնը (եթէ կը խրտչեցնէ ծառայութիւն հասկացողութիւնը) ունենալ մեր հաւաքականութեան ազգային, ընկերային, բարեսիրական, երիտասարդական, մշակութային, մարզական, կենցաղային ու քաղաքական կեանքի տարբեր ոլորտներու հզօրացման:
Վկայականը անձնական փաստաթուղթ կը մնայ, երբ կը գործածէ զայն «ես» անձը:
Նոյն այդ վկայականը հաւաքական ուժի կը վերածուի, երբ անոր տիրացողը զայն կը դնէ «մենք»-ի ըմբռնողութեան մէջ` ինք եւս մաս կազմելով այդ «մենք»-ին:
Զուր տեղը չէր, որ տուինք երդման արարողութեան օրինակը: Ոչ ալ կուսակցական քարոզչութիւն ուզեցինք կատարել:
Հիմնանպատակը` մասնակցութիւնն է: Դերակատարութիւն վերցնելու հրամայականը:
Հեռուէն դիտելը, մատի ծայրով հարցերուն մօտենալն ու պատրուակներ առաջ բերելը դիւրին ընտրանք է:
Կարեւորը գործօն մասնակցութիւնն է այսօր: Անցեալին թէ ներկայիս վկայականներու արժանացած մեր երիտասարդները, ուսանողները, շրջանաւարտները լաւագոյնս կ՛արժեւորեն իրենց վկայականներն ու իրենց ծնողներուն բաղձանքը, կամ զիրենք վկայականի հասցուցած կառոյցները, երբ կու գան միանալու մեր հանրային կեանքին:
Իւրաքանչիւրը` իր նախընտրած միութեան:
Իւրաքանչիւրը` իր համոզումներուն համահունչ կազմակերպութեան:
Իւրաքանչիւրը` իր հաւատացած քաղաքական-գաղափարական սկզբունքները դաւանող կուսակցութեան:
Բայց անպայման, հայ վկայեալ անհատը պէտք է ըլլայ տեղ մը:
Ազգային մեր արժէքները համախմբող եւ արտայայտող տեղ մը:
Հայաշունչ տեղ մը, որեւէ տեղ, ուր ինքզինք կրնայ արտայայտել, իր գաղափարներուն եւ բաղձանքներուն դրսեւորում տալ:
Տեղ մը, որուն միջոցով կը զօրանայ ինք ու իրեն հետ իր շրջապատը:
Տեղ մը, ուր աւելի ուժեղ կը դառնայ ինք, երբ ուժեղ է Լիբանանի հայութիւնը: