27 Մայիս 2015-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի բողբոջ դասարաններու աշակերտները տօնական հանդէսով մը փակեցին ընթացիկ կրթական տարեշրջանը: Հանդէսը առիթ եղաւ պատկերացում մը փոխանցելու այն ծրագրին մասին, որուն հետեւցան Մեսրոպեանի բողբողջները տարուան ընթացքին: Անոնք հանդէս եկան բացման խօսքերով (հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն), կատարեցին երգեր՝ դարձեալ երեք լեզուներով եւ ներկայացուցին փունջ մը պարեր՝ հայկական, արաբական եւ իտալական երաժշտութեան տակ:
Հանդէսին խօսք առին Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ եւ մանկապարտէզի պատասխանատու տիկին Մարիա Պէօճէքեան: Տնօրէնը գնահատեց մանկապարտէզի աշխատակիցներուն լուրջ եւ բծախնդիր աշխատանքը՝ դեռատի հայ մանուկներուն համար կրթութեան լաւագոյն միջավայր ապահովելուն ուղղուած եւ վերահաստատեց վարժարանին յանձնառութիւնը՝ այդ միջավայրի պահպանման ու զարգացման նկատմամբ: Տիկին Պէօճէքեան իր հերթին ըսաւ, որ տարուան սկիզբը բողբոջներէն ոմանք նոյնիսկ չէին գիտեր քալել, խօսիլ սակայն անոնք այսօր հանդէս կու գան համարձակ խօսքով ու շարժումով, արթնցնելով ուրախութեան եւ գոհունակութեան զգացումներ: