ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ սովորութեան վերածած է իրեն համակարծիք կամ ի նպաստ չեղող որեւէ լուր որակելու «կեղծ լուր», Ուրբաթ, 13 Յուլիսին պարտադրուեցաւ այդ պիտակը դնել իր կատարած մէկ հարցազրոյցին վրայ։
Արդարեւ, անգլիական «Սան» թերթին հետ 12 Յուլիսին կատարած հարցազրոյցի մը մէջ, Թրամփ խստօրէն քննադատած էր Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյը, որովհետեւ ան ամբողջականօրէն չէր յաջողած իրականացնել Եւրոմիութենէն դուրս գալու «Պրեկզիթ» ծրագիրը, միաժամանակ վարչապետի լաւ թեկնածու համարելով Մէյի կառավարութենէն այս շաբաթ հրաժարած նախկին արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսընը։ Իր հիւրընկալին հասցէին կատարուած այս անտեղի եւ անպատասխանատու հաստատումները մեղմացնելու համար, Թրամփ Ուրբաթ օր յայտնեց, թէ ներողութիւն խնդրած է վարչապետէն, միաժամանակ պնդելով, որ «կեղծ լուր»երու շարքին պէտք է դասել իր հարցազրոյցը…
Իր կարգին, Լոնտոնի քաղաքապետ Սատի Խան 13 Յուլիսին յայտարարեց, թէ անպատասխան պիտի ձգէ իր հասցէին կատարուած Թրամփի «գազանային արտայայտութիւններ»ը, որովհետեւ չի փափաքիր նախագահին մակարդակին իջնել։ Բրիտանացի երեսփոխան Տէյվիտ Լեմի քայլ մը առաջ գնաց «ազգայնամոլ» կոչելով Թրամփը՝ աւելցնելով, որ Թրամփ չի կրնար մարսել այն իրողութիւնը, որ Լոնտոնի քաղաքացիները ունեցած են իսլամ մը քաղաքապետ ընտրելու լայնախոհութիւնը։
Նշենք, որ Թրամփ անգամ մը եւս պնդած էր, որ քաղաքապետին որդեգրած «ահռելի» սխալներուն հետեւանքով Լոնտոն 2017ին ահաբեկչական արարքի մը թիրախ դարձած էր։ Թրամփի զայրոյթին իսկական պատճառը այն էր, որ Լոնտոնի քաղաքապետը մերժած էր արգիլել ցուցարարներուն կողմէ օգտագործումը 20 ոտք բարձրութեամբ հսկայ փուչիկի մը, որ իբրեւ նորածին կը ներկայացնէ Թրամփը։
Նշենք, որ տասնեակ հազարաւոր բրիտանացիներ ողողեցին Լոնտոնի եւ բրիտանական շարք մը այլ քաղաքներու փողոցները, դատապարտելով Թրամփի այցելութիւնը։