ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- 25 Փետրուարին, միջազգային կազմակերպութիւններու ուղարկուեցաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան յուշագիրը՝ Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այցելութեան վերաբերեալ։
Փաստաթուղթին մէջ յատկապէս կը նշուի, որ Թուրքիոյ եւ զանազան ահաբեկչական խմբաւորումներու վարձկաններու աջակցութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած 44օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները լծուած են ռազմական ճանապարհով արձանագրուած փաստացի արդիւնքներու ամրագրմանը, ինչ որ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու կոպտագոյն խախտում է: Ըստ փաստաթուղթին` այդ քաղաքականութեան իրականացման գործիքներէն են Ատրպէյճանի նախագահին այցելութիւնները բռնագրաւուած տարածքները, որոնցմէ ամէնէն աչքառուն Ալիեւի այցելութիւնն էր Շուշի քաղաքը, ուր ան աղաղակող սպառնալիքներ եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ բացայայտ ատելութիւն պարունակող ռազմատենչ հռետորաբանութեամբ յայտարարութիւններ կատարեց:
Յուշագիրին միջոցաւ լուսարձակի տակ կ՛առնուի բոլորին կողմէ վկայուած ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման շուրջ բանակցային գործընթացի վերսկսումը խափանելու, հակամարտութիւնը չկարգաւորուած վիճակի մէջ պահելու Ատրպէյճանի մտադրութիւնը, ինչ որ պէտք է դատապարտուի միջազգային հանրութեան կողմէ:
«Արցախի Հանրապետութեան տարածքների կարգավիճակի փոփոխմանը միտուած Ադրբեջանի Հանրապետութեան ցանկացած օրէնսդրական եւ վարչական գործողութիւններ` ներառեալ հողի եւ ունեցուածքի սեփականազրկումը, բնակչութեան վերաբնակեցումը գրաւուած տարածքներում եւ բռնազաւթուած տարածքների բռնակցումը, անվաւեր են միջազգային իրաւունքով եւ չեն կարող փոխել ԱՀ տարածքների կարգավիճակը: Ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառման արդիւնքում տարածքային ոչ մի ձեռքբերում չպէտք է օրինական ճանաչուի», կը նշէ նախարարութիւնը:
Փաստաթուղթին միջոցաւ կը հաստատուի, որ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան տարածքին, որուն մէջ Շուշի քաղաքի ներկայի ռազմական բռնագրաւումը եւս չի կրնար փոխել անոնց կարգավիճակը: Շուշի քաղաքը Արցախի անբաժանելի մաս է, թէ՛ տարածքային եւ թէ մշակութային, տնտեսական եւ պատմական առումներով: Զայն բռնի անջատելու որեւէ փորձ Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան կոպիտ խախտում է: