Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Մենք պարտութիւն մը կրեցինք`
առանց պատերազմ ունենալու:
Ուինսթըն Չըրչիլ
Ֆրանսական հեռատեսիլէն եւրոպական խորհրդարանի նախկին անդամ եւ 1968 մայիսի Ֆրանսայի ուսանողական ծաւալուն շարժման պարագլուխներէն Տանիէլ Քոհն Պենտիթը երկարաշունչ զրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ Թուրքիոյ ամենազօր ղեկավար Ռեճեփ Էրտողանի մասին: Մէկ առ մէկ պարզաբանեց անոր ազգայնամոլ եւ պատեհապաշտ ընթացքը, որ ձգտած է անհատականացուած իշխանութեան մը հաստատման, որ տեղի կ՛ունենայ աշխարհի աչքին առջեւ եւ կը շարունակուի` լռութեան դատապարտելով ընդդիմութիւն, ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն, ինչպէս յաճախ ըսուած է, միտելով «օսման»-ի կայսրութեան վերահաստատման: Այդ մեծամտութեան որպէս խորհրդանիշ` ցոյց տալով նախագահական նոր ապարանքը:
Այդ մեծամտութիւնը կեր կը հայթայթէ ամբոխի մոլեռանդութեան, որ կը մղուի հանդուրժելու ամէն կարգի իրաւունքներու խախտումը` «մեծութեան փառք»-ի մը երազին յանձնուելով: Տանիէլ Քոհն Պենտիթէն առաջ լրագրողներ եւ գիտնականներ խօսեցան Ռեճեփ Էրտողանի կամայականութիւն եւ մենատիրութիւն, նորատեսակ սուլթանական իշխանութիւն հաստատելու հետեւողական քայլերուն մասին: Բայց ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց գեղեցիկ եւ գեղահունչ տարազներու ետին թաքնուող աշխարհի տարբեր երկիրներու ղեկավարութիւնները, վախկոտութեամբ կամ պարզապէս առեւտրական շահերով առաջնորդուելով, թոյլ տուին եւ թոյլ կու տան, որ Ռեճեփ Էրտողան շարունակէ իր ընթացքը: Նաեւ` այն ընթացքը, որ իր նախորդներէն ժառանգած էր, «պասքիւլի քաղաքականութիւն»-ը, որուն վերջին արարին ժամանակակից վկաներն ենք: Արեւմտեան ժողովրդավարութիւններուն հակադրուելով, Թուրքիա դարպասեց եւ մօտեցաւ իր պատմական թշնամիին` Ռուսիոյ: Ռուսիան, որ, իր կարգին, զինք Եւրոպայէն հեռու պահելու արեւմտեաններու քաղաքականութեան հակադրուելով` կարելի դարձուց այդ մերձեցումը:
Տարի մը առաջ, 21 յունիս 2017-ին, լրագրողի մը հետ զրոյցի մը ընթացքին պատմաբան Համիտ Պոզարսլանը կը նկարագրէր Թուրքիան որպէս երկիր մը` յանձնուած իր ռէյիս-ին, իր պետ-ին կամայականութեան` հակառակ քիւրտերու ընդդիմութեան: Աւելի ուշագրաւ եւ մտահոգիչ էր այն, բայց որո՞ւ կամ որո՞նց համար, որ Համիտ Պոզարսլանը կ՛ամբաստանէր արեւմտեան ժողովրդավարութիւնը` անձնատուութեամբ, այսինքն մեծխօսիկ Արեւմուտքը լեզուն կուլ տուած է ցարդ իր պաշտպանած Թուրքիոյ ղեկավարին` Ռեճեփ Էրտողանին` հասարակաց արժէքները ուրացող յանդգնութեան դիմաց, չըսելու համար` ամբարտաւանութեան:
Այս տեղատուութիւնը առանց կռիւի պարտութիւն է:
Հարց պէտք է տալ, թէ ո՞վ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն ունի. ինքնիրեն ամէն բան թոյլ տուող Էրտողա՞նը, թէ՞ իր շահախնդրութիւններէն երբեք չհրաժարող Արեւմուտքը: Ի՞նչ է պատմութեան դասը:
Ոչ թէ կը մոռնանք հին համարուած անցեալը, այլ կամաւոր կուրութեամբ չենք տեսներ, ղեկավարներ չեն տեսներ անմիջական ներկան:
Թարմացնենք յիշողութիւնները եւ ըսենք, որ կամաւոր-ախտաւոր խլութիւնը արժէքներու պաշտպանութեան առաջնորդող ճիշդ քաղաքականութիւն չէ: Արդարեւ, 15 յուլիս 2016-ի «ձախողած» եւ լաւապէս «շահագործուած» զինուորական յեղաշրջումէն ի վեր քանդուած են բոլոր պատնէշները Էրտողանի կամայականութեան, փառասիրութեան, բռնատիրական եւ մոլեռանդական ախորժակներուն առջեւ: Թիւերը խօսուն են. 50.000 հոգի ձերբակալուած եւ բանտարկուած է, 100.000 հանրային սպասարկութիւններու պաշտօնեաներ հեռացուած են իրենց գործէն, թէեւ այս թիւերը իրականութեան բաղդատած` կրնան նուազ ըլլալ: Բանտարկուած են եւ դատարան յանձնուած են լրագրողներ, մտաւորականներ, որոնց շարքին` համալսարաններու դասախօսներ: Բոլորն ալ ամբաստանուած են Միացեալ Նահանգներ ապաստանած Ֆեթհիւլլահ Կիւլենի կազմակերպութեան կողմնակից ըլլալու մեղադրանքով: Ընդդիմադիր կամ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական քրտամէտ կուսակցութեան լրատուամիջոցներ փակուած են:
Այս լուրերը առատօրէն կը զբաղեցնեն արեւմտեան լրատուամիջոցները, հետեւաբար ոչ ոք կրնայ առարկել, որ տեղեակ չէ: Կը խօսին լրագրողները, մտաւորականները, բայց արեւմտեան քաղաքական ղեկավարութիւնը կը լռէ: Եւրոմիութեան ղեկավար շրջանակներէն մինչեւ անոր քսանեօթը անդամ երկիրներէն ոչ մէկը յանդգնեցաւ ըսել, որ պէտք է կասեցնել Էրտողանի սանձարձակ բռնապետական ընթացքը: Այդպէս ըրին Բ. Աշխարհամարտի նախօրեակին, երբ յաջորդական նահանջներով եւ ճապկումներով ուզեցին պատերազմը կանխել, յիշենք Միւնիխի վախկոտներու հաճոյակատարութիւնը, եւ ինկան աւելի մեծ աւերի մէջ: Այն ատեն ալ Անգլիոյ վարչապետը Միւնիխի անձնատուութիւնը յաղթանակ համարեց, բայց պատերազմը կանգնած էր դրան առջեւ:
Խաղաղութիւնը չի հաստատուիր անձնատուութիւններով, այլ` չարիքը կանխելու միտող հաւաքական կամքով:
Բ. Համաշխարհայինին նախորդող ամիսներուն պատմութիւնը կրնայ լուսաւորել այսօրուան առեւտրական հարցերով զբաղող եւ այդ մակարդակի վրայ մնացող ղեկավարներուն միտքերը: Անգլիոյ խորհրդարանին առջեւ, 5 սեպտեմբեր 1938-ին, երբ դաշնակից ֆրանսացիները եւ անգլիացիները խանդավառութեամբ դիմաւորած էին Միւնիխէն վերադարձող իրենց վարչապետները, քաղաքական իրաւ ղեկավարի ճառ մը խօսած է Չըրչիլ` քննադատելով զիջումներով խաղաղութիւն պաշտպանելու անհեռատես քաղաքականութիւնը:
Քաղաքական իրաւ ղեկավարը գիտէ, որ իրատեսութիւն եւ ճշմարտութիւն միշտ ալ հաշտ չեն ընթանար ամբոխի ակնկալութիւններուն եւ տրամաբանութեան հետ: Չըրչիլի խօսքը «դպրոց» պէտք է ըլլայ դիրքի վրայ գտնուող եւ հոն հասնելու ցանկութիւն ունեցողներուն համար:
Ուինսթըն Չըրչիլ ըսած է հետեւեալը. «…Պիտի սկսիմ` ըսելով ամէնէն աւելի անժողովրդական եւ ամէնէն անցանկալի բանը…այն, որ ամէն ոք պիտի ուզէր մոռնալ կամ չտեսնել ձեւանալ, բայց որ այնուամենայնիւ պէտք է յիշուի, գիտնալ, որ մենք շառաչուն եւ ամբողջական պարտութիւն մը կրեցինք, որ` Ֆրանսան անկէ շատ աւելի պիտի տառապի, քան` մենք»: Այս խօսքերը կ՛արժէ տեղափոխել Բ. Աշխարհամարտի պատմութեան մէջ եւ վերյիշել հետեւանքները:
Այսօր հանդուրժել Եւրոպայի եւ ռուսական ռազմավարական ծայրամասերուն ծնունդ առնող եւ արագօրէն ծաւալող բռնակալական, ազգայնամոլական եւ կայսերական երազանքներով թրքա-օսմանեան նոր ուժը, Միւնիխ երթալու վերաբերումով, աւելի լաւ ապագայ մը նախատեսել չի տար ո՛չ ժողովրդավար Եւրոպայի եւ ո՛չ ալ իր հզօրութիւնը վերականգնող Ռուսիոյ համար:
Օրին Ուինսթըն Չըրչիլ յայտնատեսութիւն ունեցած էր: Ղեկավար էր: Ո՛չ նաւթի եւ ո՛չ ալ զէնքի վաճառական:
Արեւմուտքը ընդհանրապէս, ներառելով Ամերիկան, նոր մեծ ժողովրդավարութիւնները` Հնդկաստանը եւ Չինաստանը, պիտի ունենա՞ն ապագայատես նոր Ուինսթըն Չըրչիլ մը®
Այս անգամ եթէ համաշխարհային պատերազմի զառանցանքը իրականութիւն դառնայ, առաջինը եւ երկրորդը խաղ եւ խաղալիք պիտի համարուին:
Թուրքիան վերապրելու համար իր պատմութեան հետ հաշուի պէտք է նստի, եւ եթէ աշխարհի միւս պետութիւնները խաղաղութեան եւ արդարութեան իրաւ ցանկացողներ են, Թուրքիան պէտք է բերեն արդարութեան, ճշմարտութեան եւ համախոհութեան սեղանին շուրջ:
Որպէսզի «շառաչուն եւ ամբողջական պարտութիւն մը» չկրէ այսօր, աւելի քան երբեք, արդարութեան եւ խաղաղութեան կարիք ունեցող մոլորակը:
Նոր Միւնիխ չգացող Ուինսթըն Չըրչիլ մը կը փնտռուի:
Եւ պայման չէ, որ փոքրերը սպասեն մեծերու տեսանելի եւ անտեսանելի խաղերու եզրայանգումը: Փոքրերը իրաւունք եւ պարտականութիւն ունին խօսելու եւ յիշեցնելու ճշմարտութիւնը, մարդու, ազգերու եւ մարդկութեան իրաւունքները:
Այլապէս կ՛իյնանք Սիկմունտ Ֆրէօյտի նկարագրած ինքնաքանդումի ախտավարակ վիճակին մէջ:
Միջազգային օրէնք մշակելը եւ հրապարակելը շատ լաւ են, բայց օրէնքը փուչիկ է, եթէ օրէնք մշակողները անոր չընկերացնեն գործադրութեան ուժը:
Միջազգային օրէնքը չի դատապարտեր պետութիւններու ղեկավարները, որոնց կամայականութեան պատճառով գրողներ եւ լրագրողներ կը փախչին իրենց երկրէն` խուսափելու համար սարսափէ եւ սպառնալիքէ:
Կը պատահի, որ տարիներու դատական հետապնդումներէ ետք պետութեան ղեկավարներ դատապարտուին Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց ատեանին հատուցում վճարելու` տարիներով բանտ մնացածներու:
Յետոյ ի՞նչ: Լռեցման գինը ինչպէ՞ս կը հատուցուի:
Այնպէս, ինչպէս` աշխարհի զանազան երկիրներու կողմէ մեզ խանդավառող եւ յուզող Ցեղասպանութեան ճանաչումները:
Ժամանակն է, որ վերջ տրուի գրող եւ լրագրող լռեցնելու չարիքին, ոճիրներու ուրացման, եւ ճշմարիտ բարոյականութիւնը վերականգնի:
Այլապէս միջազգային օրէնք եւ օրէնքներ կը դառնան ամբոխ զուարճացնող դատարկաբանութիւններ:
9 յուլիս 2018, Նուազի-լը-Կրան