Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նախագիծ ներկայացուած է: Օրինագիծը ներկայացուած է Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ Ճոն Սփելարի նախաձեռնութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Բրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբի դիմատետրեան էջը:
Օրինագիծը 10 դեկտեմբեր 2021-ին երկրորդ ընթերցումով պիտի ներկայացուի Համայնքներու պալատի քննարկման:
Բրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը ողջունած է այդ նախաձեռնութիւնը` նշելով, որ ատիկա պիտի արտօնէ սրբագրել Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեայ ժխտման անարդարութիւնը: