ԼԻԶՊՈՆ
Մեծանուն ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեան Ուրբաթ, 19 Յուլիսին եւ Շաբաթ, 20 Յուլիսին բազմակողմանի ծրագիրով ոգեկոչուած է Լիզպոնի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս տարի կը նշուի անոր ծննդեան 150-ամեակը եւ այդ շրջանակին մէջ կեանքի կը կոչուին զանազան ծրագրեր ու կը կազմակերպուին ձեռնարկներ, որոնք առիթ կը հանդիսանան մեծանուն Հայուն թողած աւանդին ու ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ մարմնաւորած կերպարին լաւագոյնս արժեւորման։
Հարկ է նշել, որ արդէն ամէն տարի Գալուստ Կիւլպէնկեան, 19 Յուլիսին կ՚ոգեկոչուի Լիզպոնի մէջ։ Սակայն, այս տարուան ոգեկոչումները բոլորովին տարբեր տարողութիւն մը ունեցած են՝ 150-ամեակին բերումով։ Այս առթիւ, Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կեդրոնական համալիրին մէջ տեղի ունեցած են զանազան արարողութիւններ, որոնց իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Հայց Առաքելական եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան։
19 Յուլիսի առաւօտուն «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կեդրոնական համալիրին մէջ զետեղուած արձանին շուրջ տեղի ունեցած է ոգեկոչման ծրագրին առաջին փուլը։ Այսպէս, Հիմնարկութեան Հոգաբարձութեան նախագահ Իզապէլ Մոթա եւ միւս վարչայինները, ինչպէս նաեւ պաշտօնէութիւնը խոնարհելով Գալուստ Կիւլպէնկեանի արձանին առջեւ՝ ծաղիկներ զետեղած են։ Ներկայ եղած են նաեւ Հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան եւ իր գործակիցները։ Բնականաբար, ամբողջ ծրագրին մասնակցութիւն բերած է նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի շառաւիղը՝ Մարթին Էսաեան, որ Հիմնարկութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ է։
Ոգեկոչման ծրագիրը աւելի վերջ շարունակուած է Ֆաթիմայի Սուրբ Աստուածամօր կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, ուր մատուցուած է պատարագ եւ կատարուած՝ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Լիզպոնի այս կարեւոր սրբավայրին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան նախագահած է տեղւոյն պատրիարքը՝ Մանուէլ Քլեմենթ։ Ներկայ եղած է նաեւ Խաժակ արք., որ աղօթած է Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան անդարձ բաժնուած բոլոր վարիչներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին, «Կիւլպէնկեան» համոյթը հանդէս եկած է Հայրապետական մաղթանքի երգեցողութեամբ։
Օրուան երկրորդ կէսին ոգեկոչման ծրագիրը շարունակուած է Հիմնարկութեան կեդրոնական համալիրին մէջ։ Ներկայացուած է Գալուստ Կիւլպէնկեանի՝ իր թոռան ղրկած նամակները ամփոփող եզակի գիրքը, որ լոյս տեսած է յոբելինական այս տարուան առթիւ։ Գինեձօնի ընթացքին զանազան ատենախօսներ մեկնաբանած են գիրքին բովանդակութիւնը եւ անոր լոյսին տակ վեր առած են Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքին ու գործունէութեան զանազան երեսակները։
Գիրքի ներկայացումէն վերջ, Հիմնարկութեան կեդրոնական համալիրի մեծ ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցած է «Կիւլպէնկեան» մրցանակի յանձնումի արարողութիւնը, մասնակցութեամբ Փորթուկալի նախագահ Մարսելօ Ռեպելօ տէ Սուզայի, որ ելոյթ ունեցած է։ Մրցանակաբաշխութեան արարողութենէն վերջ «Կիւլպէնկեան» համոյթը տուած է համերգ մը։ Հուսկ, սարքուած է ընդունելութիւն մը։
Քաղուած՝ «Ժամանակ»-էն ■