ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ նախագահեց Գաղթականներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի ժողովին, որուն ներկայ գտնուեցան գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին, Գաղթականներու սնտուկի ընդհանուր տնօրէն Նիքոլա Հապըր, գաղթականներու հարցերու նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ահմետ Օսման, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի զեկուցաբեր Հիւսէյն Ժաշի եւ անդամներ Էտկար Թրապուլսի, Մարք Տաու եւ Հատի Ապուլ Հըսըն:
Ժողովէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ յանձնախումբը լսեց Շարաֆէտտինի ներկայացումը` նախարարութեան պարզած իրավիճակին մասին:
«Շարաֆէտտին յայտնեց, որ նախարարութեան տրամադրուած պիւտճէն ծիծաղելի է` աւելցնելով, որ տոլարի փոխարժէքին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկումը պատճառ դարձած է որոշուած հատուցումներուն արժեզրկման:
«Նախարարի պաշտօնակատարը նշեց, որ ան պատկերացում մը ունի գաղթականներու հարցերու նախարարութիւնը վերածելու գիւղերու բարգաւաճման նախարարութեան, երբ գաղթականներու թղթածրարը ամբողջութեամբ փակուի եւ անիկա պէտք է փակուի: Շարաֆէտտին յանձնախումբին հետ քննարկեց նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը` ընդգծելով, որ անոնց ապահով եւ արժանապատիւ տունդարձը ապահովելու ջանքերը կը շարունակուին` սուրիական կողմին, դեսպաններուն եւ միջազգային նուիրատու երկիրներուն հետ:
Յանձնախումբի անդամները Շարաֆէտտինի, Գաղթականներու սնտուկի ընդհանուր տնօրէնին եւ նախագահին հետ քննարկեցին այն միջոցները, որոնք կարելի է որդեգրել` ամբողջացնելու համար հաշտութիւնները, աշխատելու անոնց ուղղութեամբ եւ ճիգ չխնայելու` իրականացնելու համար զանոնք:
Յանձնախումբը միաձայնութեամբ շեշտեց հատուցումները կատարելու եւ կարելի եղածին չափ գործելու կարեւորութիւնը` փակելու համար գաղթականներու թղթածրարները», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: