Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի գիտական շաբաթը շատ յաջող անցաւ հակառակ պսակաւոր Ժահրի իրարանցումին։
Աշակերտները անհամբեր կը սպասէին եւ իրենց ուսուցչուհիներուն հետ միասին ի մտի ունէին իրենց պատրաստելիք աշխատանքները։ Ամէն դասարան անցաւ լուրջ աշխատանքի։ Բոլոր Նիւթերը դաստիարակչական էին։ Խանդավառ էին աշակերտները, ծնողները եւ ուսուցչական կազմը։ Նախորդ տարիներուն նման այցելուներ չկրցանք ունենալ։ Հակառակ շատ մը խոչընդոտներու, դպրոցին սրահը շատ գեղեցիկ շտկուեցաւ եւ ամէն մէկ դասարանի պատրաստածը զետեղուեցաւ առանձին սեղաններու վրայ։ Իւրաքանչիւր գործ յայտնի էր որ խոր մտածումով եւ լուրջ աշխատանքով պատրաստուած էր։
Մանկամսուրի փոքրիկները շատ գեղեցիկ ձեւով ներկայա-
ցուցին «Արեգակնային Դրութիւնը»։ Ծաղիկ դասարանը՝ «Ընկղմիլ կամ Ծփալ», առաջին դասարանը՝ «Էութիւն»,
երկրորդ դասարանը՝ «Բնավայր», երրորդ դասարանը՝
«Արեգակնային Դրութիւն», չորրորդ դասարանը՝ «Կենդանիներու Դասաւորում», հինգերորդ դասարանը «Հիւլէ եւ
Մասնիկներ», վեցերորդ դասարանը՝ «Օդի Վիճակ»։
Շնորհակալութիւն մեր շատ սիրելի Տնօրէնուհի՝
Տիկին Սեդա Մկրեանին եւ իր աջ բազուկին՝ Տիկին Մարօ Ժամկոչեանին։ Մասնաւոր շնորհակալութիւններ նաեւ մեր սիրելի ծնողներուն եւ դասատուներուն, որոնք խանդավառելով փոքրիկները այսպիսի յաջող Գիտական Շաբաթ մը պատրաստեցին։
Վարձքերնիդ կատար՛։