«Քորոնա» ժահրին ստեղծած իրավիճակին պատճառով 2 տարի ակամայ դադար առնելէ ետք, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը այս շաբաթավերջին` 19 եւ 20 նոյեմբերին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հանրութեան պիտի ներկայացնէ Ժան-Փիեր Մարթինեզի «Վտանգաւոր, բայց… կայուն» զաւեշտական թատերախաղը` բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:
Քանի մը ամսուան փորձերը արդէն իսկ այս վերջին շաբաթներուն օրական բնոյթ ստացած են, եւ քանի մը օր ետք արդէն իսկ հանդիսատեսը պիտի տեսնէ բեմադրիչին, դերասաններուն եւ վարչութեան կողմէ ի գործ դրուած ճիգերուն արդիւնքը: Վստահ ենք, որ հանդիսատեսին քաջալերանքն ու ներկայութիւնը թափ պիտի տան թատերական կեանքի վերաշխուժացման: