ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին, զոր մատուցեց եւ անոր ընթացքին քարոզեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը։
Ան դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի Ծնունդը շնորհ է՝ արժեւորելու մարդկային կեանքը, նոր սկիզբի նախաձեռնելու, նոր ճանապարհ բանալու դէպի աստուածաճանաչողութիւն, դէպի Աստուծոյ որդեգրութիւն, որովհետեւ Քրիստոսի Ծնունդը անզուգական սիրոյ, անսահման մարդասիրութեան վկայութիւն է: «Քրիստոսով հալչում են մեղքերը, փարատւում են յուսահատութիւնները, վախը դառնում է քաջալերութիւն, թշնամանքը՝ եղբայրասիրութիւն, բանսարկութիւնն ու զրպարտութիւնը՝ ուղղամտութիւն ու ճշմարտախօսութիւն, եւ դժուարութիւնների ու վշտերի մէջ ծագում է Սուրբ Ծննդեան լոյսը՝ բերելով նոր աշխարհի, նոր կեանքի յոյսն ու տեսլականը», ըսաւ կաթողիկոսը:
Գարեգին կաթողիկոսը նաեւ անդրադարձաւ մերօրեայ բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն՝ դիտել տալով. «Մենք ամուր պիտի մնանք ի Քրիստոս մեր հաւատքի մէջ, վերարժեւորելով մեր անցեալը, ընտրելով նորոգութիւնն ու որդեգրութիւնը: Մենք՝ իբրեւ քրիստոնեայ ժողովուրդ, Քրիստոսի Ծննդեան շնորհառատ այս օրը վերստին ամրապնդւում ենք հաստատակամութեամբ, որ առաւել վճռական պիտի լինենք քրիստոնէական մեր ինքնութեան վկայութեան մէջ, ազգային մեր կեանքը կառուցենք սիրոյ, համերաշխութեան հիմերի վրայ, միաբանուած լինենք մեր հոգեւոր արժէքներով, մեր հաւատքով, մեր սրբազան հայրենիքի, մեր Սուրբ եկեղեցու շուրջ: Քրիստոս Իր Սուրբ Ծնունդով ուղենշեց միմեանց ու Աստծոյ հետ միաւորուած մնալու մեր ճանապարհը: Ընթանանք այդ ճանապարհով՝ նորոգ բարեզարդելով մեր կեանքը, կեանքը մեր հայրենիքի ու մեր ժողովրդի»:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը նաեւ յիշեց Միջին Արեւելքի ժողովուրդը. «Հայցենք միասնաբար, որ նորոգութեան երկնային պարգեւները բարեփոխեն աշխարհը համայն, բարօրութեամբ շէնանայ ժողովուրդների ու պետութիւնների կեանքը, եւ Աստծոյ Սուրբ Աջի պահպանութիւնը միշտ հովանի լինի մեր հայրենիքին, հայրենեաց մեր հերոս պաշտպաններին, Մերձաւոր Արեւելքում եւ այլուր դժուարութիւնների դիմագրաւող մեր քոյրերին ու եղբայրներին, աշխարհասփիւռ մեր ողջ ժողովրդին», եզրափակեց կաթողիկոսը։