Անուշ Նագգաշեան
Գարուն էր, գարուն…
Դեռ նոր կը բացուէր գարունն ալ կեանքիս…։
…Եւ այդ Գարնան հետ՝ յայտնուեցար դուն…
Ծաղիկներուն հետ բացուեցար ինծի…
Նոր երանգ տուիր կեանքիս պարտէզին…
Ցանեցիր սիրոյ հունտերն առաջին…
Նոր երգ երգեցին թռչուններն իմ…։
Ես գարուն բուրող սէրն իմ սիրեցի…
Այդպիսի Գարուն չունեցայ կրկին…
Որքա՜ն գարուններ անցեր են արդէն…
Որքա՜ն գարուններ դարձեր են ձմեռ…
Եւ ես հասկցայ, որ բնութիւնը
իր երգը ունի, կեանքն՝ իր երթը,
Ամէն եղանակ ի՛ր սիրոյ նօթը…
Իսկ ամէն մէկ սէր՝ իր երգն ու վէրքը…
ՈՐՔԱ ՜ն ԳԵՂԵՑԻԿ, ՈՐՔԱ՜ն ԻՄԱՍՏՈՒՆ
ԳԱՐՈՒՆ Է ՆՈՐԷՆ… ՁԻՒՆԱԱԽԱՌՆ ԳԱՐՈՒՆ…։