«ԱԶԴԱԿ».- Հետաքրքարական էր գիտնալ, որ Լիբանանի արուեստագէտներու սենտիքայի վարչութեան անդամ ընտրուած էք` պատմութեան մէջ առաջին հայը ըլլալով: Խնդրեմ` ըսէ՛ք, թէ ինչպէ՞ս եղաւ այս ընտրութիւնը:
ՄԱՐԱԼ ՄԱՆԻՍ.- Լիբանանցի նկարիչներու եւ քանդակագործներու սենտիքան հիմնուած է 2002-ին, եւ ընդհանրապէս անոր վարչութիւնը բաղկացած կ՛ըլլայ 12 անդամներէ:
2008-ին մշակոյթի նախարարութիւնը վաւերացուց այս սենտիքան եւ զայն դարձուց պաշտօնական, որովհետեւ այս սենտիքային նպատակը արուեստագէտներուն իրաւունքները պաշտպանել եւ անոնց բազմատեսակ դիւրութիւններ ու օգնութիւններ տրամադրելն է, որոնց կարգին է ապահովագրութիւնը, որեւէ հարցի լուծում գտնելը եւ այլն: Որոշ տարիքէ ետք անոնք պետական ապահովագրական սնտուկի անդամ կը դառնան եւ այնուհետեւ ամսական կը գանձեն: Գեղարուեստի արուեստագէտներու սենտիքան միացած է միւս արուեստի սենտիքաներուն: Այս սենտիքային անդամ ըլլալու համար անհատը պէտք է ունենայ ուսման մագիստրոսական աստիճան կամ ըլլայ շրջանաւարտ մը` որեւէ արուեստի հիմնարկէ մը, որուն վկայականները կը վաւերացուին կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւններուն կողմէ:
4 տարին անգամ մը տեղի կ՛ունենան սենտիքայի ընտրութիւնները, որոնց թեկնածու ըլլալու առաջարկ կը ներկայացուի տարբեր արուեստագէտներու, որոնց կարգին այս տարի առաջարկ եղաւ նաեւ ինծի: Ըսեմ նաեւ, որ վարչութեան անդամ ըլլալու համար մէկը պէտք է 6 տարի շարունակ սենտիքայի անդամ եղած ըլլայ: Այս տարուան ընտրութիւնները տեղի ունեցան 1 նոյեմբեր 2021-ին, կազմը կը բաղկանայ 12 անդամներէ, որոնց կարգին ես ալ ընտրուեցայ: Սենտիքային նախագահն է դոկտոր Նիզար Տահեր:
Մեր առաջին նիստէն ետք իւրաքանչիւր անդամ պիտի ստանձնէ իր պարտականութիւնը, եւ միասնաբար պիտի այցելենք մշակոյթի նախարարին, որպէսզի ան պաշտօնապէս ծանօթանայ նոր վարչութեան:
Ուրախութիւն եւ նոյն ատեն հպարտութիւն է, որ լիբանանեան պատմութեան մէջ այս սենտիքայի վարչութեան մաս կազմող առաջին հայուհին եմ: Յոյսով եմ, որ արուեստագէներու եւ ի մասնաւորի հայ արուեստագէտներու լսելի ձայնը կը դառնամ: Այս առիթով, «Ազդակ»-ի միջոցով կ՛ուզեմ խօսքս ուղղել մագիստրոսական աստիճան ունեցող բոլոր արուեստագէտներուն, որպէսզի անոնք դիմեն մեզի եւ անդամակցին սենտիքային, որովհետեւ ուշ կամ կանուխ անոնք պիտի օգտուին ատկէ:
«ԱԶԴԱԿ».- 19 նոյեմբերին արուեստասէր հանրութեան պիտի ներկայանաք ձեր արուեստի գործերով` երկար բացակայութենէ ետք: Այս մասին, խնդրեմ, մանրամասնութիւններ յայտնեցէք` վայր, ժամ, նպատակ, ցուցադրուելիք գործերու թեմա, ցուցահանդէսի տեւողութիւն եւ այլն:
ՄԱՐԱԼ ՄԱՆԻՍ.- Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ 4 օր` 19-24 նոյեմբեր: Այնտեղ պիտի ներկայացնեմ 3 քանդակ եւ աւելի քան 25 գծագրութիւններ: Նաւահանգիստի պայթումէն ետք ասիկա իմ առաջին ցուցահանդէսս է: Այս ցուցահանդէսին, իմ գոյներովս պիտի ներկայացնեմ` նաւահանգիստի պայթումը, վախը, լարուածութիւնը, տիրող քաոսային իրավիճակը, ցաւալի դէպքերն ու զգացումները, զորս մինչ օրս կ՛ապրինք:
Այս աշխատանքներուն համար իմ գործածած գոյներս եղան հողի եւ ցորենի գոյները, պայթումին մօտ եղող ցորենի պահեստանոցին պատճառով: Պատրաստած եմ 2 մեթր երկարութեամբ գծագրութիւն մը, որտեղ ներկայացուած են այս բոլորը, զորս կ’ուզեմ անակնկալ պահել օրուան եւ այցելուներուն համար:
Այս առիթով կ՛ուզեմ հրաւիրել հանրութիւնը ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ Ժըմէյզիի «292 Ռմէյլ 393» ցուցասրահին մէջ:
Արուեստով պէտք է զարգանալ ու հոգին կրթել, որովհետեւ առանց արուեստի` ժողովուրդը պատմութիւն չունի: