ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Յառաջիկայ օրերուն, հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ. ռուս սահմանապահներ պիտի տեղակայուին, եւ անկէ ետք Հայաստանի ու Ատրպէյճանի զինուած ուժերը պիտի քաշուին սահմանագիծէն: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց Գեղարքունիքի մարզպետ Գնել Սանոսեան:
«Աշխատանքներ են գնում ռուս գործընկերների տեղակայման հետ կապուած, ընթացքի մէջ է, կը կարգաւորուի: Եռակողմ բանակցութիւններ են, որին զուգընթաց նաեւ գործընթաց է գնում», նշեց ան:
Ըստ Մարզպետին՝ տեղերու ճշդման գործընթացը պիտի աւարտի, եւ մօտիկ ապագային ռուս սահմանապահներ պիտի տեղակայուին, մինչ երկու երկիրներուն ուժերը պիտի հեռանան։
Այս գծով Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ըսաւ, որ յաւելեալ պարզաբանում չունի. «Միայն այն է, ինչ մարզպետն ասել է»:
Նշենք, որ Հայաստանի տարածքներուն՝ Սիւնիքի ու Գեղարքունիքի, ուղղութիւններով ներթափանցումէ ետք Հայաստանի վարչապետը առաջարկեց զօրքերը ետ քաշել սահմանէն եւ այնտեղ միջազգային դիտորդներ տեղակայել:
Նախորդող օրերուն ալ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարները հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննարկեցին սահմանին ռուս սահմանապահներու տեղակայման հարցը, սակայն ռուս սահմանապահներու տեղակայման կամ թիւին մասին այլ մանրամասնութիւններ չտրուեցան։
Յայտնի է, որ ռուս սահմանապահները պատերազմէն ետք տեղակայուեցան Սիւնիքի մէջ, աւելի՛ն` վերջերս կառավարութիւնը մարզի որոշ համայնքներու կարգ մը գիւղերու հողամասեր անհատոյց յատկացուց Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան Հայաստանի մէջ տեղակայուած սահմանապահ վարչութեան: