Հարցազրոյցը վարեց՝ Շաքէ Մանկասարեան
Ո՞վ է Սեւան Թիւթիւնճեան –Տէրմենճեան:
Ծնած եմ Հալէպ: Ուսումս ստացած եմ Ազգային Հայկազեան Նախակրթարանին, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին, ապա շարունակած եմ Հալէպի և Լաթաքիոյ Պետական համալսարաններուն մէջ եւ աւարտած Անգլերէն Գրականութեան ճիւղը:
2004-ին, Ամուսնացած եմ Հարօ Տէրմենճեանին հետ, Լաթաքիա, եւ բախտաւորուած ենք 2 մանչ զաւակներով՝ Աւետ և Նարեկ : 2019 ամռան հաստատուեցանք Երեւան:
Խօսինք ծաղիկներ պատրաստելու եւ զարդարելու ստեղծագործական ձեր աշխատանքին մասին, ի՞նչպէս սկսաւ այս բոլորը:
Զարդարելը կամ ծաղիկներով ձեւաւորելը իմ նախասիրած ձիրքերէս է, որ մէջս արթնցաւ երբ զաւակներս սկսան Լաթաքիոյ Ազգային Նահատակաց մանկապարտէզը յաճախել, ուր տօնական օրերուն կամաւոր զարդարեցի հանդէսին բեմը, ինչպէս նաեւ՝ ակումբին մէջ միութիւններու առիթները։
Դուք արդէն ձեռք բերած էք տարիներու փորձառութիւն մը եւ ունեցած էք ձեր ներդրումը կամաւոր գործունէութիւն ծաւալելով միութենական շրջանակներէն ներս Սուրիոյ մէջ, իսկ Երեւան հաստատուելէն ետք, ի՞նչպէս շարունակեցիք նոր միջավայրին մէջ կիրարկել ձեր փայփայած ձիրքն ու փորձառութիւնը:
Այո, տասը տարիներ շարունակ ունեցայ մեծ փորձառութիւն։ Երբ 2019 ամռան հաստատուեցանք Երեւան, որոշեցի ձիրքս վերածել մասնագիտութեան։
Իսկ ի՞նչպէս զարգացաւ ձեր նախասիրութիւնը որպէս մասնագիտութիւն :
Անցնող մէկ տարին, կրնամ ըսել հետաքրքրական տարի մը եղաւ ինծի համար, այն առումով, որ ես հետեւեցայ Երեւանի հանրածանօթ ծաղկասրահ “Anyrose”ի բնական ծաղիկներու ձեւաւորման դասընթացքներուն՝ տաղանդաւոր ֆլորիսթ Տիկին Յասմիկ Թաշճեանի ղեկավարութեամբ, որմէ ետք, ճամբորդեցի Մոսկուա եւ Սէնթ Փեթրսպուրկ, ստացայ երկու վկայականներ ամենայայտնի զարդարանքի տեքորաթիվ արուեստական ծաղիկներու տիզայնըրներու եւ ոճային տեքորիստներու կողմէ։
Եւ դուք հիմնեցիք “Sevannie-handmade” ծաղկեսրահը, ի՞նչպիսի ծառայութիւններ կը մատուցէք, եւ ընդհանրապէս ի՞նչ է Sevannie-handmade” ծաղկասրահի գործունէութիւնը, խնդրեմ մանրամասնութիւնները:
Այո՛, շատ ուրախ եմ “Sevannie-handmade”ի հիմնադիր դառնալուս համար:
Ծաղիկներ պատրաստելու աշխատանքը սկսայ Փետրուար 2020-ին, հրապարակելով իմ գործերը առցանց եւ սկսայ ծառայութիւններ մատուցել յայտնի հայկական տիզայնըրներու: Սկսայ հագուստի ցուցասրահները զարդարել մետաքսեայ ծաղիկներով՝ ներդաշնակ հագուստներու երանգներուն, նաեւ մանկական եւ կանացի հագուստներու ցուցադրութեան նկարահանումներ իրականացնել իմ պատրաստած ծաղիկներովս բնութեան վայրերուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ այլ տօնախմբութիւննրու, որոնց մէջ նկատի ունիմ նաեւ ծննդեան տօները։
Փաստօրէն, ձեր ձեռային աշխատանքին արդիւնքն է այդ նկարահանումներուն ցուցադրուած ծաղիկներու ընտրանին, հիանալի …իսկ դուք ունի՞ք պատուէրով սպասարկումներ:
Այո՛, ես կը պատրաստեմ ձեռքի աշխատանքով ստեղծագործուած տեսակաւոր ծաղիկներ տարբեր նիւթերով եւ յանձն կ’առնեմ զարդարանքները կեանքի ամէնակարեւոր միջոցառումներուն եւ իրադարձութիւններուն՝ շքեղ եւ իւրայատուկ ոճով, ինչպէս նաեւ ունիմ պատուէրով սպասարկութիւն հարսանեկան նորաձեւ գլխազարդերու եւ կրծքազարդերու։
Ծաղիկներ ձեւաւորելու եւ անոնց ոճային հմայք տալու ստեղծագործական ամենօրեայ ձեր աշխատանքին մէջ, դուք ոչ միայն կ’ապրիք հեքիաթային աշխարհ մը, այլեւ ճիգ չէք խնայեր խայտաբղէտ մետաքսեայ ծաղիկներու ընդմէջէն քնքշութիւն տարածելու ամենուրէք :
Այո, իսկապէս այդպէս է: Ծաղիկները բնութեան հրաշալիքներն են, կեանքը գունաւորող էակները: Անոնց կախարդիչ շնորհքը գեղեցկութիւնն է, որոնք կ’ուղեկցին մեզի մեր կեանքի մէջ նուիրելով ուրախութիւն՝ մարմնաւորելով սէր եւ ուշադրութիւն, արտայայտելով դրական բարձր տրամադրութիւն։
Հրապուրուելով ծաղիկներու բազմատեսակ գեղեցկութենէն, զիս միշտ կը ոգեշնչեն ստեղծագործելու հեքիաթային եւ եթերային աշխարհ ։
Բոլորս անկասկած, բնութեան ամենագեղեցիկը կ’ուզենք վայելել եւ ունենալ մեր շրջապատին մէջ, ի՞նչպէս կը բնութագրես “Sevannie-handmade” ծաղկասրահիդ համար ծաղիկներ ստեղծելու ժամերդ:
Կեանքը սորվեցուց ինծի ինքնակատարելագործման երեք պայմաններ՝ միշտ սորվիլ, երազել եւ ստեղծագործել ։
Ծաղիկներ ստեղծելու ոլորտը իմ սէրն է եւ իմ ոճը, ուր ամէն տեսակ ծաղիկի մանրամասութեան մէջ հոգատարութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կը փոխանցեմ իմ սէրս կեանքի ու բնութեան հանդէպ: Այսպիսով ես կ’ուղուիմ դէպի գունաւոր խաղաղ ներաշխարհ, ուր կը վայելեմ երջանկութիւն, հանգստութիւն եւ լաւատեսութիւն ու ստեղծագործելով կը հրաւիրեմ բոլորը դէպի հսկայ բնութեան աշխարհ։
Իսկ հայրենի՞քը
Չքնաղ հայրենիքս ինծի պարգեւեց այս շնորհալի առիթը իրականացնելու երազներուս մէկ մասը՝ նախագծելով դէպի ծաղկաւէտ գունաւոր ճանապարհ. հաւատալով Աստուծոյ կամքին եւ սեփական ուժերուս … յուսալով որ կը հասնիմ վերելքի ։
Սիրելի Սեւան
Խալիլ Ճըպրանի խօսքերը քեզ նուիրելով ՝
Trust in dreams, for in them is hidden the gate to eternity Khalil Gebran
Վստահիր քու երազներուդ, քանզի անոնց մէջ թաքնուած է դարպասը յաւերժութեան: Խալիլ Ճըպրան
Հարցազրոյցը վարեց՝ Շաքէ Մանկասարեան
Կապ ստեղծելու համար
Բջիջային Mobile:( +374 98 132429, 098 132429 Yerevan
Facebook: Sevannie https://www.facebook.com/sevannie.handmade/