Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Հանդիպումը առիթ էր խորհրդակցելու լիբանանահայութեան ապրած ծանր պայմաններուն մէջ հայ մամուլի տարած աշխատանքներուն մասին:
Գերապայծառ Ասատուրեան բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի աշխատանքը եւ հայ յարանուանութիւններուն նախաձեռնած ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն մնայուն եւ արագ արձագանգելու թերթին քաղաքականութիւնը: