ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- 12 Ապրիլին, ռազմագերիներու եւ անհետ կորսուած զինուորներուն ծնողները հանդիպում ունեցան Նիկոլ Փաշինեանի հետ: «Վարչապետի հետ խօսել են գերիների վերադարձի հարցի մասին: Պատասխանը գոհացուցիչ չի եղել բացարձակ: Պատասխանել է, որ 70 գերի կայ ու վերջ», «Փաստինֆօ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ հանդիպման ներկայ ծնողներէն մէկը:
«Փաստինֆօ»ն նաեւ կը յայտնէ, թէ, պաշտօնական տուեալներով, հայկական կողմը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան ուղարկած է 249 անձերու վերաբերեալ դիմումներ: Անոնցմէ 229ը դատարանին կողմէ բաւարարուած էր: Կան մարդիկ, որոնք վերադարձուած են. մէկ մասին նկատմամբ կիրարկուած միջանկեալ միջոցները հանուած են դատարանին կողմէ:
Ընդհանուր առմամբ, Ատրպէյճանէն Հայաստան վերադարձուած են 64 գերիներ, որոնց կարգին՝ քաղաքացիներ: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչի գրասենեակէն յայտնած են, որ՝ նկատի ունենալով անցած ամիսներուն վերադարձածները, այժմ դատարանի ուշադրութեան առարկայ են 183 անձերու գործերը, որոնցմէ շատ քիչ թիւի մասին հաստատած է Ատրպէյճան:
«Սփութնիկ Արմէնիա»ի գրաւոր հարցումին պատասխանելով՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած էին, որ 31 Մարտի դրութեամբ, արցախեան վերջին պատերազմին ընթացքին հաշուըւած են 3049 զոհուած անձեր: Ոչ-պաշտօնական տուեալներու համաձայն՝ հայկական կողմի զոհերուն թիւը 4000ի կը հասնի:
Նշենք, որ Մարտի սկիզբը, Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի մարդասիրական արձագանգման կեդրոնին անհետ կորսուածներու հարցով դիմած էին շուրձ 2500 անձեր:
«Ինչ է ստացւում. իշխանութիւնները խաբում են եւ գերիների, եւ զոհերի թուի հարցում, որովհետեւ անհետ կորածները կամ զոհուած են կամ գերի, իսկ պաշտօնական ներկայացուած թուային տուեալները ամբողջական ճիշդ պատկերը չեն արտացոլում», կը գրէ «Փանորամա»ն:
Գերիներու հարցը շարունակեց բողոքի ալիք բարձրացնել նաեւ 13 Ապրիլին, երբ Շիրակի մարզէն գերի առնուած անձերուն ծնողները եւ հարազատները փակեցին մարզպետարանի մուտքերը եւ ելքերը:
«Մարզպետարանի մուտքն ու ելքը փակ կը մնայ, քանի դեռ վարչապետը, Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանի հետ չեն եկել ու մեզ պատասխան չեն տուել: Մենք շատ խիստ մեր իշխանութիւններին պարտադրում ենք մեր երեխաների վերադարձը:Մարզպետարանը փակ է եւ փակ կը մնայ այնքան ժամանակ, քանի դեռ մեր պահանջը չի կատարուել, եւ թող իշխանութիւնները իմանան` իրենք են գալու Գիւմրի, մենք չենք գնալու», լրագրողներու ըսին գերիներուն հարազատները:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ, բայց հարցադրումները յստակ պատասխան չստացան: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի մէջ ծառայող զինուորներէն մէկուն մայրը` ներկայացնելով նախագահական պալատին մէջ Նիկոլ Փաշինէանի հետ իրենց հանդիպումը:
Բողոքի այլ հաւաք մըն ալ կազմակերպեցին նաեւ ծնողները այն զինուորներուն, որոնք սահմանին վրայ կը ծառայեն, եւ որոնց նկատմամբ բացայայտ անտարբերութիւն կայ։