Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատերազմական գերիներու վերադարձը ռուսական կողմի առաջնահերթ խնդիրներէն է, որուն ուղղութեամբ աշխուժ աշխատանքներ կը տարուին: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին Գիւմրիի մէջ յայտարարած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին:
«Մասնաւորաբար աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի նախկին հրամանատար զօր. Ռուսթամ Մուրատովը, որ այժմ Հարաւային զինուորական շրջանի հրամանատարի տեղակալն է, սակայն կը շարունակէ աշխատիլ երկու կողմերուն մօտ իր ունեցած կապերով», ըսած է դեսպանը:
Ան նաեւ նշեց, որ ռուսական կողմի գերիներու հարցին վերաբերեալ դիրքորոշումը սկիզբէն եղած է «բոլորը բոլորին դիմաց» սկզբունքով փոխանակումը:
«Դժբախտաբար, ատիկա կարելի չեղաւ ընել այնքան դիւրին ու արագ, որքան պիտի ուզէինք, սակայն աշխատանքը կը շարունակուի: Մենք շատ լաւ կը հասկնանք խնդիրի ընկերային-հոգեբանական ամբողջ սրութիւնը, ատոր կարեւորութիւնը գերիներու ընտանիքներուն եւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող անձերուն համար», ըսած է Քոփիրքին` վստահեցնելով, որ Ռուսիան կարելին կ՛ընէ խնդիրի արագ լուծման ու խաղաղութեան հաստատման համար:
Ռուսիոյ դեսպանը յայտարարած է, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանի կացութիւնը լուծելու նպատակով ռուսական կողմը կը մասնակցի նաեւ սահմանազատման յանձնախումբի ստեղծման աշխատանքներուն: