Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի Հովանաւորութեամբ Բացումը Կատարուեցաւ Վերանորոգուած Կիլիկեան Ճեմարանին

February 12, 2018
in Newsletter, Գաղութահայ Կեանք, Զանազանք
0
Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի Հովանաւորութեամբ Բացումը Կատարուեցաւ Վերանորոգուած Կիլիկեան Ճեմարանին

Perio News- Երկուշաբթի, 22 յունուար 2018-ին, ժամը 11:00-ին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի նախագահութեամբ Կիլիկեան Ճեմարանէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր բացման արարողութիւն:
Վարժարանի մուտքին տեղի ունեցաւ ոչխարի զենում, ապա բացման արարողութիւն:
Կիլիկեան Ճեմարանը 5 տարի հրթիռակոծումներու թիրախ դառնալէ ետք վերանորոգուեցաւ եւ բացաւ իր դռները:
Օրդ. Մարալ Քիւփէլեան-Սնունուի բեմավարութեամբ ընթացք առաւ հանդիսութեան յայտագիրը: Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար աղօթելով բաց յայտարարելու ուսումնական այս տարեշրջանը:
Փառաբանութեան աղօթքէն ետք, Սրբազան Հօր ձեռամբ, քահանայից դասուն եւ աշակերտներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հացի, աղի եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն, ապա Սրբազան Հայրն ու քահանաները օծեցին Ճեմարանի վերանորոգուած շէնքը:
Մինչ ՀՄՄ-ի փողերախումբը նուգեց ՀՀ եւ Սուրիոյ քայլերգը:
Պատերազմէն ետք, Ճիտէյտիէ շրջանին մէջ կեանքի կոչուեցաւ առաջին հայկական վարժարանը վերստին համախմբելով իր բոլոր աշակերտները:
Կիլիկեան Ճեմարանի վերանորոգուած շէնքի պաշտօնական բացման ներկայ էին Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի կողքին, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեանը, Պետական Կրթական տնօրէնութեան փոխտնօրէնուհի Րաշա Աշճին, քահանայ հայրեր, հայ Կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Արժ. Տէր Կոմիտաս քահանայ Տատաղլեանը, Ազգ. Վարչութեան, Կիլիկեան Ճեմարանի Խնամակալութեան ներկայացուցիչները, Ճեմարանի տնօրէնը, պետական տնօրէնուհին, ուսուցչական կազմն ու վարչական պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ բարեսիրական, մարզական, մշակութային միութիւններու անդամներ եւ հոծ բազմութիւն:
Բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Կիլիկեան Ճեմարանի տնօրէն՝ տիար Աբրահամ Զուպրիկեան եւ ճեմարանի խնամակալութեան ներկայացուցիչ Վարուժան Սուլահեանը:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Պետական Կրթական տնօրէնութեան փոխտնօրէնուհի Րաշա Աշճի:
Տեղի ունեցաւ գեղարուեսատական կոկիկ յայտագիր մը:
Արդարեւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանը փառք տուաւ Ամենակալին՝ Աստուծոյ, որ այս օրուան արժանի դարձուց բոլորս, ներկայ գտնուելու Կիլիկեան Ճեմարանի բացման հանդիսութեան, շնորհաւորելով ներկաները ու խոր զգացումներով տուաւ իր սրտի խօսքը:
Ապա կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով
Նշենք, թէ հանդիսութեան աւարտին Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան Կիլիկեան Ճեմարանի յուշամատեանին մէջ իր գրառումները կատարեց:

Previous Post

George W. Bush: Dupe or Deceiver?

Next Post

A National Defense Strategy of Sowing Global Chaos

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.