Մամլո դիւան
Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2015-ին, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան, հրաւէրովը Անկլիգան Եկեղեցւոյ Մոնթրէալի Եպիսկոպոս Գերշ. Պարրի Պ. Գլարքի, մասնակցեցաւ Նիակարայ Ֆօլզի մէջ գումարուած Գանատայի Անկլիգան Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Տան համագումարին եւ այդ առիթով հրաւիրուեցաւ բանախօսութիւն մը ներկայացնելու:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքերը կեդրոնացուց Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին վրայ եւ անոր հետեւանքներուն կարեւորութեան վրայ արդի աշխարհարին վերաբերեալ: Սրբազան Հայրը հաղորդեց թէ 20-րդ Դարը գիւտարարութեան դարն էր, թէեւ մարդկային ուղեղին մէջ ծնած բոլոր գաղափարները չ’օգնեցին որ այս աշխարհը՝ ապրողներու համար աւելի հաճելի վայր մը դառնար: Քսաներորդ դարու այսպիսի նորածին «գիւտ» մը եղաւ ցեղասպանութեան ոճիրը, որ գործադրուեցաւ հայերու վրայ, միակ նպատակ ունենալով հայոց ինքնութեան ամբողջական բնաջնջումը:
Սրբազան Հայրը բաժնեկից ըրաւ գանատական Անկլիգան Եպիսկոպոսները Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի իղձերուն եւ յոյսերուն զորս ան արտայայտեց Կիրակի, Ապրիլ 12, 2015-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքի մէջ տուած պատգամին եւ ըսաւ որ այս տարուան 23 Ապրիլին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, մասնակից քոյր եկեղեցիներու աղոթքներով ու բարձրաստիճան հիւրերով եւ աշխարհասփիւռ հազարաւոր հաւատացեալներով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ պիտի սրբադասուին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը: