Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ- ՊԱՅՔԱՐ 143
Հայկական Հարցի հետապնդման ուսումնասիրութեան մէջ, ոչ միայն ժամանակագրական կարգը պահպանելու համար, այլ նաեւ հայկական ազատագրական շարժման կարեւորութիւնը ընդգծելու միտումով, Գերսամ Ահարոնեան իր հեղինակած արաբերէն գրքին՝ «Հայկական Դատը Արաբական Հանրային Կարծիքին Առջեւ» (Պէյրութ, 1965, 78 էջ) խորագրեալ, առաջին գլուխին մէջ իսկ կը բացատրէ անոր զանազան երեսները եւ ամփոփ կերպով պատմականը կ’ընէ: Սոյն արաբերէն գիրքը հեղինակին «Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ» աշխատութեան թարգմանութեան ամփոփումն է:
Հայկական Հարցը կը ծագի (Հայկական հարցի ծագման թուականին մասին ցարդ պատմագիտութեան մէջ յստակ դիրքորոշում չկայ: Ասոր պատճառը «Հայկական հարց» հասկացութեան բազմաթիւ սահմանումներն են- Յ. Ի.) այն թուականին երբ հայ ժողովուրդը իր ազատութիւնն ու պետականութիւնը կորսնցուց՝ Մոնկոլները յարձակեցան ու տապալեցին Զաքարեան եղբայրներու իշխանութիւնը 1236ին: Անկէ մէկ ու կէս դար ետք, Մեմլուքները յարձակեցան Կիլիկիոյ վրայ եւ տեղւոյն հայկական Ռուբինեան թագաւորութիւնը Սիսի անկումով 1375-ին իր վախճանին հասաւ, կ’ըսէ հեղինակը:
Վերոյիշեալ դէպքերէն շատ աւելի ետք՝ 17-րդ դարուն ազատատենչ նուիրեալ հայեր Սիւնիքի մէջ յաջողեցան կիսանկախ պետութիւն մը հիմնել որոշ ժամանակի մը համար Դաւիթ Պէկի գլխաւորութեամբ, որուն իշխանութեան կեդրոնը Սիւնիքն էր, սակայն ան կ’ընդգրկէր նաեւ Արցախի մելիքութիւնները, որոնք այդ տարիներուն դեռ չէին ճանչուած իբր Խամսա, այսինքն՝ հինգ մելիքութիւններ: Գեղարքունիքի, Սիւնիքի եւ Արցախի շրջաններուն մէջ եղած բոլոր մելիքութիւնները Դաւիթ Պէկի ղեկավարութիւնը կը ճանչնային: Ազատագրական պայքարի ռահվիրաներէն Իսրայէլ Օրի մելիքական տոհմէ էր, որ նախորդած էր Դաւիթ Պէկին եւ մահացած 1711-ին: 1710-ականներու վերջաւորութեան, երեւան եկաւ Դաւիթ Պէկը, որուն առաջնորդած ազատագրական պայքարը ընդգրկեց գրեթէ 10 տարի, որ դժբախտաբար աւարտեցաւ պարտութեամբ՝ 1728-ին: Ազատագրական պայքարի այլ ռահվիրայ մը՝ Յովսէփ Էմին աւելի ուշ գործած է, Դաւիթ Պէկի շարժուէն ետք:
Կարեւոր է նշել, որ Դաւիթ Պէկի ինքնապաշտպանութեան տապալումէն ետք, մանաւանդ Արցախէն մեծ չափով արտագաղթ եղած է դէպի Ռուսիա, Պոլիս եւ Իզմիր:
Գերսամ Ահարոնեան այս բոլորը հակիրճ ներկայացնելէ ետք, բացատրելով Հայկական Հարցին էութիւնը, արաբ ընթերցողին կը շեշտէ հայոց ազատագրական շարժման կարեւորութիւնը. «Հայկական Հարցը կը նշանակէ հայկական անկախ պետութիւն մը վերահաստատել հայոց պատմական հայրենիքի սահմաններուն մէջ» (էջ 8):
Իսրայէլ Օրի Պոլիս կը մեկնի Ամենայն Հայոց հայրապետ՝ Յակոբ Ջուղայեցի (ծնած 1598-ին, Հին Ջուղայ- Յ. Ի.) հետ, սակայն վեհափառը անհանգստութեան պատճառով Պոլիս կը մնայ եւ ինք առանձին հոնկէ Եւրոպա կ’անցնի Հայկական Դատի հետապնդման համար եւրոպացիներու օգնութիւնը խնդրելու: Այդ մասին Գերսամ Ահարոնեան հետեւեալը կ’ըսէ. «Ազատութեան տենչացող եւ աղաղակող ժողովուրդի մը համար, մեր օրերուն քրիստոնեայ Եւրոպայէն օգնութիւն խնդրելն ու բարիք ակնկալելը տարօրինակ կը թուի, որովհետեւ այս քայլը չի համապատախաներ այսօրուան Եւրոպայի հանդէպ մեր ըմբռնումներուն եւ կեցուածքին: Սակայն հայ առաջնորդները այլ ելք չունէին այդ օրերուն: Անոնք Եւրոպայի հաւատարմութեան վրայ հաւատք ունէին, որովհետեւ եւրոպական երկիրներու քաղաքական դաւադրութեան դառնութիւնը տակաւին չէին ճաշակած: Հայերը ծանօթ չէին եւրոպացիներու դիւրութեամբ խոստումնադրուժ ըլլալու երեւոյթին: Համոզումի այս մղումով Իսրայէլ Օրիի պատուիրակութիւնը ճամբայ ելաւ դէպի Եւրոպա, դոյզն չափով իսկ կասկած չունենալով իր յաջողութեան վրայ»: Նկատի պէտք է ունենանք թէ այս խօսքերը Գերսամ Ահարոնեան ըսած է տակաւին 1965-ին, ցոլացնելով օրուան հայկական առողջ մտայնութիւնը Եւրոպայի նկատմամբ: Այսօր ակնյայտօրէն աւելի եւս ճիշդ են այս խօսքերը:
Իսրայէլ Օրի Եւրոպայի մէջ պաղ ընդունելութիւն գտաւ եւ իրեն լսող ականջներ չգտնուեցան…: Քսան տարի Օրի ճգնեցաւ համոզել մաքիավելական եւրոպացիները հայկական արդար դատի ճշմարտացիութեամբ եւ կարեւորութեամբ, սակայն ի զո՜ւր: Վերջապէս ան համոզում գոյացուց դիմելու Ռուսիոյ ցարին: Օրիի Ռուսիոյ ցարին դիմումէն ետք, ռուս-թրքական եւ ռուս-պարսկական պատերազմներ ու այլ քաղաքական զարգացումներ տեղի կ’ունենան, սակայն անոնց արդիւնքը հայանպաստ չըլլար, եւ հայոց տառապանքը կը շարունակուի: Գերսամ Ահարոնեան կ’ըսէ. «Եւրոպայի ծաւալապաշտական երկիրներու համար ամէն ինչ սեփական շահերու վրայ հիմնուած է՝ տնտեսական նեղմիտ հաշիւներով» (էջ 16):
Գիրքին յաջորդական գլուխներով (էջ 18-68) հեղինակը արաբ ընթերցողին կը փոխանցէ տեղեկութիւններ ու բացատրութիւններ հայկական կուսակցութիւններու հիմնադրութեան, 1894-1896ի ապտիւլհամիտեան հայոց կոտորածներուն, ընդհանրապէս Եւրոպայի կեցուածքին, հայկական նահանգներու մէջ բարենորոգումներու, Օսմանեան Սահմանադրութեան վերահռչակումի (1908), Հայոց Մեծ Եղեռնի, Հայաստանի արեւելեան հատուածի դէպքերու եւ ճակատամարտերու զարգացումներուն, Սարդարապատի ճակատամարտին, Հայաստանի անկախութեան, միջազգային դաշնագիրներու (Սեւր եւ Լոզան) եւ համաձայնագիրներու, քեմալական շարժումի, Կիլիկիոյ պարպումին եւ Հայաստանի խորհրդայնացումի մասին:
Իբրեւ եզրակացութիւն, ընթերցողին տեղեկութիւններ փոխանցելէ յետոյ օրուան Խորհրդային Հայաստանի բարգաւաճ վիճակին մասին, որ արգասիքն է հայոց մեծ երազի ճամբուն վրայ ձեռք բերուած իրագործումին, Գերսամ Ահարոնեան կ’ըսէ. «Այս բոլորով հանդերձ, հայուն մեծ երազը տակաւին ամբողջութեամբ չէ իրականացած: Հայը միայն իր ձեռքին մէջ ունի ամբողջական Հայաստանի մէկ տասերորդ հողերու տարածութիւնը՝ 30 հազար քառ. քմ.: Մնացեալը թրքական բռնագրաւումի տակ է: Խորհրդային Հայաստանի մէջ կ’ապրին 2 միլիոն հայեր միայն, աշխարհի ընդհանուր 4.5 միլիոն հայերէն, որոնք կ’ապրին օտարութեան մէջ եւ ենթակայ են ձուլումի: Ուրեմն անհրաժեշտ է ազատագրել հայոց հողերը եւ հայութեան հոն վերադարձը ապահովել: Ի՞նչ պէտք է ընենք այս ուղղութեամբ՝ հասնելու համար նպատակին, հարց կու տայ հեղինակը: Պէտք է նկատի առնուին Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը, ներկայ քաղաքական կացութիւնը, ձեռքի մէջ ունեցած բոլոր կարելիութիւններն ու հաւանական բոլոր զարգացումները առանց զգացական մօտեցումի, այլ առարկայական ու վճռական դիրքորոշումով» (էջ 71):
Գերսամ Ահարոնեանի մտասեւեռումի սլացքը կը ճեղքէ բոլոր ատելավառ զգացումներու, թշնամութեան, բռնատիրութեան եւ ոխի արգելքները ու կը դրսեւորուի մարդկային վսեմ գաղափարներու եւ մանաւանդ՝ համաշխարհային ընդահանուր խաղաղութեան առաջարկով: Ան հայու ազնիւ ու վեհանձն ոգիով եւ անկոտրում կամքով կը մօտենայ Հայկական Հարցի լուծման ըսելով. «Մեր առաքելութեան կորիզը պէտք է ըլլայ իրար հասկացողութեան քաղաքականութիւնը, որպէսզի կարենանք դարմանել միջազգային լարուածութիւնը պետութիւններու միջեւ փոխզիջումներու ճանապարհով, առաջին կարգին՝ Ա.Մ.Ն.ի եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ՝ ի նպաստ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու խաղաղութեան եւ բարգաւաճման: Այս գործը կ’ենթադրէ յաւելեալ ճիգ ու աշխատանք, որպէս միջոց մեր նպատակի իրականացման, մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակի սեմին» (էջ 73):
Հայուն պարտականութիւնն է յիշեցնել աշխարհի մեծ տէրութիւններու առաջնորդներուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնն ու օրինականութիւնը, որ ցարդ ճանչցուած է միջազգային դաշնագիրներով, ինչպէս Սեւրի, որ յստակօրէն կը յիշէ թէ հայոց պէտք է վերադարձուի 69 հազար քառ. քլմ. տարածութեամբ հող: Ուստի հայոց պարտականութիւնն է մեծ պետութիւններու դիմել եւ յարատեւ անոնց ղեկավարութեան յիշեցնել թէ մնացեալ 200 հազար քառ. քլմ. հողային տարածութիւնը պէտք է վերադարձուի հայոց, կ’աւելցնէ Գերսամ Ահարոնեան:
Գերսամ Ահարոնեան կ’առաջարկէ Սփիւռքի մէջ հիմնել Հայկական Դատը հետապնդող կեդրոնական մարմին մը (ընդգծումը հեղինակին), որ ընտրուած ըլլայ Սփիւռքի հայ ներկայացուցիչներու ընդհանուր համագումարի կողմէ, որուն անդամները կը ներկայացնեն Սփիւռքի զանազան գաղութները: «Հայկական Դատը հետապնդող կեդրոնական մարմնի (ընդգծումը հեղինակին) առաքելութիւնը պիտի ըլլայ հայոց բռնագրաւուած հողերու ազատագրութիւնը, անոնց միացումը մայր հայրենիքին, որպէսզի կարելի ըլլայ պատսպարել իր սահմաններուն մէջ մէկ ժողովուրդ, մէկ մշակոյթ եւ մէկ քաղաքակրթութիւն» (էջ 75), կ’եզրակացնէ Գերսամ Ահարոնեան:
Գերսամ Ահարոնեանի այս միտքերը ներկայիս ալ այժմէական են Հայ Դատի լուծման համար: