Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական խումբի անդամ Լեովա Գէորգեան երէկ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Գերմանական Տորթմունտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի երիտասարդական ախոյեանութեան 125 քլկ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի մրցումին, Գէորգեան, որ մրցեցաւ ատրպէյճանցի Այտըն Ահմատովի դէմ, արձանագրեց ջախջախիչ՝ 11-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ Գէորգեանէն առաջ Սերգէյ Սարգսեան դարձած էր պրոնզէ մետալակիր, իսկ Լեւիկ Միքայէլեան՝ արծաթէ: