Նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի Խարբերդ մշակութային միութեան, Կիրակի, 17 Մայիս, 2015ի երեկոյեան ժամը 6ին, Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան սրահին մէջ, գաղութիս ներհուն մտաւորականներէն, հայ լեզուի ու միտքի հանրածանօթ մշակ, երկարամեայ տնօրէն եւ դաստիարակ, հայ մամուլի ու յատկապէս «Ասպարէզ»ի աշխատակից Գէորգ Պետիկեան, իր յիսնամեայ վաստակին առ ի գնահատանք եւ երախտագիտութիւն, յատուկ հանդիսութեամբ պարգեւատրուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենի Դեսպան»ի շքանշանով:
Ձեռնարկին, Վաչէ արք. Յովսէփեանի կողքին, ներկայ էին նաեւ թեմակալ երկու առաջնորդներու ներկայացուցիչները, ՀՀ Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսի ներկայացուցիչ Վալերի Մկրտումեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան, հայ մամուլի ներկայացուցիչներ, Մաշտոց քոլեճի հիմնադիր-տնօրէն դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, գաղութիս Համազգայինի ինչպէս նաեւ Մարաշի, Պէյլանի, Այնթապի եւ Հաճընի հայրենակցական, մշակութային միութիւններու, նաեւ ՀՕՄի ներկայացուցիչներ եւ Պետիկեանի ընտանեկան պարագաներն ու ազգականները, Հալէպի ճեմարանական անոր ընկերներն ու աշակերտ-աշակերտուհիները, շրջանէն մտաւորականներ, անոր դասընկերները, վարժարաններու ուսուցիչներն ու ուսուցչուհիները եւ շուրջ 250 հիւրեր եւ մշակութասէրներ:
Գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը՝ հանդիսավարութեամբ Յասմիկ Աճէմեանի, որ իր բացման բարի գալուստի ու շնորհակալութեան երկլեզու խօսքէն ետք հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ նախաձեռնող միութեան եւ ապա հայրենակից Պետիկեանի կեանքին ու վաստակին մասին: Ապա բեմ հրաւիրեց յոբելեարի 8 տարեկան թոռնիկը՝ Վանա-Լիզա Պետիկեանը, որ շատ կարճ եւ մաքուր հայերէնով իր սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ, մեծապէս տպաւորելով սրահը: Ան յայտնեց, թէ իր պապիկը մէկ հատիկ է, գրող է եւ շատ գիրքեր գրած է ու ինք զինք շատ կը սիրէ:
Ցուցադրուեցաւ շուրջ քառորդ ժամ տեւեղութիւն ունեցող, Հուրիկ Ֆուռնուզեանի տպաւորիչ ձայնագրութեամբ պատրաստուած տեսահոլովակը, որ կը ներկայացնէր յոբելեարի մանկութենէն մինչեւ օրս, ընտանեկան կեանքի ու տարիներու գրական վաստակի նկարները: Տեսահոլովակի վերջին բաժինին մէջ, իբրեւ երախտապարտ նախկին աշակերտ, ազգային երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան Լիբանանէն ոչ միայն բարի մաղթանքներով լի իր սրտի խօսքը արձանագրած էր, այլեւ «Սիրելի Ուսուցի»չ երգը երգելով՝ զայն նուիրած էր իր ուսուցիչ յոբելեարին:
Այս որդեգրումով ներկաները աւելի մօտիկէն ծանօթացան յոբելեարի կեանքի մանրամասնութիւններուն եւ ազգային, հասարակական, ստեղծագործական աշխարհին, զանազան երկիրներու մէջ անոր վարած ուսուցչական ասպարէզին, միութենական աշխատանքներուն ու խոնջէնքին:
Ապա ելոյթ ունեցաւ վաստակաշատ կրթական մշակ Կարօ Պետրոսեան, որ լայնօրէն անդրադարձաւ Պետիկեան գրագէտմտաւորականին, անոր գրականութեան թեմաներուն, որ կ՛ընդգրկէ Սփիւռք կոչուած հայութեան կեանքի ելեւէջները, միեւնոյն ատեն առանձնացնելով անոր գրական գործերը՝ վեր առաւ յոբելեարին գրելու ձիրքը, անոր ծննդավայր Հալէպի նկատմամբ տածած սէրը եւ հայ գիրին ու գրականութեան հանդէպ ցուցաբերած անսահման նուիրուածութիւնը: Պետրոսեան՝ մէջբերելով Ռուբէն Զարդարեանի «Բռնատէրի Արցունքը» պատմուածքէն բաժին մը, հաստատեց, թէ Պետիկեան եւ իր նմանները անընդհատ պիտի անդրադառնան մեր ժողովուրդին եղած անարդարութեան դէմ, եւ աւելցուց, թէ «Պետիկեան գրելով կը տօնէ Նոր Տարին, Ս. Ծնունդը, Աւագ Շաբաթը, համապատասխան մթնոլորտով, տպաւորիչ, առիքնող, հաղորդական միշտ պարզ եւ հաճել»ջ:
«Բոլորին ուրախութիւնն ու հպարտութիւնն է, անկասկած, իրեն շնորհուած «Մայրենի Դեսպան» այս շքանշանը: Այս մէկը վկայութիւն մըն է, որ Պետիկեան հաստատօրէն հայ մշակոյթի եւ հասարակական գործիչներու ցանկին վրայ իր անունը եւս կ՛աւելցնէ հարազատօրէն», ամբողջացուց երկար տարիներու տնօրէն եւ ուսուցիչ Պետրոսեան:
Գէորգ Քէօշկէրեան նախ ներկայացուց ուսուցիչի դերը եւ ապա շեշտաւորեց հայ ուսուցիչինն ու դաստիարակինը, որուն ընդմէջէն պարզեց Պետիկեանի այս ասպարէզէն ներս ներդրած բեղուն հանգրուանները: Իր կարգին, իբրեւ երկար տարիներու կրթական մշակ, Քէօշկէրեան շեշտեց, թէ ուսուցչութիւնը յոբելեարին մօտ արուեստի աստիճանի հասած է, եւ ապա թուեց անոր պաշտօնավարած հայկական վարժարանները, սկսելով Դամասկոսի «Զաւարեան»էն մինչեւ Լա Քրեսենթայի ՀՕՄի «Թալին» շաբաթօրեայ վարժարանը, յոյժ գնահատելով հայ դաստիարակ Պետիկեանի կեսադարեան ներդրումը հայ կրթական մարզէն ներս:
Ուսուցիչներու հասցէագրուած օրինակներով համեմելէ ետք իր խօսքերը, Քէօշկէրեան յարգանքով եւ ակնածանքով արտայայտուեցաւ Պետիկեանի մասին ու շնորհաւորեց անոր այս առթիւ ստացած շքանշանը:
Իբրեւ ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագիրի բաժին, ՀՕՄի Լա Քրեսենթայի «Թալին» մասնաճիւղի հովանաւորութիւնը վայելող շաբաթօրեայ վարժարանի խումբ մը աշակերտներ, իրենց ուսուցիչ-տնօրէնի հեղինակած աշակերտական երկու ոտանաւորները «Ուսուցիչս»ը եւ «Ախ Ըլլայի, ըլլայ»ջն արտասանեցին, որմէ ետք յաջորդաբար երգեցին «Աստուածածնի վանքի դուռը» եւ «Վան քաղաք» երգերը՝ առաւել խանդավառելով սրահը:
Իբրեւ երկար տարիներու բարեկամ եւ գրչընկեր, Սարգիս Մաճառեան իր սրտի խօսքին մէջ նախ շեշտեց Պետիկեանի «իր համայնքին եւ ժողովուրդին ծառայելու ուխտին հաւատարիմ անձ» գրող-մտաւորական եւ հասարակական գործիչի դերը, անոր գրութիւններուն մէջ առկայ թաքուն հիւմըրը, գրական ոճն ու արեւմտահայերէնին տիրապետող լեզուական ճկունութիւնը, ապա ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ անոր հրապարակագրական ճիգին եւ արժէքին:
«Սիրելի Գէորգ, վստահ եմ, որ ստեղծագործական հասունութեան ու փորձառութեան երկունքը ապրող գրիչդ յառաջիկայ տարիներուն հայ ընթերցողին եւ հայ գրականութեան պիտի մատուցանէ նորանոր ստեղծագործութիւններ, ուստի, վարձքդ կատա՛ր», ամբողջացուց Մաճառեան իր խօսքը:
Արա Ահարոնեան ներկայացուց Պետիկեանի ազգային, ընկերային, հասարական կեանքն ու միութենական կէս դարու վրայ երկարող բեղուն աշխատանքները՝ իրենց ժամանակագրական թուականներով, սկսելով Դամասկոսի իր համալսարանական տարիներէն՝ մինչեւ Հալէպ, ապա Պէյրութ, Ճիւնի, Անթիլիաս (Լիբանան) ու անկէ ետք Տիթրոյիթ եւ Կլենտէյլ: Ահարոնեան շեշտեց նաեւ յոբելեարի արժանիքները, վեր առնելով անոր ներհուն մտաւորականի, հայ լեզուի ու միտքի հանրածանօթ մշակի, երկարամեայ դաստիարակի եւ հայ մամուլի անխոնջ ծառայողի յիսնամեայ վաստակը:
Յայտագիրի հետաքրքրական ու միաժամանակ յոբելեարին եւ ընտանեկան պարագաներուն հպարտալի բաժինն էին նաեւ Գէորգ Պետիկեանի երկու մանչ զաւակներուն սրտի անկեղծ խօսքերը: Այսպէս, անդրանիկ մանչը՝ Հրանդ, իր երկլեզու խօսքին մէջ ըսաւ, թէ ինք եւ իր եղբայրը միշտ հպարտ եղած էին իրենց հօրմով եւ կը փորձեն հետեւիլ անոր ուղիին: «Իմ կարգիս, ես ալ պիտի աշխատիմ իմ զաւակս, հօրս մեզի սորվեցուցած եւ աւանդած ուղիով ընթանալ տալ», ամբողջացուց Հրանդ իր խօսքը:
Ապա կրտսեր մանչը՝ տոքթ. Արամ, յստակ հայերէնով, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հանդիսութեան եւ պարգեւին, ապա ըսաւ. «Ինչպէս, որ 100 տարի առաջ ֆէտայիները զէնք բռնելով լեռներ բարձրացան մեր պապենական երկիրը պաշտպանելու համար, հայրս ալ 50 տարի առաջ գրիչը բռնեց, ճերմակ ջարդին դէմ պայքարեցաւ, որպէսզի մենք բոլորս հայ մեծնանք եւ հայ մնանք»:
Սրտի խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ գնահատականներու տուչութիւնը: Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան անդամ Փօլ Գրիգորեան նախ արտասանեց իր սրտի խօսքը՝ վեր առնելով Խարբերդն ու Պետիկեան խարբերդցիին արժանիքները, ապա անձամբ կարգով յանձնեց հետեւեալ գնահատագրերը.
S.S. House of Representative Adam B. Schiff-էն
County of Los Angeles 5 Supervisors-ներու ստորագրութեամբ,
Board of Supervisors County of Los Angeles Michael D. Antonovich-էն,
City of Los Angeles-Paul Krikorian-էն,
California State Senate-Carol Sue-էն,
California Legislature, Assembly, Khatchik H. Katcho Achadjian-էն
California Legislature, Assembly, Make Gatto-էն
Mashdots Colleg Lifetime Achievement Award, Garbis Der Yeghiayan, PhD-էն,
City of Glendale, Mayor Ara Najarian-էն։
Այս վերջինը՝ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան իր սրտի խօսքէն ետք անձամբ յանձնեց:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ յոբելեար Պետիկեան, որ իր սրտի ու երախտիքի խօսքը փոխանցէ ներկաներուն:
Պետիկեան այս պատմական հանդիսութեան նախ յուզումով յայտնեց իր շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքերն ու զգացումները բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձած էին սոյն նախաձեռնութեան ծնունդին ու քաջալեր հանդիսացած: Այս ցանկին մէջ, անկասկած, տեղ գրաւած էին ներկաներու կողքին, ձեռնարկի բոլոր հովանաւորողները, նախաձեռնող միութիւնն ու ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը:
«Եթէ կենսագրութիւնը մարդու մը դիմանկարն է», շարունակեց Պետիկեան, «անոր անցած ճամբան, ապա ուրեմն յոբելենական թուականները անկիւնադարձային հետեւանք ունենալով հանդերձ՝ կ՛ապահովեն նոյն այդ անհատին գոյութիւնը, յարատեւութիւնը, բարգաւաճումն ու կենսունակութիւնը»:
Գէորգ Պետիկեան՝ իբրեւ հայերէն լեզուի ուսուցիչ, իբրեւ հայերէնով արտայայտուող գրող եւ խօսող, հայերէն բառերուն հետ միշտ եղած էր մտերիմ. «Անոնք են, որոնք գիտեն իմ գաղտնիքները, սէրերը: Առանց մեսրոպաշունչ տառերուն ինչպէ՞ս ինքզինքս պիտի ճանչնայ»ջ, հարց տուաւ յոբելեարը եւ աւելցուց, թէ ինք մեծցած եւ սնած էր համեստ, հայրենապաշտ իր խարբերդցի ծնողքի շուքին տակ:
«Շնորհուած այս շքանշանը մեծարանք ըլլալէ աւելի պատգամ ալ է», ըսաւ Պետիկեան, եւ աւելցուց, թէ «հպարտանք ըլլալէ աւելի, նաեւ միտքին նոր հոսք եւ ներշնչում առաքող մըն ալ է»:
Ան շեշտեց, թէ իր անսահման երախտագիտութիւնը կ՛երթայ բոլոր անոնց, որոնք եօթը դրացիներով շրջապատուած մէկ բակի մը մէկ սենեակնոց «բնակարան»ին մէջ կամ Ազգային վարժարաններու համեստ գրասեղաններու ետին եւ հին ու պատմական ակումբի մը չոր պատերէն ներս իրեն արժէքներ փոխանցած էին, իր նկարագիրը կերտած, զինք դարձուցած ընկերային ու իրեն տուած ազգային հպարտանք եւ մանաւանդ հայ մարդ դառնալու կամք:
«Ասոնք բոլորը՝ ծնողք, ուսուցիչ, վարիչ կամ առաջնորդ սրբազան, պարգեւներ չստացան, բայց բոլորն ալ ինծի համար մէկական շքնանշաններ դարձան: Ահա այս նոր շքանշանս հաստատապէս կը պարտիմ անոնց», իր խօսքը աւարտեց յոբելեարը:
Ապա, ՀՀ Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ Վալերի Մկրտումեան իր կարգին, նախ բեմ հրաւիրեց յոբելեար Գէորգ Պետիկեանը եւ ապա իր սրտի խօսքով շեշտեց հայ մշակոյթի արժէքն ու անոր անհրաժեշտութիւնն ու էականութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Մկրտումեան նաեւ մեծապէս գնահատեց հայ մշակոյթի սպասարկու եւ խնկարկու Պետիկեանի խոնջէնքը եւ յատկապէս անոր հայ գրողի, մտաւորականի եւ հայ ուսուցիչի վաստակը, ապա սրահի խանդավառ մթնոլորտին եւ ծափողջոյններու տարափին մէջ, անոր կուրծքը զարդարեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենի Դեսպան»ի շքանշանով՝ ընթերցելէ ետք անոր համապատասխան վկայագիրը:
Տեղին է յիշել, որ հանդիսութիւնը ունէր նաեւ գեղեցկօրէն պատրաստուած կոկիկ եւ համապարփակ գրքոյկ մը, որ կը բովանդակէր յոբելեարի կենսագրական գիծերու կողքին, թեմակալ չորս հոգեւոր պետերու, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Ամերիկայի թեմական երկու առաջնորդներու, հայրենի Նոր Խարբերդ աւանի Մ. Ղազարեանի անուան թիւ 2 միջնակարգ դպրոցի տնօրէնութեան եւ մանկավարժներու սրտի խօսքերն ու այս առթիւ պատրաստուած եւ առաքուած պատուոյ գիրը: Առաւել, հոն տեղ գրաւած էին նաեւ «Ասպարէզ» եւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթերուն, «Նոր Օր», «Նոր Հայաստան» եւ «Հայ Կեանք» շաբաթաթերթերու խմբագիրներէն հասած յատուկ գնահատականներն ու բարեմաղթութիւնները, Մաշտոց քոլեճի, Պըրպենքի ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի եւ ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի եւ Տիթրոյիթի Միջ-վարչութեան, Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանականներու ընկերակցութեան, Քալիֆորնիահայ գրողներու միութեան, «Այգ» ռատիօժամի, Այնթապի, Պէյլանի հայրենակցական միութիւններուն եւ յոբելեարի բարեկամներէն՝ Հայաստանէն փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանի, շրջանէս իր մտերիմներէն Սարգիս Մահսէրէճեանի եւ Վահէ Ժամագործեանի ու բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեանի սրտի խօսքերը, գնահատականներն ու բարի մաղթանքները:
Գրքոյկին մէջ յատուկ տեղ տրամադրուած էր նաեւ հեղինակ Պետիկեանի գրական ժառանգութենէն հատուածներու, ինչպէս նաեւ ցարդ իր հրատարակած երկերուն առթիւ հայրենի թէ Սփիւռքի ծանօթ գրողներէ, մտաւորականներէ եւ կրթական մշակներէ իրեն ուղարկուած գնահատականներու:
Սոյն նախաձեռնութիւնը ունէր նաեւ հովանաւորողներու երկար շարք մը: Ձեռնարկի աւարտին ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեցին օրուան հիւրասիրութիւնը հովանաւորող Vicken Catering-ին՝ տէր եւ տիկին Վիգէն Կիւլէսէրեաններուն:
Այս առթիւ կը հրապարակենք մեր շնորհակալութեան խօսքերը սոյն ձեռնարկի բոլոր հովանաւորներուն, միեւնոյն ժամանակ արեւշատութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք Պետիկեան յոբելեարին, ու խոր յարգանք՝ հայ գիրին ու գրականութեան հանդէպ ունեցած անոր սիրոյն ու յարգանքին: Նոյնպէս մեր բարեմաղթութիւնները Պետիկեանի ընտանիքի անդամներուն եւ յատկապէս անոր կնոջ՝ Լիզային. գրիչդ դալար ու արդիւնաւէտ մնայ կ՛ըսենք մեր հայրենակից՝ յոբելեար Գէորգ Պետիկեան վաստակաշատ հայ մշակին:
(Թղթակցութիւնը՝
Ամերիկայի Խարբերդ
Մշակութային Միութենէն)