Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ-ՊԱՅՔԱՐ 213
Օսմանեան Պետութեան Քրիստոնեայ Բնակչութեան Վիճակագրութեանց Թրքական Նենգափոխումը
Հայրենի պատմաբան Գէորգ Վարդանեան թուրքերու կողմէ յոյներու կոտորածները ուսումնասիրած է եւ հրատարակած «Յոյն Բնակչութիւնն Օսմանեան Կայսրութիւնում Եւ Փոքրասիական Աղէտը (1914-1923թթ.)» խորագրեալ գիրքը (Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-ինստիտուտի հրատ., Երեւան, 2012, 196 էջ):
Օսմանեան Պետութեան մէջ հայ եւ յոյն բնակչութեան վիճակագրութիւնները անոնց երկու պատրիարքարաններու պաշտօնական զեկուցումները եղած են, որոնց հաւաստիութեան վրայ ոչ ոք կը կասկածի: Սակայն ճշմարտութիւնը խեղաթիւրող եւ իրականութիւնները նենգափոխող բռնակալ օսմանեան վարչակարգը իր հրատարակած «պաշտօնական» վիճակագրութիւններուն մէջ, հայոց եւ յոյներու, ինչպէս նաեւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու բնակչութեան թիւը զգալի կերպով նուազեցուցած է: Կարգ մը անաչառ հեղինակներ եւ վերլուծողներ այն կարծիքը կը յայտնեն, թէ օսմանեան պաշտօնական վիճակագրութեանց պէտք է վերապահութեամբ մօտենալ: Անոնցմէ են ռուս պատմաբան Ա. Ուբիչինը, որ կ’ըսէ. «Հնարաւոր է որ տուեալները այնքան էլ ճիշդ չեն, քանի որ դա դժուար է որոշել մի երկրում, որտեղ վիճակագրութիւնը նոր է զարգանում» (էջ 19-20): Ուսումնասիրող Գէորգ Վարդանեան կ’ըսէ թէ Օսմանեան Պետութեան մէջ վիճակագրութեան թերի ըլլալը միակ պատճառը չէ, որ պետական պաշտօնական աղբիւրները անհաւաստի են, այլ այդ գործը «տարւում էր քրիստոնեաների թուի կտրուկ նուազեցմամբ ու մահմետականների թուի աւելացմամբ» (էջ 20):
Գէորգ Վարդանեան այս թէզին աւելի ուժեղ փաստարկ կը հայթայթէ ըսելով, որ Փարիզի հաշտութեան Վեհաժողովին հայկական պատուիրակութիւնը ներկայացուցած է յուշագիր մը, որուն մէջ կը նշուի թէ օսմանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաները առանց բնակչութեան ընդհանուր թիւը փոխելու, յստակօրէն կը նուազեցնէին քրիստոնեաներու թիւը եւ այդ տարբերութիւնը կը գումարէին մահմետական բնակչութեան թիւին վրայ: Աւելին՝ անոնք կը դիմէին ուրիշ խարդախութեան մը, որ կը կայանար իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ազգի յարանուանութիւններու բնակչութեան թիւը անջատաբար ներկայացնելով: Այսպէս, նոյն ժողովուրդի ուղղափառ, կաթոլիկ եւ բողոքական յարանուանութիւնները անջատօրէն նուազեցուած թիւերով կը ներկայացուէին եւ տարբերութիւնը կը գումարուէր որպէս մէկ ամբողջութիւն բոլոր մահմետականներու թիւին վրայ: Անոնք՝ թուրքերը, քիւրտերը, չէրքէզները եւ թաթարները իբրեւ մէկ իսլամ ժողովուրդ կը ներկայացնէին:
Անկախ վերոյիշեալ իրողութենէն, ստորեւ կը ներկայացնենք Օսմանեան Պետութեան յոյներու, հայերու եւ այլ ժողովուրդներու բնակչութեան թիւերը ըստ 1844-ի օսմանեան պաշտօնական վիճակագրութեան, ուր ընդհանուր բնակչութեան թիւը կը ներկայացուի 35.350.000:
Հայեր…………2,4 միլիոն
Յոյներ………… 2 միլիոն
Թուրքեր……12,8 միլիոն
Քիւրտեր……… 1 միլիոն
Պատմաբան Ա. Ուբիչին կը յիշէ թէ 2 միլիոն յոյներ կ’ապրէին Օսմանեան Պետութեան եւրոպական մասին, եւ 2 միլիոն ալ ասիական մասին մէջ, մինչ օսմանեան պետական աղբիւրը յոյներու ընդհանուր թիւը կէսով նուազեցուցած էր: Միւս կողմէ պատմաբան Ա. Մինվեն Փարիզի մէջ լոյս ընծայած «Օսմանեան Կայսրութեան Յոյները» աշխատութեան մէջ կը նշէ, թէ 1870-ական թուականներուն յոյներու թիւը 4.324.369 է, հետեւեալ ձեւով շրջաններու բաժնելով.
Թրակիա 728.747
Մակեդոնիա 587.860
Էփիրոս 617.892
Թեսալիա 247.776
Եւրոպական այլ տարածքներ 70.000
Եգէական կղզիներ 724.000
Ասիա 1.188.094
Սուրիա 125.000
Յոյն Կաթոլիկներ 35.000
Ընդհանուր 4.324.369
20-րդ դարու այլ պատմաբաններ՝ ինչպէս Էտուին Փիրս, այլ թուանշաններով հանդէս կու գան հայերու եւ յոյներու, ինչպէս նաեւ Օսմանեան Պետութեան ընդհանուր բնակչութեան թիւին մասին տեղեկութիւններ հաղորդելով: Այս պատմաբաններուն հայոց եւ յոյներու բնակչութեան մասին տուած թիւերը գրեթէ կրկնապատիկն են օսմանեան պաշտօնական աղբիւրու տուածներուն: Նենգափոխութիւնը յատուկ նկարագրային գիծ մը եղած է թուրքերուն, որոնք չբաւականանալով այսքանով, կաշառքով եւ խարդախութեամբ օտար պատմաբաններ վարձած են այս սեւ գործը ընել տալու համար: 20-րդ դարու այս թրքամէտ վարձկաններուն հայոց եւ յոյներու բնակչութեան թիւերուն մասին ներկայացուցածները շատ աւելի նուազ եղած են՝ քան օսմանեան պաշտօնական թիւերը: Հոս տրամաբանութիւնը եւ գիտականութիւնը ի վնաս թրքական կողմին իրենց վճռական խօսքը կ՛ըսեն պերճախօսօրէն եւ առանց յաւելեալ բացատրութեան կամ մեկնաբանութեան:
Վերոյիշեալ թրքամէտ խարդախ պատմաբաններէն է Ճասթին Մըքքարթին: Ան թրքական յանձնառարութեամբ «աշխատութիւն» մը հրատարակած է «Մահմետականներն Ու Փոքրամասնութիւնները» խորագիրով:
Գէորգ Վարդանեան Ճասթին Մըքքարթիին մասին հետեւեալը կ’ըսէ. «Նրա «Մահմետականներն Ու Փոքրամասնութիւնները» աշխատութիւնը գրուել է՝ հիմնուելով օսմանեան պաշտօնական տուեալների վրայ փորձելով կասկածի տակ դնել Հայոց ու Յունաց պատրիարքարանների, հայ, յոյն եւ օտարերկրեայ ամենատարբեր հեղինակների տուեալները: Նրա հաշուարկների ու վերլուծութիւնների արդիւնքում յոյների թուաքանակն է՛լ աւելի է նուազում՝ հասնելով 1.254.333-ի: Փաստօրէն նրա տուեալները աւելի կեղծ են, քան թուրքական պաշտօնականը. նա «վարպետօրէն» նենգափոխել է Փոքր Ասիայի քրիստոնեայ բնակչութեան թուաքանակի վերաբերեալ տուեալներ» (էջ 23):
Աւելի լաւ ըմբռնելու համար այս «պատմաբան» Ճասթին Մըքքարթիի կատարած նենգափոխութեան դրդապատճառը, ակնարկ մը նետենք անոր կենսագրական գիծերուն վրայ: Ամերիկացի ժողովրդագիր (demographer) Ճասթին Մըքքարթի ծնած է 1945-ին: Ան պատմութեան դասախօս եղած է Քենթաքի նահանգի Լուիզվիլ քաղաքի համալսարանին մէջ, տոքթորականով վկայուած է Թուրքիոյ Պողազիչի համալսարանէն եւ այդ համալսարանի հոգաբարձութեան մնայուն անդամ է, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Եւրասիական պատմութեան ուսումնասիրութեանց հիմնարկի վարչական կազմի անդամ է: Անոր մասնագիտութիւնն է Օսմանեան Կայսրութեան շրջանի ուսումնասիրութիւնը: Ան բազմաթիւ ոչ-հայ պատմաբաններու կողմէ քննադատուած է իբրեւ պաշտպան հայոց դէմ վայրագ ոճիրներ գործած օսմանցիներուն: Մըքքարթի ստացած է Թուրք-Ամերիկեան ընկերակցութեանց համագումարի Շիւքրիւ Էլէքտաղ մրցանակը, Թուրք-Ամերիկեան բարեկամութեան խորհուրդի ատենապետի կրթական գնահատագիրը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Արժանիքի կարգ մրցանակը (1998) (Şükrü Elekdağ Award of the Assembly of Turkish American Associations, Chairman’s Education Award of the Turkish American Friendship Council, Order of Merit of Turkey (1998)) (https://en.wikipedia.org/wiki/Justin_McCarthy_(American_historian)): Արդէն մեկնաբանութեան կարիք չկայ: