Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Գիրք հարցմանց

March 15, 2023
in Mobile Home, Newsletter, Մշակութային
0
Over 7,000 documents to be displayed at Gallipoli Campaign Museum

Արարատ Գիտութեանց Միջազգային Ակադեմիան ուրախութիւնը ունի ծանուցանելու որ 2023‐ի սկիզբը՝ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց տպարանէն լոյս տեսաւ 14‐րդ դարուն ապրած Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի նշանաւոր «Գիրք Հարցմանց»ը, դասական ուղղագրութեամբ արդի արեւելահայերէնի թարգմանուած Սուսաննա Գրիգորեանի կողմէ, իբր հրատարակութիւն Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հ. Աճառեանի Անուան Լեզուի Ինստիտուտի։ Երեք տարի առաջ ան արդէն տպուած էր Երեւանի մէջ՝ Տիգրան Մեծ Հրատարակչութեան կողմէ։

Նշանաւոր Տաթեւի Համալսարանի ուսուցչապետ ու «Երկրորդ Լուսաւորիչ» կոչուած հայ եկեղեցւոյ եռամեծար վարդապետին աւելի քան հազար էջնոց սոյն գրաբար աշխատասիրութիւնը առաջին անգամ տպուեցաւ Կ. Պոլսոյ մէջ 1729‐ին. բայց անկէ կը պակսէր «Ընդդէմ Տաճկաց» գլուխը՝ յայտնի պատճառներով։ Լուսատիպ վերահրատարակութիւն մը տեղի ունեցաւ 1993‐ին՝ Երուսաղէմ։ Իսկ այս տարի նոյն քաղաքին մէջ լոյս ընծայուեցաւ անոր արեւելահայերէն աշխարհաբար թարգմանութիւնը՝ դասական ուղղագրութեամբ։

17 տարիներու ընթացքին կատարուած սոյն կոթողական աշխատանքին նպատակն էր քննութեան ենթարկել դաւանաբանական վէճերը եւ պաշտպանել հայ եկեղեցւոյ դիրքորոշումը։ Գլխաւոր 40 հարցադրումներ արծարծուած են 10 բաժիններու մէջ, ուր տեղ գտած են՝ ի միջի այլոց՝ առարկութիւններ այլազգիներու դէմ, բացատրութիւններ՝ արարչագործութեան վեց օրերուն եւ մարդու կազմաւորման, եւ ուսումնասիրութիւններ Քրիստոսի մարդեղութեան, աշխարհի վախճանին, յարութեան ու հատուցման դատաստանին մասին։

Որպէս հարցումներու պատասխան ներկայացուած Աստուածաշունչի այս լայնածաւալ մեկնութիւնը, խմբագիր Յակոբ Քէօսէեանի բազմահարիւր ծանօթագրութիւններով ճոխացած, յանձնարարելի է թէ՛ կղերականներուն, թէ՛ աշխարհականներուն, եւ հնարաւոր է ձեռք ձգել Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն։

Previous Post

Law on domestic violence a redline: Minister

Next Post

TÜİK’s latest data raise eyebrows over COVID death counts

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.