ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան Պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութիւնը ուսումնասիրած է հողօգտագործողներուն գիւղատնտեսական աշխատանքներու համար, մատչելի գիներով պարարտանիւթերու ձեռքբերման նպատակով, պետական աջակցութեան ծրագիրով պիւտճէէն նպաստ յատկացնելու գործընթացին մէջ պետական շահերու պաշտպանութեան վիճակը:
Ուսումնասիրութիւնը պարզած է, որ 2015ին, այս ծրագրով Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը պայմանագիրով մատակարար ընկերութեան պետական պիւտճէէն տրամադրած է տարեկան ընդամէնը 0.001 տոկոսով առանց գրաւի 3,991,584,000 դրամի վարկ՝ պարարտանիւթ ձեռք բերելու համար:
Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը, առանց շուկայական նուազագոյն շահաւէտ գինի հաշուարկման, նոյն մատակարար ընկերութեան յատկացուցած է 2,138,823,000 դրամ՝ 33.263 թոն պարարտանիւթ ձեռք բերելու եւ հողօգտագործողներուն 50 քիլոկրամնոց 1 պարկը 9215 դրամի փոխարէն 6000 դրամով մատակարարելու համար:
Նոյն տարին՝ 2015ին, այլ ընկերութիւններու կողմէ նոյն որակի պարարտանիւթը ներածուած է նշուած մատակարար ընկերութենէն էապէս ցած գիներով: Այս ձեւով, միայն 2015ին պարարտանիւթի գծով պետական պիւտճէէն անհիմն 1,427,000000 դրամ աւելի շատ փոխհատուցում տրուած է մատակարար ընկերութեան՝պետութեան համար յառաջացնելով ծանր հետեւանքներ: Այդ ընկերութիւնը, ի միջ այլոց, պետական պիւտճէին պարտք է 400 միլիոն դրամ:
Նկատի ունենալով, որ արձանագրուած խախտումները առերեւոյթ կը պարունակեն յանցագործութեան յատկանիշներ՝ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան Պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութիւնը յարուցած է քրէական գործ, որուն նախաքննութեան կատարումը յանձնարարուած է Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութեան: