ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Գիւմրիի մէջ բացումը կատարուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշատուն-թանգարանին:
Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրին, որուն հեղինակը քանդակագործ Զաւէն Կոշտոյեանն է, Գիւմրիի օդակայանի թաղամասին մէջ տեղադրուած է 1993 թուականին:
Ըստ «Շանթ» պատկերասփիւռի կայանին՝ նոյն տարածքին մէջ թանգարան հիմնելու գաղափարը կը պատկանի գիւմրեցի դարբինի մը: Անոր մահէն ետք ծրագիրը աւարտին հասցնելու պարտաւորութիւնը ստանձնեց Գիւմրիի մէջ յայտնի շինարար Վարդան Յովհաննիսեան` «Տուն շինող Վարդանը»:
Լքուած տարածքը մաքրուեցաւ աղբերէն, կիսանդրիին հատուածը բարեկարգուեցաւ, կառուցուաւ յուշատուն մը, որուն մէջ կը ներկայացուին Սողոմոն Թեհլիրեանի եւ1915ին Արեւմտեան Հայաստանի զանազան քաղաքներու ու գիւղերու մէջ ինքնապաշտպանութեան մարտեր ղեկավարած անձերու լուսանկարները:
Տարածքը կը նախատեսուի վերածել Սողոմոն Թեհլիրեանի անուան յուշահամալիրի մը, ուր պիտի գործեն նաեւ խաղահրապարակներ եւ մարզական դահլիճներ: