ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Պետական եկամուտներու կոմիտէի իրականացուցած քննադատութիւնները պարզած են, որ «Գիւմրի-Գարեջուր» ընկերութիւնը իր արտադրանքը գլխաւորաբար վաճառած է փոխկապակցուած ընկերութիւններու՝ կիրառելով ոչ-շուկայական գիներ: Բացի այդ, ստուգումներու կազմակերպման եւ դիտարկման վարչութենէն հաղորդած են, որ «Գիւմրի-Գարեջուր» ընկերութիւնը ծառայութիւններ ձեռք բերած է շրջանառութեան հարկ վճարող անհատ ձեռնարկատէրերէ: Մինչդեռ, նախնական ուսումնասիրութիւնը կասկած յարուցած է, որ ծառայութիւնները չեն մատուցուած, սակայն նուազեցուած են համախառն եկամուտէն:
Ընդհանուր առմամբ, «Գիւմրի-Գարեջուր» ընկերութիւնը պետական պիւտճէին վճարած է շուրջ 360 միլիոն դրամ պակաս:
Այս գծով յարուցուած է քրէական գործ: Հետաքննութիւնը կը շարունակուի: