Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԳՈՂԸ (304)

January 22, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Մե’նք
Յակոբ Միքայէլեան
Հալէպէն հասնող լուրերը մտահոգիչ են. շա՛տ մտահոգիչ: Իրականութեան մէջ, տասերորդ տարին ըլլալով շարունակուող մտահոգիչ կացութիւնը արդէն աղէտ դարձած է: Սուրիական պատերազմն ու անոր հետեւանքները կը շարունակեն բնակչութեան մնացորդացին մթագնած կեանքը աւելի՛ սեւցնել: Եթէ երէկ ռումբերն ու հրթիռներն էին, այսօր տնտեսական վիճակին աւազախրումն է ու մարդոց կենսական պահանջքներուն ահաւոր նուազումը: Սովորական պաշտօնեայի մը, կամ ուսուցիչի մը ամսական աշխատավարձը 30-40 տոլարի հաւասար է, ինչպէ՞ս ապրի եւ ապրեցնէ ընտանիքը:
Այս կացութեան զուգահեռ, ցուրտը անտանելի է: Վարելանիւթ չկայ՝ ոչ պենզին, ոչ կազ, ոչ մազութ. եղած քիչն ալ հազարէումէկ դժուարութեամբ ձեռք կ՛անցնի, ժամերով, նոյնիսկ օրերով հերթի կանգնելով: Ելեկտրականութիւնն ալ օրական հազիւ մէկ երկու ժամ:
Սուրիացիները կը սառին այս ցուրտին, իսկ թուրքերը կը տաքնան սուրիական քարիւղով, քանի որ թուրքիան կը շարունակէ գողնալ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններու նաֆթահորերու արտադրանքը:
Այս ամսու 16-ին հեռատեսիլի կայանները ցոյց տուին թէ ինչպէս ռուսական օդուժը կործանած է սուրիական նաֆթահորերէն գողցուած, դէպի թուրքիա քարիւղ փոխադրող նաֆթատար մեքենաներու ամբողջ կարաւան մը: Դէպքը, որքան որ ուրախութիւն կը պատճառէ սուրիացիներուն, հարցականի մը առջեւ կը դնէ ռուսիան՝ ինչո՞ւ միայն այս անգամ, եւ ոչ ամէն անգամ, ուր այս գողութիւնը կը կատարուէր տարիներէ ի վեր:
Էրտողանը կ՛ըսէ, որ իր ներխուժումը սուրիական սահմանային տարածքներ, մարդասիրական նպատակներ կը հետապնդէ… Իսկապէ՛ս, շա~տ մարդասիրական: Քրտական վտանգը չեզոքացնելու համար, սուրիական տարածքներ ներխուժած թրքական բանակը առաջին օրէն գողութեամբ զբաղեցաւ. գողցան ձիթաստաններուն բերքը, գողցան թանգարանային անգնահատելի իրեր, ու կը շարունակեն գողնալ ժողովուրդին հանգիստն ու առողջութիւնը:
Գողը՝ գո՛ղ, հասկնալի է, սակայն ինքզինք պահակ կարգած ռուսական բանակը ինչո՞ւ ձեռնածալ կը մնայ եւ աչք կը գոցէ գողութիւններուն հանդէպ:
Մէյ մը որ օձիքդ ուրիշին ձեռքը տուիր, այդ ուրիշին շահերուն համաձայն կ՛ընթանան հարցերը, որոնց մէջ քու սեփական հարցդ երկրորդական կը դառնայ, ան ալ լաւագոյն պարագային:
Սուրիացի մասնագէտ մը հեռատեսիլային հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ նաֆթի գողութեան պատճառով Սուրիա ամէն օր 15 միլիոն տոլարի վնաս ունի: Երկիր մը ուր «մեղր ու կարագ» կը հոսէր, ուր կեանքի եւ ինչքի ապահովութիւն կար, բզիկ-բզիկ ըրին, քանդեցին, ժողովուրդն ալ գաղթական դարձուցին, եւ այս բոլորը արձագանգ չի գտներ, եթէ գտնէ իսկ, խուլ ականջներուն կը բախի:
Ամբողջ աշխարհը այս բոլորը շատ յստակ կը տեսնէ ու ձեռնածալ կը մնայ: Ամենասարսափելին այս է՝ քաղաքակրթուած աշխարհին կրաւորականութիւնը, որ անառարկելիօրէն հաւասար է մեղսակցութեան:
Նոյն պատկերը չի՞ պարզեր այսօր Արցախի գիւղերէն տեղահանուածներուն կացութիւնը: Մարդիկը տուն տեղ, այգի ու բանջարանոց ձգած ապաստաներ են հոս ու հոն: Բարեսիրական կազմակերպութեան մը հարցաթերթիկը լրացնելով, Սիւնիքի Սիսեան քաղաքը ապաստանած բազմանդամ ընտանիքի մը տասը տարեկան տղեկը նամակով կը նկարագրէ իրենց վիճակը եւ օգնութիւն կը խնդրէ: Կ՛ըսէ թէ Հայրն ու մայրը, իր չորս քոյրերն ու երկու եղբայրները, առաւել քեռին ու քեռկինը իրենց երկու զաւակներով ժամանակաւոարպէս ապաստանած են տան մը մէջ, ուր կահոյք չկայ, կ՛ապրին տարեցներու թոշակով, փայտ կը վառեն տաքնալու համար, ու կը խնդրէ, որ մէկն ու մէկը զինք «որդեգրէ» տարեկան 300 տոլարի օժանդակութեամբ, որպէսզի կարենայ ընտանիքին օգնել: Այս ալ Թուրքին ձեռակերտը չէ՞: Այս մարդոց ուրախութիւնը գողցողը, անոնց կեանքերը դժոխքի վերածողը նոյնինքն Էրտողանը չէ՞, առանց որուն գործնական մասնակցութեան այս պատերազմին, կասկածելի պիտի դառնար Ատրպէյճանի յաղթանակը:
(ԱԶԳ, 22, 1, 2021)
Previous Post

Թալիշների աշխարհաքաղաքական  հետազօտութիւնների  կենտրոնի (TGHC) հաղորդագութիւնը Արցախեան (Ղարաբաղի) պատերազմի ձեռքբերումների ֆոնին

Next Post

Turkey will receive 10 million doses of vaccine from China, says Erdoğan

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.