Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԳՈՅԺ ՄԱՀՈՒԱՆ՝ Տաղանդաւոր Եւ Զգայուն Գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի

January 12, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Մեր Կորուստները. Իր Մահկանացուն Կնքած Է Արուեստագէտ Յարութիւն Թորոսեան

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Լիբանանի գեղանկարչական աշխարհին մէջ յայտնի դէմք էր Յարութիւն Թորոսեան:

Երէկ (10 Յունուար), փարիզեան շրջանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մահացած է Յարութիւն Թորոսեան:

Ան ծնած էր 1933ին, Պէյրութ: Մաս կը կազմէր հայ արուեստագէտներու սերունդի մը: Բազմաշնորհ արուեստագէտ էր: Միաժամանակ կը սիրէր գրել: Հետաքրքրական է իր «Անկարելի Սէր» գիրքը: Իր գեղանկարչական ուսումը ստացած էր Լիբանանի Գեղարուեստից վարժարանին մէջ, ապա՝ Փարիզի Գեղարուստից Ազգային Բարձրագոյն դպրոցին՝ նկարչութիւն, փորագրութիւն (gravure) եւ որմնանկարչութիւն (fresque):

Ունի հայերէնով հրատարակութիւններ եւ իր գեղանկարներու ներկայացման գիրքեր:

Ան անդամ էր Լիբանանի գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու միութեան եւ Ֆրանսայի Արուեստագէտներու պալատին:

Յարութիւն Թորոսեանի ստեղծագործական ներշնչման ենթահողը երրեակ է. ծննդավայր Լիբանանը, արմատներու եւ սիրոյ հայրենիք Հայաստանը, եւ Ֆրանսան՝ իր արուեստի մեծութիւններով:

Վերջին տարիներուն, քանի մը անգամ միասին գտնուեցանք Պէյրութի ցուցահանդէսներուն եւ նուագահանդէսներուն: Ֆրանսայի մէջ, յաճախ իրարու հանդիպեցանք Մոնթրէօյի իր տունը եւ արձակուրդի օրերուն՝ Նորմանտի, Վիլլէր-սիւր-Մէր կամ Տովիլ ծովափնեայ քաղաքները: Կարօտով կը խօսէր Լիբանանի եռուն  կեանքին մասին, ինչպէս՝ իր ընկերներուն:

Յարութիւն Թորոսեանէն իբրեւ յիշատակ կը պահեմ երեք մերկուհիներու գեղանկարներ, որոնք գեղեցիկի եւ կեանքի մասին կը վկայեն:

Անոնք մնայուն ներկայութիւն պիտի ըլլան գիրքերուս կողքին, շարունակելով Նորմանտիի մեր զրոյցները, որոնք կը մեղմէին կարօտներ եւ աքսորի տխրութիւնները:

Արուեստ, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն ԲԱՆՆ իսկ են, մեզմէ առաջ սկսած, մեզմով շարունակուող եւ դէպի գալիքները ընթացող: Ինչե՜ր ըսած է գեղեցիկը: Յարութիւն Թորոսեանի մերկուհիները ի՞նչ կ՛ըսէին իրեն, ի՞նչ կ’ըսեն արուեստասէրին, ի՞նչ պիտի ըսեն վաղը:

Կը դիտեմ: Ինք կը խօսի իր զգացումներով:

Կը մնայ ներկայութիւն:

Այդպէս է Բանի եւ Արուեստի բաց պատուհանը:

Լիբանանի արուեստի կեանքին եւ անոր զարգացման մէջ իր տեղը ունէր Յարութիւն Թորոսեան, ինչպէս իրմէ առաջ շիջած Զաւէն Խտըշեան, Լիւսի Թիւթիւնճեան եւ շատեր: Իր սերունդէն ուրիշներ, հակառակ Լիբանանի եւ լիբանահայութեան ապրած խոր տագնապին, կը շարունակեն ստեղծագործել եւ կենդանութեան շունչ տալ հայ կեանքին:

Իր ետին տաղանդաւոր արուեստագէտի պայծառ յիշատակ կը թողու Յարութիւն Թորոսեան:

Օր մը, յաղթահարելէ ետք ներկայի բարդութիւնները, Սփիւռքի հայ արուեստագէտներու թանգարան կը ստեղծուի՞ Հայաստանի մէջ, որպէսզի հայկական ժառանգութիւնը պահուի: Այդ կ՛ըլլայ օտար երկինքներու տակ տարածուած հայ միտքի լոյսին հայրենիքին տուած տիրութեան եւ սիրոյ տուրքը:

Յարութիւն Թորոսեանի հետ արուեստասէրներ իրենց անաւարտ զրոյցները պիտի շարունակեն իր նկարներուն հետ:

11 Յունուար 2022, Նուազի-լը-Կրան

Previous Post

Swedish Security Police Warn of Space Wars With China, Russia

Next Post

‘Tearless’ Onions to Go on Sale in UK For the First Time

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.