Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը խոր ցաւով կը յայտնէ վախճանումը վարժարանիս նախկին տնօրէն, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին:
Հոգեւոր տէրը ի Տէր հանգչեցաւ 25 Մայիս, 2021-ին: Մեսրոպեանի համայն ընտանիքը կ’աղօթէ առ Աստուած, վասն վախճանեալ Հովիւի հոգիի հանգստութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ հաւատացեալներու մխիթարութեան