Գոնկրէսական Էտըմ Շիֆի գրասենեակը 29 Յունուար 29 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ Շիֆ հանդիպում մը ունեցած է
Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի հետ, քննելու համար Սուրիոյ քրիստոնեայ բնակչութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները:
«Եպիսկոպոս Նալպանտեան եւ անոր գործակիցները նկարագրեցին, թէ իրենց համայնքը ինչպիսի՛ անապահով պայմաններու մէջ կը գտնուի, եւ կոչ ըրին Գոնկրէսին ու նախագահին, որ արագացնեն Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով օգնութեանց կարիք ունեցող միլիոնաւոր սուրիացիներու օժանդակութիւն հասցնելու աշխատանքը», ըսած է Շիֆ՝ աւելցնելով, թէ Սուրիոյ սահմաններէն ներս մնացող տեղահան եղածներուն եւ Սուրիայէն դուրս եկած գաղթականներուն տրամադրուող օժանդակութեանց միջեւ մեծ տարբերութիւն գոյութիւն ունի:
«Պաշշար Ասատի դէմ սկսած ապստամբութեան առաջին օրէն իսկ, մօտէն կը հետեւիմ Սուրիոյ իրադարձութեանց եւ յատկապէս անոր քրիստոնեայ բնակչութեան վիճակին: Պէտք է յաւելեալ օժանդակութիւններ ապահովենք սուրիացիներուն համար եւ պէտք է դիւրացնենք Միացեալ Նահանգներ գաղթելու դիմում կատարած սուրիացիներուն մուտքը՝ մարդասիրական նկատառումներով: Այդ դիմումները կատարողներուն մեծ մասը քրիստնեայ է», աւելցուցած է Շիֆ:
Շիֆ եւ գոնկրէսական Ֆրենք Ուոլֆ անցեալ տարի կոչ ըրած էին իշխանութեանց, որ մարդասիրական նկատառումներով ժամանակաւոր կեցութեան արտօնութիւն շնորհեն մօտաւորապէս 6000 սուրիացիներու:
«Կ՛ուզենք երախտագիտութիւն յայտնել գոնկրեսականներն ու ամերիկացի պաշտօնատարները Սուրիոյ իրադարձութեանց ծանօթացնելու եւ սուրիահայութեան, այլ քրիստոնեաներու եւ վտանգուած այլ փոքրամասնութեանց դիմագրաւած պայմանները անմիջականօրէն բարելաւելու նպատակով՝ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի տարած կարեւոր աշխատանքին համար Ուաշինկթընի մէջ: Յստակ է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պէտք է յաւելեալ աշխատանք տանին՝ համագործակցելով այլ երկիրներու եւ կազմակերպութեանց հետ, օժանդակութեանց կարօտ սուրիահայութեան եւ յատկապէս Հալէպի հայութեան օգնութեան ձեռք երկարելու համար, նկատի ունենալով, որ անոնցմէ շատերը չեն գտնուիր միջազգային մարդասիրական կազմակերպութեանց գործունէութեան շրջաններէն ներս», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան: