Միջակութիւնը մահկանացուներու երջանկութիւնն է: Չափազանց բարգաւաճումը, հեռու օգտակար ըլլալէ, միայն կը ծառայէ ցոյց տալու, աւելի մեծ ձախորդութիւններով զայրացած բախտի հարուածները:
Եւրիպիտես, Ե դար Ն.Ք.
Յակոբ Պալեան
Ազգի եւ հայրենիքի լինելութիւնը ճամբաբաժանի առջեւ է: Ճիշդ ընտրութիւն կատարելու համար պէտք է կարենանք ձերբազատուիլ հայ կեանքը խեղդող մոլախոտէն, հակազգային եւ որպէս նորարարութիւն ներածուած կեղծ արժէքներէն, անոնք ըլլան քաղաքական, մշակութային, հոգեւոր, կրթական թէ բարոյական:
Կրնա՞նք: Պիտի կարենա՞նք: Կ՛ուզե՞նք:
«Իրաւունք» թերթին մէջ, Հայաստանի մտաւորականներէն Աբգար Աբինեանի սուր քննադատութիւնը զիս մղեց խորհրդածութիւններու: Որոշումներ կայացնող փակ շրջանակներու մաս չեմ կազմեր, դէպքերու ընթացքին վրայ ազդելու հնարաւորութիւն չունիմ, բայց դեռ խօսելու իրաւունք ունիմ, եւ պարտք կը զգամ մղձաւանջային հարցեր հրապարակել. ո՞ւր հասած ենք, ո՞ւր հասցուցած են(ք) ազգը, ո՞ր ախտերու հետեւանք են մեր տեղատուութիւնները, պարտութիւնները, թերեւս վաղն ալ՝ վերջնական անձնատուութիւնը:
Կ՛արտագրեմ Աբգար Աբինեանի խօսքերէն քանի մը տող. «…մեր միակ պրոբլեմն (խնդիր) այն է, որ կեանքի բոլոր ասպարէզները յանձնել ենք միջակութիւններին` նրանք այլասերեցին ամէն ինչ` մեր արուեստը, գիտութիւնը, քաղաքականութիւնը: Մեր մշակոյթի այգին քաղհանելու կարիք է զգում` համատարած մոլախոտ է»:
Սրտցաւ հայու խօսք, ոչ սոսկ մտաւորականի: Ոչ պառաւածի ընթացիկ տրտունջ:
Ո՞վ չի գիտեր, որ միջակութիւնը առօրեայի անմիջականը կը տնտեսէ: Հեռանկար չի բերեր:
Բայց ինչպէ՞ս վերաորակաւորել եւ վերաորակաւորուիլ հայ ազգային ըմբռնումով: Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ):
Ասկէ առաջ, տարբեր ձեւերով արտայայտուած եմ մեր շահակցութիւններու, փառասիրութիւններու, նեղմտութիւններու, կողմնապաշտութիւններու հետեւանք մեր ճահճացումներուն մասին: Հայաստանի ծանօթ եւ առակի կարգ անցած ԽԾԲն (խնամի-ծանօթ-բարեկամ) համազգային բարք է, ախտ: Յաճախ կը յիշեմ ամերիկեան ժապաւէնը, որուն անունն էր՝ «Օդաչու Մը Կա՞յ Օդանաւին Մէջ»: Այսինքն՝ ո՞վ կամ որո՞նք կը բռնեն ղեկը:
«Իրաւունք» թերթը բեմ տուած է Հաաստանի մտաւորականներէն Աբգար Աբինեանի կոշտ քննադատութեան: Ան կը խօսի Հայաստանի մասին: Իր խօսքը կարելի է տարածել բազմագոյն սփիւռքներու վրայ նաեւ, ուր հայերէն չգիտցողը, հայ գրականութիւնը քանի մը թարգմանութիւններով ճանչցողը, հայոց պատմութիւնը քանի մը կարգախօսներով «իւրացնող»ը կը դառնան հայ դպրոցի տնօրէն, հայկական կազմակերպութեան նախագահ կամ քաղաքական ղեկավար: Միջակութիւնը ճոխացնելով անգիտութեամբ: Բառերն ալ պարպելով իրենց իմաստէն:
Հինգ տարի առաջ գանատացի մտաւորական մը, ֆրանսական շաբաթաթերթ Le Point-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած էր այս «միջակութեան» խնդրին: Մխիթարութիւն մը. ախտը ընդհանուր է: Ենթական կը կոչուի Ալէն Տընոլ (Alain Deneault), իմաստասիրութեան դոկտոր է եւ կ՛ուսուցանէ Մոնթրէալի համալսարանին մէջ: Ան ըսած է.
«Վերցուցէ՛ք այդ բարդ գիրքերը, հաշուական տոմարները բաւարար են: Մի՛ ըլլաք հպարտ, մտացի, նոյնիսկ հանգիստ, գոռոզ ըլլալ պիտի թուիք: Չափաւորեցէ՛ք ձեր կիրքերը, անոնք վախ կը պատճառեն: Մանաւանդ ոչ մէկ լաւ գաղափար, թուղթ փճացնող մեքենան անով լեցուն է:… հարկ է կակուղ մտածել եւ այդ ցոյց տալ, խօսիլ ձեր անձի մասին զայն վերածելով նուազագոյնի: Ձեզ պէտք է տեղաւորել… ժամանակները փոխուած են, միջակութիւնները տիրացած են իշխանութեան»: Գիրքին անունն է La Médiocratie, միջակութեան իշխանութիւն, ինչպէս démocratie-ն ժողովուրդի իշխանութիւնն է:
Գանատացի փիլիսոփայութեան դոկտորը կազմած է միջակութեան կանոնը, որ ընկերային կեանքի մէջ յաջողութեան կ՛առաջնորդէ:
Ընկերային կեանքի մէջ յաջողելու եւ դիրքեր գրաւելու համար միջակութիւնը պէտք է մշակել: Այդ ընելու համար կ՛ըսուի.
– Վերցուցէ՛ք այդ բարդ գիրքերը, հաշուական տոմարները բաւարար են…
– Մի՛ ըլլաք հպարտ, մտացի, գոռոզ ըլլալ պիտի թուիք…
– Չափաւորեցէ՛ք ձեր կիրքերը, անոնք վախ կը պատճառեն:
– Ոչ մէկ լաւ գաղափար, թուղթ փճացնող մեքենան անով լեցուն է…
– Հարկ է կակուղ մտածել եւ այդ ցոյց տալ
– Խօսիլ ձեր անձի մասին զայն վերածելով նուազագոյնի
– Ձեզ պէտք է տեղաւորել… այսինքն՝ պաշտօն ունենալ։
Համագումար եզրակացութիւն.
– …ժամանակները փոխուած են, միջակութիւնները տիրացած են իշխանութեան:
Միջակութեան որակաւորում… Հետեւանքը՝ իմաստէ պարպուած կարգախօսներ, կատակերգակ մեծն Մոլեէրի թատերական երկի «Իմաստուն Կանայք»ը յիշեցնող այրերով եւ կիներով, սնամէջ ճառեր, երբ բարոյալքում, բարոյազրկում, նահանջ, պարտութիւն, ընկճուածութիւն եւ ձանձրախտ դարձած են հայ կեանքի առօրեան:
Նոր առաջարկ, նոր գաղափար, քննադատութիւն, կը համարուին գայթակղութիւն, անոնց հեղինակներն ալ՝ վտանգաւոր եւ վնասակար, ժամանակավրէպ եւ մաշած, մեծամասնութեան միջինի դատողութեամբ:
Այս կացութիւնը կը սնանի կուշտերու եւ յղփացածներու քաղաքակրթութեան սպառողական ընկերութեան մէջ կամ անոր երազը ունեցողներով, բարեբեր ենթահողը ամէն տեսակի միջակութիւններու: Այսինքն՝ ճառագայթում չունեցողներու:
Ինչպէս ըսած էր Ճորճ Օրուէլ. «Ինչ որ կը կազմէ էութիւնը մարդ արարածին, այն է՝ չփնտռել կատարելութիւնը»:
Այսինքն մտնել ոչխարի հօտին մէջ:
Այս է «Միջակութեան Իշխանութիւնը», Médiocratie-ն:
«Կուկըլ»ին հարցուցի, թէ ի՞նչ է այդ բառին հայերէնը. ըսաւ «մեդիոկրատիա»…
Աթոռ, աթոռակ, հասարակ տեղիքներով գրչակներու (nègre) գրած ճառեր, բեմերու վրայ շորորացողներ եւ հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանէն անգիր եղած խօսքեր լայնօրէն կը բացատրեն Աբգար Աբինեանի խօսքերը.
«… կեանքի բոլոր ասպարէզները յանձնել ենք միջակութիւններին` նրանք այլասերեցին ամէն ինչ` մեր արուեստը, գիտութիւնը, քաղաքականութիւնը»…
Լսողներ կ՛ըլլա՞ն զիրար չճանչցող գանատացի փիլիսոփայութեան դոկտորը եւ Հայաստանի մտաւորականը:
Եթէ չենք լսեր պէտք չէ տրտնջալ, գոհանալ եւ ըսել որ ամէն բան լաւ է, ասկէ լաւ չ՛ըլլար:
Աբգար Աբինեանի մոլախոտը ինչպէ՞ս քաղհանել: Այդ ընելու կամքը ինչպէ՞ս դարձնել համազգային:
Եւ ազգը ազատագրել ամէն կարգի այլասերումներէ, եթէ կրնանք: Մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը:
Ուրկէ՞ կ՛անցնի վերականգնումի ճամբան:
21 Հոկտեմբեր 2021
Վիլլէր-սիւր-մէր