ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Հայաստանի նոր կառավարութեան առջեւ բազմատեսակ մարտահրաւէրներ կան:
Հայաստանի նոր Ազգային ժողովին մէջ բաւական կնճռոտ հարցեր կան:
Պատերազմէն ետք բաւական աշխատանքի մարզեր նոր դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուին:
Սակայն այս բոլորին զուգահեռ պէտք է նկատի առնուի նաեւ այն, որ Հայաստանի կառավարութիւնը անմասն չմնայ լիբանանահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններէն:
Խօսքի ժամանակը շատոնց անցած է: Գործի ժամն է արդէն: Լիբանանահայութեան օրակարգը ո՛չ իրաքահայ, ո՛չ ալ սուրիահայ գաղութներու օրակարգերուն հետ կարելի է բաղդատել:
46 տարիներու լիբանանահայութեան հաւատքը ամուր մնացած է եւ պիտի մնայ:
Լիբանանահայութիւնը պահելն ու պահպանելը միայն նախկին լիբանանահայերու օրակարգ պէտք չէ ըլլայ:
Ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած սփիւռքի միայն նախկին լիբանանահայերու հանգանակութեամբ չէ, որ այս գաղութը պէտք է պահուի:
Այսօր, փաստօրէն, մեծ թիւով լիբանանահայեր կը փոխադրուին Հայաստան:
Հայաստանի կառավարութիւնը լիբանանահայութեան համար յատուկ ծառայութիւններու եւ միջոցառումներու չդիմեց տակաւին:
Նոյնը չէր իրաքահայերու եւ սուրիահայերու պարագային: Թէեւ անոնց համար եղածն ալ մեծ բան չէր:
Լիբանանահայութիւնը, տասներորդ անգամն ըլլալով կը կրկնենք, սփիւռքին մարդուժ մատակարարող օճախն է:
Լիբանանահայութիւնը անցեալէն մինչեւ օրս բոլորին հասնող գաղութն է:
Լիբանանահայութիւնը այսքան ծանր տագնապ չէ անցուցած:
Ամբողջ սփիւռքը պէտք է զօրաշարժի ենթարկուի, որպէսզի այս գաղութը ոտքի մնայ:
Հիւանդանոցային, բժշկական, դեղորայքի, ընկերային, կրթական, սնունդի, կենցաղային կարիքները բազմատեսակ են, եւ եւ օրէ օր զանոնք ապահովելը աւելի նուաստացուցիչ կը դառնայ:
Հայաստան հասնող եւ հաստատուող լիբանանահայերը տակաւին ոչ մէկ նեցուկ կը վայելեն: Ո՛չ մէկ ուղղութիւն, ո՛չ մէկ նախաձեռնութիւն, ոչ մէկ հետաքրքրութիւն:
Կարծէք երկրորդ կարգի քաղաքացիներ են:
Կարծէք պետութիւնը չունի Լիբանանէն հայրենիք տեղափոխուող հայորդիներուն տէր կանգնելու, զանոնք քաջալերելու, պահելու եւ գոհացնելու տրամադրութիւն:
Այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, պէտք է քաջալերուի ներգաղթը: Իսկ այս ժամանակահատուածին լիբանանահայերու ներգաղթի հոսքին նկատմամբ այսքան անտարբեր մնալը վնաս է բոլորիս:
Փաստը սուրիահայերուն Հայաստան ներգաղթն ու անմիջապէս օտար ափեր հոսքն է: Պատճառները շատ են, սակայն հիմնականը անտէր զգալն է:
Հայաստանի պետութիւնը պէտք չէ սպասէ վեհափառէն, քաղաքական կուսակցութիւններէն եւ համայնքներէն խնդրանք կամ ծրագիր: Գործնապէս ի՛նքը թող ունենայ յստակ ծրագիր մը` լիբանանահայութեան վերաբերող:
Այսօր լիբանանահայութիւնը լինել-չլինելու պայքար կը մղէ եւ ինքզինք կը պահէ ի՛ր ճիգերով միայն:
Ճիշդ չէ ամէն անգամ յիշեցնելու կարգով մատնանշենք մեր գաղութին կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը:
Յուսամ միտքս յստակ է: