Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Գործօն մասնակցութիւն եւ առողջ քննադատութիւն

March 7, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Տակաւին Վճռա՞ծ Ենք

ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

«Եկեղեցին հիւա՛նդ է»:

«Ա՞յս ինչ խօսք է. կարելի՞ է նման արտայայտութիւն ունենալ», պիտի ըսէր մամիկը կամ պապիկը եւ, ինչո՞ւ չէ, նոյնիսկ իսկական հաւատացեալ երիտասարդը: Շատերու մտածելակերպն է ասիկա, դժբախտաբա՛ր, իսկ ուրիշներու ալ` «մտահոգութիւնը»: Մտահոգութի՞ւն: Երբե՛ք: Մտահոգութիւնը մեզ պատասխանատուութեան մը կը մղէ, բան մը փորձել մտածելու կամ առաջարկելու, եւ ոչ թէ հեռուներէն քննադատելու:

Եկէք քիչ մը անկեղծ ըլլանք:

«Եկեղեցին հիւանդ է», «Եկեղեցին մաշած է», «Եկեղեցին անդամալուծուած է», «Եկեղեցին խեղճացած է» արտայայտուողներ իրականին մէջ եկեղեցւոյ կեանքին հետ որքա՞ն առնչութիւն ունին: Անոնք նոյնիսկ պատարագներու կամ եկեղեցական խորհուրդներու ընթացքին եկեղեցւոյ շրջափակը կ՛անցընեն իրենց ժամանակը: Սակայն անոնք քննադատողներու առաջին դիրքը կը գրաւեն, եւ` մեծ հաճոյքով: Դժբախտաբար նման քրիստոնեաներէ Եկեղեցին կը յոգնի, կը մաշի, կը հիւանդանայ…

Եկեղեցին հեռուներէն քննադատողներ` անոր ի՞նչ ըրած են ցայսօր: Սխալ չհասկցուելու համար պարզեմ, որ ըսուածը նիւթականի մասին չէ՛, այլ` գործով ապացուցուած արարքի մը մասին: Օրինակ, անոնք քանի՞ հոգի եկեղեցի բերած են, որպէսզի քրիստոնեայ ընտանիքը բարգաւաճի: Երիտասարդական կամ այլ հաւաքոյթներու քանինե՞ր իրենց ներկայութիւնը բերած են: Անոնք եկեղեցւոյ կեանքին մէջ որքանո՞վ ներկայութիւն են: Երբ ըսուի, որ եկեղեցին այս ըրաւ, այդ ըրաւ, անմիջապէս կը պատասխանեն. «Չէի գիտեր»: Այո՛, չգիտնալը «մտահոգութենէ» կամ «բծախնդրութենէ» կու գայ: Պարզ է եւ յստակ: Սակայն ցաւալին այն է, որ «չէի գիտեր» ըսողը, այլ տեղ «Եկեղեցին ի՞նչ կ՛ընէ որ» ըսած կ՛ըլլայ: Դժբախտաբար նման իրականութեան մը դիմաց կը գտնուինք: Մեր ալ դժբախտութիւններէն մին ա՛յս է. հեռուներէն քննադատել:

Եկեղեցին հիւա՞նդ է:

Եկեղեցին մեր մա՛յրն է, քու մա՛յրդ է:

Եթէ մեր մայրը հիւանդանայ, կը լքե՞նք զինք, թէ՞ ի գին ամէն զոհողութեան բուժման ճիգեր կը կատարենք: Մայրիկը նոյնիսկ մեր սիրտը ուզէ` կու տանք առա՛նց վարանելու, որպէսզի ան ապրի: Եկեղեցին մայրս ու մայրդ է, իսկ եթէ  սիրտս կամ սիրտդ պէտք է ըլլայ, պիտի տա՛նք, որպէսզի անիկա ապրի:

Սիրելի՛ ընթերցող, դո՛ւն ես եկեղեցին: Երիտասա՛րդն է եկեղեցին: Պատանի՛ն է եկեղեցին: Մանո՛ւկն է եկեղեցին: Հայ ընտանի՛քն է եկեղեցին:

Եթէ մենք առողջ ենք, ուրեմն եկեղեցին ալ առողջ է, եթէ մենք վատառողջ ենք, ուրեմն® Եկէք` ըլլանք եկեղեցւոյ փաստաբանը եւ ո՛չ դատաւորը: Ըլլանք եկեղեցւոյ պաշտպանը եւ ո՛չ հեռուէն քննադատողը: Սիրէ՛ տուն-եկեղեցիդ այնպէս, ինչպէս պիտի սիրէիր տունը ընտանիքիդ:

«Կը նախընտրեմ գաւիթիդ մէջ իմ անցուցած մէկ օրս, քան թէ հազար ուրիշ օրեր` գաւիթէդ դուրս ապրուած» (Սղ 84.10), Դաւիթ մարգարէի յիշեալ խօսքերը եթէ դարձնենք կեանքի սկզբունք, ուրեմն կը դառնանք Եկեղեցւոյ գործօն մասնակիցները եւ, աւելի՛ն, առողջ քննադատութիւն կատարողները եւ ոչ լոկ հեռուներէն աժան քննադատութիւն կատարողները:

Անթիլիաս, 21 փետրուար 2022

Previous Post

EU praises Turkey’s role in Ukraine, proposes cooperation

Next Post

Erdoğan urges Putin to take ‘immediate steps’ for peace in Ukraine

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.