Ժամանակին թագաւոր մը կար: Այս թագաւորը քանի մը աղջիկ կունենայ՝ մէկը միւսէն գեղեցիկ, բայց ամէնէն գեղեցիկը փոքր աղջիկն է. այնքան սիրուն, որ ալ չուտես, չխմես, կանգնիս ու նայիս:
Թագաւորի պալատին մօտիկ անտառ մը կար, անտառին մէջ հին լորիի տակ ջրհոր մը: Այս սիրուն աղջիկը սովորութիւն ունէր՝ ամէն օր երթալ այն զով տեղը, ջրհորի մօտ խաղալ, իր ոսկի գնդակը վեր նետելով ու բռնելով: Օր մըն ալ խաղցած ատեն գնդակը շատ բարձր կը նետէ, չկրնար բռնել, ու գնդակը կ՛իյնայ ջրհորը: Կը նայի՝ ջրհորը աչքին կը թուի խոր ու անյատակ: Կը սկսի աղի արցունք լալ: Այս լացի ժամանակ յանկարծ մէկը կը կանչէ.
-Ի՞նչ պատահեր է, թագաւորի աղջիկ, ինչու՞ համար այդպէս աղի-արցունք կուլաս:
Աղջիկը կը նայի ի՜նչ տեսնէ, մեծ գորտ մը ջրհորի եզրին նստած՝ մարդու նման կը խօսի: Կը զարմանայ: Կ՛ըսէ.
-Խաղցած ատեն գնդակս ջրհորը նետեցի, գորտ եղբայր, ատոր համար կուլամ:
-Է՝հ, – կը խնդայ գորտը, – այդ ի՞նչ բան է, որ ատոր համար կուլաս: Ի՞նչ կուտաս, որ գնդակը հանեմ:
-Ամէն, ամէն բան կուտամ, – կը սկսի աղջիկը աղաչել, – իմ բոլոր զարդերը կուտամ, իմ անգին քարերը կուտամ, իմ ոսկի թագը կուտամ, միայն թէ իմ սիրուն գնդակը հանես:
Գորտն ալ կը պատասխանէ.
-Ի՞նչ պիտի ընեմ քու զարդերդ, քու անգին քարերդ, մարգարիտներն ու ոսկի թագը: Չեմ ուզեր: Ահա ուրիշ բան է՝ եթէ ինծի սիրէիր, ու այնպէս սիրէիր, որ ամէն բանի մէջ քու անբաժան ընկերդ ըլլայի, քեզի հետ միասին սեղան նստէինք, մէկ ամանով ուտէինք, մէկ գաւաթով խմէինք ու մէկ անկողինին մէջ քնանայինք:
-Լա՛ւ, լա՛ւ, ինչ որ կ՛ուզես այդ ամէնը կը խոստանամ, միայն թէ իմ գնդակը բերես, – խօսք կուտայ թագաւորի աղջիկը ու իր մտքին մէջ կ՛ըսէ. – Ասոր նայիր, է, տխմար կռկռան, տես ինչե՜ր կուզէ: Գնա ջրհորին մէջ հրճուիր ու կռկռայ, քեզի յարմար չէ, որ մարդուն ընկեր դառնաս:
Գորտը երբ այս խոստումը կը լսէ՝ իսկոյն կը սուզուի ջուրի յատակը, գնդակը կը նետէ կանաչ խոտի մէջ: Աղջիկը կը վազէ գնդակը կը յափշտակէ, ուրախ-ուրախ, ցատկռտելով կը վազէ դէպի տուն: Գորտը կը կանչէ..
-Կեցի’ր, կեցի՛ր, ինծի ալ հետդ տար … չէ՞ որ ես քեզի պէս չեմ կրնար վազել…
Աղջիկը ալ ետեւը չի նայիր, կը վազէ հօր պալատը ու գորտն ալ իր միտքէն կը հանէ: Գորտը ետեւէն կը նայի ու կը նայի ու դարձեալ կը մտնէ ջրհորը:
Միւս օրը երբ թագաւորի աղջիկը իր հօր ու պալատականներու հետ միասին սեղան կը նստի ու կը սկսի ուտել իր ոսկի ամանով, չըլըփ, չըլըփ, մէկը մարմար աստիճաններով կը բարձրանայ, դուռը կը ճանկէ ու կը կանչէ.
- Թագաւորի փոքրիկ աղջիկ, բաց դուռը ..
Թագաւորի աղջիկը վազելով կ՛երթայ տեսնելու՝ ով կը կանչէ իրեն: Դռւոը կը բանայ, կը տեսնէ՝ դիմացը կանգնած գորտը: Իսկոյն դուռը կը փակէ ու վախցած կուգայ կը նստի իր տեղը:
- Այդ ի՞նչ էր, աղջիկս, ինչու՞ այդպէս վախցար: Չըլլա՞յ թէ սատանայ կայ կանգնած դուռին ետեւը՝ կ՛ուզէ քեզի փախցնէ, – կը հարցնէ թագաւորը:
- Ո՛չ, հայրի՛կ, սատանայ չէ, անճոռնի գորտ մըն է:
- Գորտը ի՞նչ կուզէ քեզմէ:
- Գիտես, հայրի՛կ … երէկ անտառի ջրհորին մօտ կը խաղայի, յանկարծ իմ ոսկի գնդակը ինկաւ ջրհորը … ես սկսայ լալ … Գորտը հանեց ինծի տուաւ իմ ոսկի գնդակը… եւ ան ատոր փոխարէն կուզէր, որ ես անպատճառ իր խաղընկերը դառնայի, ես ալ խոստացայ … Բայց իմ միտքէս չէր անցներ որ, ան կը կարողանայ իր ջրհորը թողնել .. Իսկ հիմա եկեր է, կանգնած այնտեղ դուռին ետեւը, կ՛ուզէ մօտս գալ :
Մինչ գորտը կը ճանկէ դուռը ու կը կանչէ.
-Թագաւորի փոքր աղջիկ,
Եկու՛ր դուն բաց դուռը
Մի՞տքդ է երէկ ինչ խօսք տուիր
Պաղ ջրհորին եզերքին ..
Թագաւորի փոքր աղջիկ,
Եկու՛ր դուն բաց դուռը
Թագաւորը աղջկանը կ՛ըսէ,
- Խօսք տուած ես, պէտք է կատարես: Գնա դուռը բաց: Աղջիկը կ՛երթայ դուռը կը բանայ: Գորտը ետեւէն ներս կը ցատկէ, հո՛փ, հո՛փ, ցատկելով կը հասնի աթոռին ու կը կանչէ.
- Ինծի բարձրացուր ու դիր մօտդ:
Աղջիկը շատ կը նեղուի, կը տատամսի, բայց թագաւորը կը պատուիրէ, որ գորտը ինչ որ ըսէ՝ լսէ: Աղջիկը գորտին կը բարձրացնէ կը դնէ իր աթոռին: Հազիւ աթոռին կը դնէ, այս անգամ ալ կուզէ սեղանը բարձրանայ: Կը դնէ սեղանին: Այս անգամ ալ կըսէ՝ մօտդ բեր ոսկի ամանը, որ միասին ուտենք, ի՞նչ ընէր խեղճ աղջիկը: Այս մէկ փափաքն ալ կը կատարէ: Կուտէ, այս անգամ ալ՝ կշտացայ, քունս կուգայ, ինծի տար քու սենեակդ, մետաքսէ անկողինդ պատրաստէ, որ քեզի հետ միասին քնանանք: Այստեղ արդէն աղջիկը կը սկսի լալ: Սառը ու լպրծուն գորտին դպչելէն ալ կը զզուէր ու ……, հիմա պէտք է տանէր իր գեղեցիկ ու մաքուր անկողինին մէջ իր հետը քնացնէր: Չուզէր, բայց հայրը աւելի կը զայրանայ: Կ՛ըսէ՝ պէտք չէ արհամարհես անոր, որ փորձանքի ժամանակ սուղ էր քեզի համար: Ինչ որ խոստացեր ես պէտք է կատարես:
Ճարահատուած աղջիկը երկու մատով գորտի մէջքէն կը բռնէ, կը տանի իր ննջարանը ու կը դնէ անկիւնը: Բայց եկուր տես, որ գորտը խրատ չառնէր: Աղջիկը երբ անկողին կը մտնէ թէ չէ՝ ցատկելով կը մօտենայ, յատակին կը կանգնի ու ճզճզալով կը խօսի.
- Հը՜,… ես ալ յոգնած եմ … ես ալ կուզեմ քնանալ … ինծի ալ պառկեցուր քեզի հե՜տ …
Այնպէս կ՛ըսէ, որ այս աղջկայ սիրտը կը շարժի, ժպտալով կը վերցնէ դնելով իր անկողինին վրայ: Հազիւ անկողինին վրայ կը դնէ թէ չէ մէկ ալ այն կը տեսնէ՝ այս գորտի կաշին կը պատռուի, ու մէջէն դուրս կուգայ գեղեցիկ երիտասարդ մը, իրեն մօտիկ նստած: Մօտիկ կը նստի ու կը պատմէ զարմացած աղջկանը, թէ ինքը թագաւորի տղայ եղած է, չար կախարդը գորտի դարձուցած է, այժմ աղջիկը իրեն հանեց ջրհորէն ու վերադարձուց իր մարդկային կերպարանքը:
Այստեղէն ուրախ-ուրախ ոտքի կ՛ելլեն կ՛երթան թագաւորի մօտ, կը պատմեն ամէն բան: Այնպէս ալ դուք ուրախանաք, ինչպէս որ թագաւորը կ՛ուրախանայ. Մեծ հարսանիք կը կազմակերպէ ու անոնց կը պսակէ:
Հարսանիքէն յետոյ նորապսակները պիտի երթային թագաւորի տղուն հայրենիքը: Առտու կանուխ դուռին կը կանգնի ութ ձիերով կառք մը, ձիերը սպիտակ, ջայլամի սպիտակ, բարձր փետուրները գլուխներուն վրայ, բոլոր իրերը ոսկեղէն, իսկ կառքի ետեւը՝ կանգնած թագաւորի տղուն հին ծառան՝ հաւատարիմ Օհանը: Ու այսպէս իր հաւատարիմ Օհանը թիկունքին, երիտասարդ կինը մօտը, թագաւորի տղան կը սլանայ դէպի հայրենիք:
Շատ կ՛երթայ թէ քիչ, մէկ ալ յանկարծ ճանբան ականջին ձայն մը կուգայ, կը թուի, թէ կառքի ետեւը բան մը կոտրուեցաւ: Ետեւ կը դառնայ կը կանչէ.
-Ի՞նչ է, Օհա՛ն, կա՞ռքը կոտրուեցաւ:
-Ո՛չ, ո՛չ, իմ տէր, կառքը չէր այս.
Այս իմ սիրտի կապն էր երկաթ,
Որ կը տանջէր ինծի անընդհատ
Այն օրէն, երբ դուն հորին մէջ
Կ՛ապրէիր գորտի օրով:
Կ՛երթան: Ճամբան մէկ երկու անգամ ալ այդ տեսակ ձայներ կուգան թագաւորի տղու ականջին ու ամէն անգամ ալ այնպէս կը թուի, թէ կառքը կոտրուեցաւ, բայց իսկապէս Օհանի սիրտի ծանր երկաթի կապանքները կը խորտակուէին ու կ՛իյնային: Այն օրէն, որ իր տէրը գորտ դարձած էր, հաւատարիմ Օհանը սաստիկ տխրած էր ու երեք պատ երկաթի կապով կապեր էր իր սիրտը, որ տխրութիւնէն չպատռուէր: Ահա այդ կառքը եկած էր, որ իր երիտասարդ տիրոջը հայրենիք տանի: Հաւատարիմ Օհանը երկուքին ալ նստեցուցած էր կառքին մէջ՝ ինքն ալ կանգնած էր իրենց թիկունքին, եւ, տեսնելով իր երիտասարդ տիրոջը կախարդանքէն ազատուած ու բախտաւոր, ուրախութիւնէն սիրտը եօթը «կանգուն չափ» երկարութեամբ բացուեր էր, ու իրար ետեւէն կը խորտակուէին կ՛իյնային սիրտի ծանր կապանքները:
Հեղինակ՝ Կրիմմ Եղբայրներ, Grimm Brothers
Արեւելահայերէնի թարգմանութիւնը՝ Յովհաննէս Թումանեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Շաքէ Մանկասարեան