ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեան Արամ արք. Աթէշեանին եւ Սահակ եպս. Մաշալեանին ուղղուած նամակով մը յայտարարեց, որ ինք պատրաստ է իր թեկնածութիւնը չներկայացնելու, որպէսզի Թուրքիոյ իշխանութիւնները սրբագրեն Թուրքիայէն դուրս ապրող եպիսկոպոսներուն թեկնածութիւնը արգիլող յօդուածը՝ ընտրական կանոնադրութեան մէջ։ Ըստ Սեպուհ սրբազանին՝ Անգարա թեկնածուներու թիւը սահմանափակած է յատկապէս դէմ դնելու համար իր ընտրութեան։ Այս իրողութենէն մեկնելով՝ Սեպուհ սրբազան կը հրաժարի թեկնածութենէն եւ Արամ ու Սահակ սրբազաններէն կը խնդրէ, որ դարձեալ դիմեն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն եւ խնդրեն, որ ջնջուի կանոնագրութեան այդ յօդուածը։
Սեպուհ սրբազանը այս առաջարկին կողքին ներկայ կացութեան մասին քննարկումներ կ՛ընէ եւ դիտել կու տայ, որ նման արհեստական սահմափակումներով կատարուած ընտրութեան մէջ յաղթող կողմը չի կրնար ազգընտիր կամ արժանընտիր նկատուիլ, ուրեմն Արամ ու Սահակ սրբազանները պէտք է ո՛չ թէ խօսքով, այլ գործով ցոյց տան, որ կը պաշտպանեն իրենց միւս հոգեւոր եղբայրներուն իրաւունքները եւ դարձեալ դիմեն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կամ իրենք եւս քաշուին ընտրութիւններէն։ Նշենք, որ Գերմանիոյ Հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքչեան եւս ետ քաշած էր իր թեկնածութիւնը, քննադատելով Անգարայի միջամտութիւնը։