Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Գուցէ Աստծոյ Ամենակարող Աջը Հասնի Մեզ»

January 12, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Խաղաղութեան Սպառնացող Թուրքիա

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Մենք հայ ենք, Աստծու անէծքը գրած է մեր ճակատի վրայ: Անմիաբանութիւնը, երկպառակութիւնը, նախանձը, թշնամութիւնը եւ հազար ու մէկ այս տեսակ չարութիւններ շատ ժամանակներից բոյն են դրել մեր հոգու մԷջ, եւ մենք կրում ենք այդ մեղքերի պատիժը: Թշնամին մեղաւոր չէ, եթէ մեր մէջ սիրտ լինէր, միութիւն լինէր, յիմար թշնամին ի՞նչ կարող էր անել:

ՌԱՖՖԻ

Ելեկտրոնային նամակատուփիս մէջ գտայ հայրենի յանձնառու եւ յարգելի մտաւորականի մը ամանորեան դասական բարեմաղթութենէ տարբեր խօսքը, որ ընթացիկ լրատուութենէ անդին` ահազանգ է:

Ներսը եւ դուրսը, թեր ու դէմ եղողներ, հին քէներ որոճացողներ, իշխանատենչութեամբ բթացածներ պարտութիւն եւ հայրենիքի կորուստ կ՛անտեսեն: Պատմական պահու հարուածին տակ կքած ենք: Փոխանակ ինքնամաքրուելու, չարացած ենք իրարու դէմ, մենք մեզի դէմ, թափահարումներ` սպառնալիք եւ վտանգ չտեսնելու, չքմեղանք փնտռելով:

Կրկին կարդացի Ամանոր եւ այլ հետաքրքրութիւններ մոռցնող տողերը հայրենի մտաւորականին. «…մեր հրաշք երկիրը դարձել է ողբի եւ որբի հայրենիք, մեր հպարտ ժողովուրդը` մոլորուած եւ գլխիկոր: Ո՞վ կը պատկերացնէր: Գնալով ոչ թէ վիճակը լաւանում է, այլ գլորւում ենք անդունդը:  Չգիտենք` ի՛նչ կը բերի մեր ազգին, պետութեանը 2021-ը, բայց ակնկալենք, որ գուցէ Աստծոյ ամենակարղ Աջը հասնի մեզ»:

Ապաւինիլ «Աստծոյ ամենակարող Աջին» ճակատագրապաշտութիւն է, անզօրութեան զգացում, դառնացնող խոստովանութիւն, որ նահանջած է ազգի վերականգնումի ներուժը:

Քանի մը տողեր, որոնք զիս տարին մինչեւ Արիստոտէլ, որուն գործածած catharsis բառը միշտ մտածելու մղած է զիս: Անոր բառարանային պարզ իմաստը ինքնամաքրում է, ինքնաբիւրեղացում: Արիստոտէլ յունական ողբերգական թատրոնին մէջ կը տեսնէր այդ դերը. հանդիսատեսը ազատել իր կիրքերէն, մաքրել անոր հոգին` զանոնք արտայայտելով խորհրդանշականօրէն, բեմին վրայ, խորհրդանիշ-տիպարներով (հերոսներ): Խաղցուած ողբերգութիւնը, փոխանորդաբար, հանդիսատեսէն կը հեռացնէր կիրքերը, կը մաքրէր անոր հոգին: Ինչ որ հետագային, անցեալ դարուն, հոգեվերլուծումով (psychanalyse), պիտի ընէր Սիկմունտ Ֆրէօյտ, այսօր կ՛ընեն հոգեվերլուծողները` խորհրդանշականօրէն կրկնելով արարքները:

Կարդացած տողերուս մէջ կայ արձագանգը Յովհաննէս Թումանեանի. ողբի եւ որբի հայրենիքի… Ցեղասպանութենէ ճողոպրած եւ Հայաստան հասած փախստական-գաղթական ամբոխներու մասին էր իր խօսքը, հազարաւոր որբերու: Այդ դար մը առաջ էր:

Համացանցի վրայ կարդացած էի Րաֆֆիի վերեւ յիշուած խօսքը, ցաւագին հաստատումը… «Թշնամին մեղաւոր չէ, եթէ մեր մէջ սիրտ լինէր, միութիւն լինէր, յիմար թշնամին ի՞նչ կարող էր անել»:

Հիմա, թուրք-ազերի յարձակման պատճառով զոհուած են աւելի քան հինգ հազար երիտասարդներ, անոնք իրենց ետին կը ձգեն որբեր, կին, որդեկորոյս հայր եւ մայր: Ազգին ժառանգ մնացած են տասը հազար հաշմանդամներ: Հնձուած երիտասարդ կեանքեր, ազգի երիտասարդացման եւ աճման ներուժը, ինչպէս Հայաստան կ՛ըսեն` կենեֆոնդը, կորուստը գալիք սերունդի…

Կրկին իրենց անունը չըսող ցեղասպանութիւն եւ հայրենահանում…

«…մեր հպարտ ժողովուրդը` մոլորուած եւ գլխիկոր»:

Խաբուած ժողովուրդ, ներսը եւ դուրսը: Յաճախ մեր հաւաքական հոգեվիճակը կ՛արտայայտենք հպարտութիւն կորսնցուցածի յատուկ ընկճախտ բառով:

Մոլորուած, կամաւոր կերպով յանձնուած ամբոխահաճութեան (populisme), քէնի եւ դժգոհութեան բաւարարման խոստումը քաղաքական ընտրանք համարած ժողովուրդ, որ իր առաջնորդութիւնը եւ հայրենիքը յանձնեց անփորձութեան եւ սիրողականութեան: Մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդը եւ անոր հայրենիքը, կարիք ունէին պատրաստուած, բանիմաց եւ փորձ ունեցող մարդոց ղեկավարութեան: Քաղաքականութիւնը արհեստ-արուեստ է, միտքի մարզանք չէ, ղեկավարը գիտաշխատանոցի մէջ փորձեր ընող գիտնական չէ, որ կրնայ ձախողիլ եւ վերսկսիլ: Քաղաքական կեանքի մէջ սխալը աններելի յանցանք է, եւ ժողովուրդը, ազգը եւ հայրենիքը կը վճարեն, անդառնալիօրէն:

Գուցէ Աստծոյ ամենակարող Աջը հասնի մեզ… Ըսուած է` գուցէ…

Կը նշանակէ, որ առանձին ենք մեր ճակատագրին դէմ: Այդ ԱՄԵՆԱԿԱՐՈՂը կա՛մ կը յայտնաբերենք մեր մէջ, ազգային իրաւ գիտակցութեամբ եւ առաքինութեամբ (միշտ բառին հռոմէական իմաստով` virtus, հոգեկան ուժ), կա՛մ կը շարունակենք կրպակային տնավարի հաշիւները եւ շուն ու կատուի գզուըռտուքը, կա՛մ կը մէկտեղենք մեր ամէն գոյնի եւ հորիզոնի ուժերը, իմացական եւ տնտեսական կարողութիւնները: Հաւաքական լարում ըսելով, որ իրաւունք ունին միայն ազգը եւ հայրենիքը, լռեցնելով մրցակցութիւն, ես, քէն, սխալներու գերանցումով, որպէսզի հաւաքաբար եւ նոյն ուղղութեամբ նայինք ապագային:

Երկրի մը ներկան քաղաքականութիւն է, սրճարանային զրոյց չէ, ընթրիքի սեղանին շուրջ ասէկոսէի շատախօսութիւն չէ: Երկիր մը չ՛առաջնորդուիր յուզումով, քէնով եւ հաւկուրութեամբ: Անհրաժեշտ են պատմութեան, աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական պայմաններու գիտակցութիւնը: Այսօր ազգը եւ հայրենիքը կարիք ունին առաջնորդի մը, որ մտածէ Վիքթոր Հիւկոյի պէս եւ ըսէ. «Ժողովուրդ մը, որ ազատութիւն ունի, պարտի ունենալ նաեւ կամք»: Կամք` ընդդէմ ճակատագրապաշտութեան, պարտութեան, ընկճուածութեան:

Յիշել Մաքիաւէլիի դասը. «Հոն, ուր կամքը հզօր է, դժուարութիւնները կը նուազին»: Աւելի սրամիտ է ամերիկացի գրող Մարք Թուէյն, որ ըսած է. «Քաղաքագէտները եւ նորածիններու ներքնաշորերը յաճախ պէտք է փոխուին եւ նոյն պատճառով»… Արդարեւ, անոնք միշտ ցանկութիւն կ՛ունենան յաւերժանալու եւ այդ ընելու համար միջոցներու միջեւ խտրութիւն չեն դներ, կը դառնան բռնակալներ` հոլովելով ժողովուրդ եւ ծառայութիւն բառերը, երբ կ՛առաջնորդուին եսով եւ չարաշահումով:

Ֆրանսացի մտածող Փոլ Վալերի կ՛ըսէր, որ` «մտաւորականները սին են եւ բառերը կը կրեն հետեւանքները»: Հայրենի մտաւորականը կ՛ըսէ. «Երկիրը դարձել է ողբի եւ որբի հայրենիք, մեր հպարտ ժողովուրդը` մոլորուած եւ գլխիկոր»: Աւելի քան երբեք ազգը եւ հայրենիքը կարիք ունին կամքի եւ տեսիլքի, բաժանումները միացնող հեղինակութեան, որ տէր ըլլանք մեր ճակատագրին, հրաշքը փնտռենք մեր մէջ:

Ոչ միայն պարտուած ենք, մոլորուած եւ գլխիկոր ենք, այլ այդ պատճառով խախտած է վստահութիւնը ինչպէս նախկին եւ հիմա նաեւ ներկայ իշխանութիւններու նկատմամբ, ընդհանրապէս` քաղաքական կեանքի դերակատարներու: Ժողովուրդը դադրած է յարգելէ իշխանութիւնները: Եզրակացութիւնը այն է, որ ժողովրդավարութիւնը արժեզրկուած է` խրած ըլլալով ամբոխահաճութեան (populisme) ոչ մէկ ապագայ խոստացող տիղմին մէջ: Միայն իշխանաւորները դեռ զօրավարի ուսադիրներու նմանող ժողովրդավարութեան զարդարանքով կը շպարուին:

Հայրենասիրութիւն, ծառայութիւն, իրաւունք, պարտականութիւն, հաւատարմութիւն, հաւասարութիւն, օրէնք` դարձած են սնամէջ, անոնք կը ծածկեն անհեռանկարը, պարտութիւնը, անյուսութիւնը, ոտքի կը քնացնեն խաբուելու պատրաստ ամբոխը:

Ինչպէ՞ս ունենալ իր ճակատագրին տէր դառնալու կամք ունեցող ժողովուրդ:

Ո՞վ պիտի ըսէ, որ խաբուած ըլլալը վերջնական պարտութիւն չէ:

Պիտի գա՞յ առաջնորդ մը, որ ֆրանսացի Ալպեր Քամիւի պէս ըսէ. «Ճշմարտութիւնն այն է, որ ճամբան նուազ կարեւոր է, հասնելու կամքը կը բաւէ»: Եւ կրաւորականութեան թմբիրէն արթնցնէ ամէն քայլափոխի յիշուած ժողովուրդը, որպէսզի ան ոտքի կանգնի` հասնելու կամքով, որ այսօ՛ր պէտք է, երբ պարտուած ենք, երբ ամէն օր կը նահանջենք: Ի հարկէ` մի՛շտ ներսը եւ դուրսը:

Եւ բուժուինք Րաֆֆիի բնորոշած ախտէն: Բուժումը ո՛չ երկինքէն եւ ո՛չ դուրսէն պիտի գայ:

29 դեկտեմբեր 2020, Նուազի-լը-Կրան

Previous Post

Թող Լոյս Իջնի Գառնիկ Մկրտիչեանի Շիրիմին

Next Post

Why The Last Leg Of The Oil Demand Recovery Is The Hardest

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.