Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ
Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես վկայ վերապրող Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Պալաքեան Մեծ Եղեռնին ապրած իր յուշերը գրի առած է: Գիրքը հրատարակուած է «Հայ Գողգոթան- Դրուագներ Հայ Մարտիրոսութենէն Պերլինէն Դէպի Տէր Զօր (1914-1920)» խորագիրով, Փլանեթէ Փրինթինգ Փրէսս, Պէյրութ, 1977, միջակ չափի 496 էջ Ա. Հատոր եւ 294 էջ, Բ Հատոր:
Այս գիրքին առաջին տպագրութիւնը լոյս տեսած է 1922-ին Վիեննայի Մխիթարեան տպարանէն, Բ. Տպագրութիւնը 1991-ին Երեւանի «Հայաստան» հրատարակչութենէն, իսկ Գ. Տպագրութիւնը 2003-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն:
Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Պալաքեան իր հեղինակած այս գիրքին մասին կ’ըսէ. «Որովհետեւ կազմուած է այս փունջը, ո՛վ հայ ժողովուրդ, անլուր տանջանքներով մեռնող քու անհամար զաւակներուդ արիւնի, արցունքի ծով ցաւերէն ու չարչարալից նահատակութիւններէն, քու սուրբ գիրքդ է այս արիւնոտ մատեանը. կարդա՛ անձանձրոյթ, ամենեւին մի՛ կասկածիր այս եղեռնպատումիս, եւ մի կարծեր թէ դիտումնաւոր չափազանցութիւններ են գրուածքները» (էջ 15, Կիլիկիոյ Կաթ. Հրատ., այսուհետ մէջբերումները այս հրատարակութենէն են):
Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Պալաքեան իբրեւ աստուածաբանութեան ուսանող Պերլին գտնուած է Ա. Համաշխարհային Պատերազմի նախօրեակին: 1914-ին համալսարանական վեցամեակի վերջին օրը երբ փրոֆ. Հառնագ մասնագիտական դասախօսութիւն մը պէտք է տար, յանկարծ ռազմաշունչ խանդավառութեամբ ճառ մը կ’արտասանէ, ըսելով որ մէկ-երկու օրուան մէջ անխուսափելի պատերազմ մը պիտի յայտարարուի եւ թէ Նիցչէ քարոզած է որ գութն ու կարեկցութիւնը հոգեկան հիւանդութիւններ են…: Փրոֆ Հառնագ հաւատարիմ հետեւորդ մը եղած է նիցչէական վարդապետութեան եւ ան ուզած է գերմանացի համալսարանական երիտասարդութիւնը ռազմաճակատ մղել:
Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Պալաքեան երբ համալսարանէն դուրս կու գայ, խուռներամ բազմութիւն մը եւ զինուորականներ կը տեսնէ ճամբան, նաեւ Պիզմարքի ու Մոլթքէի նկարները վաճառատուներու ցուցափեղկերուն մէջ: Բոլոր եկեղեցիներու զանգակները կը ղօղանջէին: Պատերազմ յայտարարուած էր, մեծ պետութիւնները ոտքի վրայ էին: Սակայն, հայ ժողովուրդը թէ՛ Կովկասի եւ թէ՛ Հայաստանի արեւմտեան հատուածին մէջ «երկունքի ահաւոր ցաւերով եւ բազմադարեան պոռթկացող յոյսերու փոթորիկով կը գալարուէր» (էջ 34):
Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Պալաքեան կը վերադառնայ Կ. Պոլիս, ուր ամէն ոք եռուզեռի մէջ էր: Ոչ ոք հաւատ կ’ընծայէր քաղաքական մեծ ծրագրի մը կարելիութեան, նկատելով որ մարդկային նախապատմական շրջաններէն ասդին ազգերու պատմութեան մէջ նմանօրինակ պարագայ մը՝ «ազգերու բռնազբօսիկ տեղահանութիւն» երբեք չի յիշուիր: Ցաւալօրէն, վերջին երեսուն տարուան արիւնոտ փորձառութիւնը դեռ չէր զգաստացուցած հայը եւ չէր կրցած աւելի նուազ անկեղծ եւ աւելի վերապահ դարձնել զայն…: Կ. Պոլսոյ հայերը այնքան ակնյայտ կերպով սկսած էին արտայայտել իրենց ներքին զգացումները, որ թրքական թերթերը, ինչպէս «Գարակէօզ»ը, հեգնօրէն կը գրէին թէ օրուան պատերազմական յաջողութիւնները կամ ձախողութիւնները իմանալու համար, ձեզի հանդիպող առաջին հայուն դէմքը նայեցէք, եթէ ուրախ է՝ Ռուսիան է յաղթողը, իսկ եթէ տրտում է՝ ուրեմն Գերմանիան:
Ըմբոստութեան որեւէ կանխորոշ նպատակ ու մասնաւոր պատրաստութիւն չկար Վանի ապստամբութեան պարագային: Վռամեանը (բուն անունով՝ Օննիկ Դերձակեան- Յ. Ի.) յաջորդաբար գաղտնի պատուիրակներ կը ղրկէր Ս. Էջմիածին եւ Թիֆլիս՝ Ազգային Բիւրոյին, որպէսզի կամաւորական շարժումին վերջ տալով, վերապահ եւ սպասողական ընթացք մը բռնեն՝ իթթիհատական ոճրածարաւ թրքական կառավարութիւնը չգրգռելու համար:
Կ. Պոլսոյ ոստիկանութեան տնօրէն Պետրի պէյ մայրաքաղաքի բոլոր պահականոցներուն շաբաթներ առաջ գաղտնի կնքեալ պահարաններով պաշտօնագրեր դրկած էր՝ միայն որոշեալ օրը բանալու եւ ծայր աստիճան գաղտնապահութեամբ ու ճշդութեամբ գործադրելու ստիպողական յանձնարարութեամբ:
Գրիգորիս Ծ. Վարդապետ ութը սկիւտարցի դժբախտ ընկերներու հետ Սիրքէճիի բանտը կը փոխադրուի: Ապա ան հայ մտաւորականներու կարաւանով կը տարուի Չանկըրը եւ անկէ դէպի աքսոր…: Վարդապետը բռնագաղթի ճամբէն փախուստ տալով Ամանոսի լեռներէն ետդարձի վտանգաւոր եւ դժուար ճանապարհը կը բռնէ գերմանացի սպայի մը համազգեստով ծպտուած: Ան այդ անձնական դժուարին առաքելութեան զանազան հանգրուաններու իր խոհերը արձանագրած է յուշագիրքին մէջ:
Հայասպանութեան կանխամտածուած բնոյթը փաստելով, Գրիգորիս Ծ. Վարդապետ հետեւեալ տեղեկութիւն-խորհրդածութիւնը կ’ընէ. «Հոն վերը, պարսկական դեսպանատան հանդիպակաց Իթթիհատի կեդրոնական ակումբ-որջին մէջ, ներքին գործոց ամենազօր նախարար Թալաաթ, Իթթիհատի երկու սիւներուն՝ Տոքթ. Նազըմի եւ Պէհաէտտին Շաքիրի, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Միտհաթ Շիւքրիի հետ, գլուխ նստած, ժամանակը հասած կը համարէին մութին մէջ իրենց դարբնած ճիւաղային հայաջինջ ծրագիրը գործադրութեան մէջ դնելու համար: Սարսափելի ծրագիր մը, որ իրենց նախահայրերը ոչ թէ գործադրած, այլեւ ոչ իսկ մտքով անցուցած էին, ենթարկուելով վայրաբար եկող ու անցնող թուրք բոլոր սերունդներու յաւիտենական անէծքին…» (էջ 91):
Բոլոր պատահող դէպքերուն եւ զարգացումներուն հակառակ տակաւին հայը կը մնար իր զգուշութեան, այլեւ վախի պատեանին մէջ: Պարզապէս ստրկամտութեան մէկ դրսեւորումն է հայուն չափազանց զգոյշ կամ վախկոտ գործելակերպը երբ արդէն դանակը ոսկորին հասած էր: Հայ երիտասարդները, որոնք բանակ տարուած էին, խումբ առ խումբ կամ անհատաբար փախուստ կու տային կանխազգալով ստոյգ մահը եւ տեսնելով հայոց խողխողումները թուրք զինուորներու ձեռքով: Այս մասին վարդապետը կ’ըսէ. «Քառամեայ աքսորի ճամբաներուս վրայ, հանդիպեցայ հայ կուսակցական երիտասարդներու, որոնք դառնութեամբ եւ հեգնանքով կը յիշէին իրենց պետերուն իրենց դէմ ըրած այն ամբաստանութիւնը թէ ինչո՞ւ զինուորագրութենէ խոյս կու տան եւ օսմանեան հասարակաց հայրենիքի հանդէպ չեն փութար կատարել իրենց հայրենասիրական պարտականութիւնը…» (էջ 99):
Փախուստէն ետք դէպի Կ. Պոլիս վերադարձի ճամբուն վրայ կ’ըլլան պահեր երբ ան կիսահաստատուած հայ գաղթականներու կը հանդիպի եւ ուրախութեան ու ոգեւորութեան պահեր կ’ապրի: Այս տեսակի դրուագ մը հետեւեալ ձեւով կը պատմէ Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Պալաքեան. «Մեր ոգեւորութեան մէջ այնքան առաջ գացած, որ սկսած էինք վաղուան անկախ ու ազտագրուած Հայաստանի սահմանները գծել քարտէսի վրայ… եւ ճիշդ թիւը վերապրող հայութեան բեկորներուն…: Ու կը գտնէինք շուրջ 750.000 մնացորդ հայութիւն մը Պոլսոյ, Զմիւռնիոյ ինչպէս նաեւ Աֆիոն Գարահիսարէն մինչեւ Հալէպ խուսափած հայերը, մէջը հաշուելով Սուրիոյ եւ Տէր Զօրի հայ աքսորական գաղթականութիւնը» (էջ 107, Բ. Հատոր): Այս տողերը վարդապետը գրած է առանց գիտնալու թէ 1916 Յուլիսի նոյն օրերուն, Տէր Զօրի մէջ Կեսարիայէն նոր ժամանած հայակեր կառավարիչ Զեքիի ղեկավարութեամբ, Եփրատի ափերուն եւ անապատներու խորերը գտնուած 150 հազար հայեր՝ կին, մանուկ, տղամարդ չարչարալից նահատակութեամբ կը սպաննուէին մէկ շաբթուան ընթացքին, Կ. Պոլսէն ամենազօր ներքին գործոց նախարար Թալաաթէն եկած ստիպողական գաղտնի հրամաններուն համաձայն: Դառն է իրողութիւնը: