16 ապրիլին Տանն Կիլիկիոյ հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարք շնորհաւորեց Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ անոր յղեց հետեւեալ նամակը:
«Ջերմ զգացումներով կը շնորհաւորենք Արցախի Հանրապետութեան նախագահ ձեր ընտրութիւնը, զոր կը նկատենք ժողովրդավարական արժէքներով առաջնորդուելու ձեր յանձնառութեան մէկ արտայայտութիւնը:
«Այս համոզումով կը վստահեցնենք ձեզի, որ մեր բոլոր շփումներուն ու հաղորդակցութիւններուն ընդմէջէն պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը` ի խնդիր հայկական երկրորդ Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման եւ անվտանգութեան, անոր զարգացման ու հզօրացման, անոր բարգաւաճութեան, ժողովուրդի բարօրութեան, լիայոյս, որ ձեր նախանձախնդիր ուշադրութեան առարկան կ’ըլլայ նաեւ կամքի ու խղճի ազատութեան ամրագրումը»: