ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 26 Յունիսին ուժի մէջ մտաւ 22 Յունիսին Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած Հայաստանի սահմանդրութեան փոփոխութիւնները:
«Մինչեւ սահմանադրութեան 7րդ գլխի ուժի մէջ մտնելը նշանակուած եւ Սահմանադրական դատարանի անդամի կամ դատաւորի պաշտօնում ընդհանուր տեւողութեամբ ոչ պակաս, քան 12 տարի պաշտօնավարած Սահմանադրական դատարանի անդամի (դատաւորի) լիազօրութիւնների ժամկէտը համարւում է աւարտուած, եւ պաշտօնավարումը դադարում է», կ՛ըսուի Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած գրութեան մէջ:
Նշեալ կանոնակարգումներով դադրած է Հրայր Թովմասեանի պաշտօնավարութիւնը՝ Սահմանադրական դատարանի նախագահի պաշտօնէն, ինչպէս նաեւ Սահմանադրական դատարանի դատաւորներ (անդամներ) Հրանդ Նազարեանի, Ֆելիքս Թոխեանի, եւ Ալվինա Գիւլումեանի պաշտօնավարութիւնը:
Հրանդ Նազարեան Սահմանադրական դատարանի անդամի կամ դատաւորի պաշտօն վարած է առաւել քան քան 24 տարիներ, Ֆելիքս Թոխեան՝ առաւել քան 22 տարիներ, Ալվինա Գիւլումեան` առաւել քան 12 տարիներ:
Հայաստանի սահմանադրութեան 213 յօդուածի 3րդ մասին համաձայն, Սահմանադրական դատարանի երեք դատաւորներու թափուր տեղերուն համար առաջադրումները պէտք է կատարուին յաջորդաբար կառավարութեան, Հանրապետութեան նախագահին եւ դատաւորներու ընդհանուր ժողովին կողմէ երկամսեայ ժամկէտի ընթացքին, որ կը սկսի 27 Յունիսէն։
Ներկայիսմ նկատի ունենալով այն, որ Սահմանադրական դատարանի նախագահ չէ ընտրուած տակաւին, իսկ Ալվինա Գիւլումեանի` իբռեւՍահմանադրական դատարանի անդամ (դատաւորի) լիազօրութիւններու ժամկէտը դադրած է, Սահմանադրական դատարանի նախագահի պարտականութիւնները կը կատարէ Սահմանադրական դատարանի դատաւորներէն ամէնէն երէցը՝ աւագ դատաւոր Աշոտ Խաչատրեան (1962ի ծնունդ):