ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
3.- Աւստրիա. Հայերու թիւը` 6000-7000, որուն մեծամասնութիւնը` Վիեննայի մէջ, ուր կայ նաեւ Մխիթարեաններու վանքը` շուրջ 10 հոգեւորականներով: Աւստրիան ալ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 2015-ին:
4.- Իտալիա. հայերու մօտաւոր թիւը 4000-ի շուրջ է, որուն 3000-ը` մնայուն բնակիչ, իսկ 1000-ը` ուսանող կամ ժամանակաւոր: Մեծամասնութեամբ` Միլանոյի մէջ հաստատուած: Իտալիոյ հայերու միութիւն մը պաշտօնական ճանաչում ստացած է 1955 թուին, բայց հիմա ան կը գործէ՞, թէ՞ ոչ, յայտնի չէ: Միլանոյի մէջ կը գործէ հայ առաքելական եկեղեցի, որ նաեւ կիրակի օրերը երկժամեայ հայերէնի դասընթացք կը կազմակերպէ: Քաղաքական յարաբերութիւններ չկան:
Վենետիկի սուրբ Ղազար կղզեակին մէջ իր գոյութիւնը կը շարունակէ պահել Մխիթարեան միաբանութիւնը, որ ատենին նախախնամական գործ կատարած է յատկապէս գրական, պատմագրական, մշակութային եւ կրթական բնագաւառներուն մէջ: Երկար տարիներ Մխիթարեաններու վարժարաններ կը գործէին, օրինակ, Կ. Պոլիս, Սուրիա, Ֆրանսա, Վենետիկ եւ այլն: (Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին մէջն է, որ շատերու կարգին ուսանած է Դանիէլ Վարուժան): Կը թուի, թէ միաբանութիւնը հետզհետէ սկսած է սպառիլ: Իր ատենին Փարիզի մէջ (Սեւր) միակը հանդիսացող Մխիթարեաններու վարժարանը, ինչպէս նաեւ Վենետիկի գիշերօթիկ Մուրատ Ռափայէլեանը փակուած են քանի մը տարիներէ ի վեր:
Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 2000-ին:
5.- Մալթա. Հայերու թիւը շուրջ 500 է: Ազգային կամ միութենական կառոյց չունին, թէեւ 15 տարի առաջ փորձ մը կատարած են հայերու համաժողով մը գումարելու…
6.- Զուիցերիա. Հայերու թիւը շուրջ 7000 Է` հիմնականին մէջ Ժընեւ եւ Ցիւրիխ համախմբուած: Հայեր կան նաեւ այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս` Պեռն, Ֆրիպուրկ եւ այլն: Համայնքը չունի իրաւական որեւէ յատուկ կարգավիճակ: Համայնքը ունի եկեղեցական, դպրոցական (միօրեայ) եւ մշակութային գործունէութիւն, յատկապէս` ֆրանսախօս բաժնին մէջ: Գաղութը չունի համադրուած աշխատանքի ու կազմակերպ կեանքի վիճակ:
Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրէնք, ըստ այնմ նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողներու համար սահմանած է քրէական պատիժ` 2003-ին:
7.- Փորթուգալ եւ Սպանիա
Վերջին 30 տարիներուն է , որ շուրջ 150 հայեր հաստատուած են Փորթուգալ, ընդհանրապէս` Լիզպոնի մէջ: Ազգային թէ միութենական կեանք չկայ, ոչ ալ` եկեղեցի կամ հոգեւորական: 2016-ին Լիզպոնի մէջ ստեղծուած է Փորթուգալ-Հայաստան բարեկամութեան ընկերակցութիւն: Թէ ի՞նչ կ՛ընէ այս ընկերակցութիւնը, անորոշ է: Գիտենք միայն, որ այս ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Կիւլպէնկեան»-ի դրամական օժանդակութեամբ Լիզպոնի համալսարանի բանասիրական բաժնին մէջ ներառուած է հայոց լեզուի եւ մշակոյթի դասընթացք: Փորթուգալի խորհրդարանը 2019-ի ապրիլի 26-ին ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին բանաձեւ:
Իսկ Սպանիոյ հայկական համայնքի թուաքանակի մասին տարբեր կարծիքներ կան: Ոմանք 13-20.000 կը կարծեն, ուրիշներ 40-60 հազարի կը հասցնեն այդ թիւը: Հայաստանէն եկուորները գերակշիռ մասն են համայնքին, ընդհանրապէս հաստատուած` Մատրիտ, Պարսելոնա, Վալենցիա, Մալակա եւ այլն: Տակաւին իր ձեւաւորումը չգտած համայնք մըն է, որուն նոր սերունդը կարելի է համարել, որ կորսնցուցած է մայրենի լեզուն: Տեղ-տեղ միօրեայ դասաժամեր կ՛ըլլան, ուր կը սորվին գրաճանաչութիւն, հայերէն եւ այլն: Աշխատանքի համադրում ու կազմակերպուածութիւն չկայ:
8.- Անգլիա. 2013 թուականի պաշտօնական վիճակագրութիւնը գնահատած է, որ շուրջ 1300 հայաստանածին հայեր կան Անգլիոյ մէջ: Իսկ հայերու թիւը` շուրջ 1800: Մինչդեռ հայկական աղբիւրներ 18-20.000-ի կը հասցնեն թիւը, որոնց շուրջ կէսը` Լոնտոնի մէջ, մնացեալի մեծ մասը բնակութիւն հաստատած է Մանչեսթըր… Հայեր Անգլիա գաղթած են` Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Կիպրոսէն, Պարսկաստանէն, Եթովպիայէն, Հնդկաստանէն, Եգիպտոսէն եւ այլն: Երեք եկեղեցիներ կան, ամէնէն հինը` 1896-էն, Մանչեսթըրի մէջ: Երկլեզու պարբերական մը կար, հիմա կարծեմ չկայ: Հայոց լեզուի կիրակնօրեայ դպրոց մը կը պահէ համայնքը: Անգլիոյ կառավարութիւնը Հայոց ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցած` առարկելով, թէ բաւարար փաստեր չկան, որ հայկական ջարդերը «ցեղասպանութիւն» նկատուին` ըստ 1948-ի ցեղասպանութեանց մասին ՄԱԿ-ի ընդունած բանաձեւին… Տեղեկութեան համար արձանագրեմ, որ 19-րդ դարու առաջին կիսուն Ալեքսանտր Ռափայէլ անունով հայ մը եղած է Անգլիոյ խորհրդարանի գործուն անդամ, որ մեռած է 1850-ին, 72 տարեկանին: Կուսակցական կազմ ունինք, որուն մասին սակայն տեղեկութիւն չկրցայ ունենալ: Գիտեմ սակայն, որ տարիներ առաջ, կուսակցական կազմի ձեւաւորման սկզբնական շրջանին, իրարու հանդէպ տեղացիական լուռ անհանդուրժողութեան մթնոլորտ մը գոյութիւն ունէր կիպրահայերու, պարսկահայերու, լիբանանահայերու եւ այլոց միջեւ: Աւելի ուշ հաւաքատեղիի մը կալուածային սեփականատիրութեան հետ կապուած դատական ներքին վէճերու մէջ ինկաւ շրջանի կազմը, որուն պատճառով եւ մինչեւ այսօր կը թուի, թէ ջլատուած է կուսակցական կազմին արդէն իսկ ոչ այնքան զգալի ուժականութիւնը:
Ծանօթ.- Իսկ Իրլանտայի մէջ կը կարծուի, թէ հազիւ 500-ի կը հասնի հայ մարդոց թիւը: Կազմակերպուած վիճակ չունին, անհատ հայեր են, որ երբեմն հայանպաստ նախաձեռնութիւններ կ՛առնեն, ինչպէս, օրինակ, խաչքարի մը զետեղում…
9.- Հոլանտա (Նետերլանտներ) Կ՛ենթադրուի, թէ Հոլանտայի զանազան քաղաքներու մէջ ցրուած հայերու թիւը շուրջ 40.000 է: 17-18 դարերուն Ամսթերտամի մէջ կազմուած է փոքր համայնք մը հայերու, գլխաւորաբար` վաճառականներ, որոնք առեւտրական գործառնութիւններ կ՛ունենային հարաւասիական երկիրներու հետ: Համայնքը 18-րդ դարու սկզբին Ամսթերտամի մէջ կառուցած է նաեւ եկեղեցի մը, որ մէկուկէս դար ծառայելէ ետք համայնքի հոգեւոր կարիքներուն, Էջմիածնի կաթողիկոսին հրահանգով վաճառուած է եւ փոխարժէքը փոխանցուած` Էջմիածնին: Մինչ այդ արդէն վերջ գտած էր համայնքին կեանքը` Նափոլէոնի արշաւանքին պատճառով:
Այսօրուան համայնքը մեծաւ մասամբ կազմուած է 1970-ական թուականներէն` Թուրքիայէն, Լիբանանէն, Պարսկաստանէն, Իրաքէն, Ռուսիայէն եւ Հայաստանէն եկուորներով, որոնք կեդրոնացած են գլխաւորաբար Հոլանտայի արեւմտեան բաժնի մեծ քաղաքներու մէջ` Ամսթերտամ, Լա Հէյ, Ռոթըրտամ, Ալմերօ եւ այլն:
Երկրի խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հոն կը գործէ Հայ դատի յանձնախումբ մը, որ սերտ գործակցութիւն ունի Ֆրանսայի յանձնախումբին հետ: Անոնք միասնաբար իրենց աշխատանքները կը համադրեն` խորհրդակցութեամբ Պրիւքսելի կեդրոնական գրասենեակին:
(Շար. 2)