ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին (ԳՄ) նախաձեռնութեամբ, Հինգշաբթի, 23 Մայիսին, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք՝ «Լրջացէք» կարգախօսով:
Հանրահաւաքը վարեց «Երկիր Մեդիա»ի քաղաքական բաժինի ղեկավար Գեղամ Մանուկեան: Ելոյթ ունեցան ԳՄի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան , ԳՄի անդամներ Արթուր Խաչատրեան, Լիլիթ Գալստեան, Տարօն Տօնոյեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Բենիամին Պճաքճեան եւ Արմէն Ռուստամեան:
Իշխան Սաղաթելեան նշեց, որ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի բոլոր ընկերներուն եւ համակիրներուն՝ իրենց զգօն, գիտակից եւ պատրաստակամ պահուածքին համար: Ըստ Սաղաթելեանի՝ հանրահաւաքին նպատակն է իրենց մտահոգութիւններու մասին բարձրաձայնելը: