«Սփիւռք՝ գրական եւ մշակութային հասկացողութիւն»խորագրին տակ հանդիպում-դասախօսութիւն մը կայացած է Երեւան՝ Ինսէյն Փապին մէջ,16-Օգոստոսին, ուր սուրիահայ բանաստեղծ Տիգրան Գաբոյեան ներկայացուցած է նիւթը երեք ենթաբաժանումներով՝
1.-Սփիւռք եւ համաշխարհայնացում (միջազգային եւ հայկական իրավիճակ):
2.-Գրականութիւնն ու մշակոյթը սփիւռքեան համակարգով (միջազգային ու հայկական):
3.-Արդի աշխարհ ու նոր մշակոյթ:
Զրոյցի եւ հարցերու հետ նիւթը իր ճիւղաւորումներով եղած է հետաքրքրական ու նոր մօտեցումներով եւ վերլուծութիւններով լեցուն:
Սփիւռքահայերու եւ Հայաստանաբնակ հայերու խառն ներկայութիւնը եւ նիւթի աւելի գիտական ու մշակութաբանական ներկայացումն ալ առիթ տուած է քննարկման ու կարծիքներու փոխանակումի:
Ո՞վ է սփիւռքակիրը ամէն տեղ,համաշխարհայնացման մեծ հարցը,արդի խմորուող աշխարհը,դասական եւ ոչ դասական Սփիւռքները,սփիւռքեան կացութիւնը,մարդկային ստեղծագործական ներուժն ու ընդհանուր Սփիւռք հասկացողութիւնը:Ինչպէս նաեւ հայկական Սփիւռքի նոր ենթաբաժանումներն ու կառուցուածքը,անոր խմորումներն ու գոյոյթը եւ այդ գոյութենական կապի ձեւերը Հայաստան արժէքին ու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ:
Այս բոլոր կէտերն ու աւելին երեք ենթաբաժանումներուն մէջէն ներկայացուած են: