ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Կարգ մը սփիւռքեան մօտեցումներ անցեալին եւ ներկայիս անձնապէս ինծի համար միշտ ալ զարմացնող եղած են, Հայաստանը հասկնալու, ընբռնելու հետ կապուած, դեռ չխօսելով Հայաստանին նուիրուելու եւ անոր ծառայելու պարունակութեամբ:
Այո հաւանաբար այպանելի չի կրնար համարուիլ որեւէ ընկալում, վերծանում, զգացում, արժեչափ, որեւէ համակարգով, կրօնով, բարոյագիտութեամբ ու ընկերաբանութեամբ ինքնեկ եւ ակամայ, բայց երբ քննադատութիւնները, «թեւաւոր խօսքերը», տեղ մը միանան սուտին(հակառակ սուտի ալ սահմանման ընդունելի միջազգային եւ ազգային ու ընդհանուր ու տեղական պայմանականութիւններուն) եւ վերածուին անգործ քարոզի, տեղ մը վստահ վնասակարութիւն կը պատճառուի:
Դասական Սփիւռքեան կարգ մը շրջանակներ միշտ ջատագովը եղած են «իտէալական Հայաստանի» մը եւ ուզած են նոյնիսկ անոր ուրուագծման պղտորութեան կամ յստակութեան ընդմեջէն ընկերային եւ տեղ մը քաղաքական ալ գործունէութիւն տանիլ, ինչը հասկնալի է եւ մասամբ ընդունելի, եւ ճիշդ այդ իտէալական ու բաղձալի Հայաստանի իրագործման ի խնդիր 2018-ին ՀՀ ապրեցաւ մեծ քաղաքական փոփոխութիւն, ի տես թաւշեայ ոչ բռնի յեղափոխութեան, որը եթէ չի չափազանցենք ըսելու՝ ցնցեց աշխարհը, բայց գոնէ բաւական բան փոխեց հայ իրականութեան մէջ, եւ նոր Հայաստանը առանց մեծ ցնցումներու կամաց-կամաց եւ տեղ մը նոյնիսկ արագ դրական փոփոխութեան ճամբուն վրայ հանուեցաւ: Հիմա դասական սփիւռքեան շրջանակներ կան (չըսելու պաշտօնական կեցուածքներ, քանի քաղաքական հետազօտական գրութիւն չենք ըներ հոս), որոնք միայն իրենց կազմակերպչական, կուսակցական պրիսմակներով կը դիտէին եւ կը շարունակեն դիտել Հայաստանը. ինչը հասկնալի կրնայ թուիլ, բայց կարծեմ նոր ու զարգացող Հայաստանը հիմա աւելիով պէտք է առանց ակնոցներու ու պրիսմակներու դիտել, իբրեւ բարձրագոյն ու թափանցիկ արժէք, ուրտեղէն ալ ըլլան այդ անկոցները եւ ինչքան ալ ղրկուած ըլլան անոնք Հայաստանի կարգ մը շրջանակներէն հեռուէն գործածուելու:
Այո ամէն Հայ իրաւունք ունի Հայաստանի մասին երազելու եւ Հայաստանին դասեր տալու, բայց տեղ մը խախուտ կը համարուին այդ իրաւունքները, երբ ծանօթ չես Հայաստանի օրինակ մարզերուն, համախառն ներքին արդիւնքին, տնտեսութեան մասնակի մանրամասնութիւններուն, Հայոց Բանակի կառուցուածքին, 90-անական ի չիք կոչուած «ցուրտ ու մութ» տարիներերուն, երբ չես զգացած շրջափակումը ամէն վայրկեան, չես զգացած ծով չունենալը եւ 100 միլիոն «դրացիներուն» ճնշունը: Երբ չես ապրած գոյատեւումը հագուստի, ուտելիքի քչութեամբ, չես ապրած հոգու առատութիւնը, երբ չես զգացած 41 հազար քառակուսի քիլօմեթրի 3 միլիոլով ապրեցնելու զիջիլ-չզիջիլ ցաւը, երբ Հայաստան այցելած ես իբրեւ զբօսաշրջիկ եւ լաւ հագուստներդ ցոյց տուած ես, երբ հայրենասիրութիւնը քեզի համար ազգային-ազատագրական երգեր են, կամ ուրախութիւն, որ սիրածդ կամ պատկանածդ կազմակերպութիւն(ններ)ը մասնակցած են Շուշիի ազատագրութեան, միաժամանակ խոսափելով ամէն գնով Հայոց Բանակի մէկ ամսեայ դասընթացքէն (չգործադրելով Իսրայէլի օրինակը, ուր իր բոլոր Սփիւռքէն այցելած հայրենակիցներուն մարտարուեստ կը դասաւանդէ): Այո հակառակ այս բոլորը չապրելով եւ մասամբ չտիրապետելու հեռահարութեամբ, նորէն կը կարծեմ վիրաւոր Հայաստանը սրտաբաց եւ հայրաբար ընդունած է եւ կ՝ընդունի բոլորը եւ միշտ կը սպասէ բոլոր հայերուն այցերն եւ ներդրումները: Այո Հայաստանը տէր է իր հին ու գալիք բոլոր զաւակներուն, որքան ալ ան չըլլայ ԱՄՆ կամ Ռուսաստան, եւ հոս իբրեւ օրինակ կ՝արժէ յիշել վիճելի բայց խիզախ քայլը ՀՀ զինուորական օգնութեան խումբ մը Հալէպ ուղարկելուն:
Կարելի է ոչ պաշտօնական «խօսուն ու եզրակալից» վիճակագրութիւն մըն ալ սողոսկեցնել այս առիթով, այն Միջին Արեւելքի մէջ մօտաւորապէս եւ ոչ պաշտօնական տուեալներով նախկին 200.000 հայերու մասին է, որոնցմէ կարծեմ մի քանի հազարը միայն ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացաւ վերջին 10 տարուայ ընթացքին, այն իրողութեան կողքին որ ՀՀ ժողովրդագրական եւ զինուորագրութեան հարցեր ունի եւ կարծեմ պատրաստակամ չէ հնդիկներուն կամ ուրիշ ազգութիւններու ներկայացուցիչներուն քաղքացիութիւն տալ, հակառակ շատ մը սփիւռքեան ալ շրջանակներու մտահոգութեան Հայաստանի մէջ հնդիկներու բազմացումով: Հիմա դասեր ու դասախօսութիւններ կարդալ դիւրին եւ հաճելի գործեր են, բայց երբ մարդոց ու ղեկավարներուն «գործակալ, Մասօն, Սիոնիստ ու ծախուող ու ծախող» մակդիրներ կը դրուին նոյն դասական սփիւռքի կարգ մը շրջանակներէն, այո եթէ հաւաբանար չ՝արժեր անոնց անդրադառնալ կարծիքի ազատութեան ներկայ դարու «սուրբ առաւելութիւններու» շրջագիծով, բայց կ՝արժէ մեր սփիւռքեան դասական նոր սերունդին յիշեցնել ուրիշ արժէքներ: Այսինքն երբ ՀՀ քաղաքացիութիւնը բարձրագոյն արժէքը չէ գանատականին եւ սկանտինաւեանին քով եւ առաւելագոյնը կը պատրուի այդ, վասն 3-րդ կարգի կահոյքով եւրոպայի կամ Գանատայի տուներուն մէջ նկարուելու համար, կամ եռագոյն դրօշակ ցոյց տալու համար Ապրիլ 24 ցոյցի մը ընթացքին, տարին մէկ անգամ, չէ որ այսպիսով տեղ մը խաբած ու խաբուած կ՝ըլլանք բոլոր սփիւռքեան դասական իտիալականացումները, միշտ Հայաստանը յիշելով «հոնտեղի ժողովուրդը դժուար մարդիկ են»ով :
Տառապելով Հայաստանի ապազուիցերիացումէն եւ դասեր տալով անոր «դաւաճաններուն» հեռու ափերէն որքանո՞վ ճիշդ է եւ բարոյական:
Որքանո՞վ ճիշդ է եւ բարոյական երբ լիակատար չիմանալով Արամ Խաչատուրեանին, Մարտիրոս Սարեանին, Վիքթոր Համբարձումեանի …մասին., 100 հազար տոլար ունենալէ վերջ հայկական ընտանիքնի մը երեխաները ղրկել օտար դպրոցներ դասական Սփիւռքին մէջ, անգլերէն, ֆրանսերէն նոյնիսկ արաբերէն խօսելով (Լիբանանի մէջ օրինակ) եւ մասամբ «ամչնալ» հայկական ինքնութենէն եւ «փոխանցուած հայ մշակոյթէն»:
Յարգելով հայկական թաղամասներուն զինուած պաշտպանութիւն կազմակերպելը, որքանո՞վ ընդունելի է անոնց տալ, եւ մանաւանդ հիմա այս ժամանակներուն մէջ, ազգային բարձր օրակարգի դասակարգում, երբ ցաւօք այդ միջին արեւելեան թաղերը արդէն հայաշատ չեն ու ուրուականացած վիճակներով, արդէն տարրական առողջութեան պայմանները չեն ապահովեր հոն ապրողներուն եւ երբ արդէն յատկապէս ՀՀ դիւանագիտութիւնը ներգրաւուած է ամէն տեղ ուր Հայ կայ:
Միթէ՞ուսանելի օրինակ է մէկ միլիոն տոլար ներդրել Շուէտի մէջ եկեղեցի եւ ակումբ հիմնելու, հոնտեղէն Կրակի օրերը քարոզելու արեւմտահայաստան կամ հայ ազատագրական պայքար: Առանց վիրաւորելու ոչ մէկը բայց կ՝արժէ չէ՞ խօսիլ Իսթանպուլի մասին եւ Թուրքիայի հետ առեւտրականութեան մասին, երբ սիրելի ուղղութիւններէն է այդ. դասական սփիւռքի շատ մը ներկայացուցիչներուն համար, ուր այս պարագային«ազգային վիճակագրութիւն» ցաւօք չկայ բացայայտելու ինչքան «քիչ» են:
Այո Հայաստանասիրութիւնը եւ ՀՀ ին ծառայելը քարոզ չէ, այլ հաճոյք, այն այսպէս ըսած «Միւննաթ» չէ, այլ՝ կենսակերպ, տրամադրութիւն չէ, այլ՝ հոգի ու արիւն: Իսրայելը լաւ օրինակ է հոս իր Սփիւռքի հետ յարաբերութեամբ, եւ դասեր տալը չըսելու զազրելի են, ըսենք միայն, որ անոնք ապարդիւն ժամավաճառութիւններ են եւ կ՝արժէր դասական սփիւռքէն ներկայացուցիչներուն. Հայաստանի իրենց հանդէպ սիրոյ ծալքերէն ելած վերանայէին, որ իրենք ինչքանով Ազնաւուր են կամ հայ են կամ սուիրահայ կամ լիբանանահայ կամ կամ..
Չտեսնել ահռելի դրական փոփոխութիւնը որ Հայաստանի մէջ կատարուած է, չի կրնար սահմանուիլ, մանաւանդ Սփիւռքահայ դիտորդի մը նկարագրելով, իրբեւ դժկամութիւն, նախանձ, չարակամութիւն, չքմեղանք, եւ ամէն տեսակի բացասական մակդիրներով:
Այո ոչ մէկը իրաւունք ունի պիտակաւորելու անոնց, քանի դեռ հայ կը կոչուին, բայց կ՝արժէ յիշեցնել միասնութեան, միասնականութեան եւ համերաշխութեան կոչեր հնչեցնողներուն, որ Հայաստանը իր շատ երկար պատմութեան ընթացքին այսքան միասնական չէ եղած, որուն արմատները 1991 անկախացած միատարրութիւնն է եւ 99 տոկոսով հայ քաղաքացիներն են, եւ որոնք բացի Մարտի մէկի ոճիրէն, քաղաքացիական պատերազմի բնաւ չեն գացած ու անկարելի է որ երթան, եւ որը ոչ մէկ ՀՀ, նոյնիսկ սսորի կամ եզիտի քաղաքացի, կարծեմ պատրաստակամ չէ վատնելու: