Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն երէկ հարցաքննեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եղբայրը` Ռաժա Սալամէն` անոր անունով Լիբանանէն դուրս կատարուած նիւթական փոխանցումներուն հարցով:
Հարցաքննութենէն ետք դատախազ Աունի որոշումով Ռաժա Սալամէ ձերբակալուեցաւ:
…Եւ «Քրետիթ» Դրամատան Դէմ
Արգելք Կը Հաստատուի
Դատախազ Աուն երէկ հրապարակեց նաեւ որոշում մը, որ «Քրետիթ» դրամատան կալուածներուն, ինքնաշարժներուն ու շահաբաժիններուն վրայ արգելք կը հաստատէ:
Աուն արձակեց նաեւ այլ որոշում մը, որուն համաձայն «Քրետիթ» դրամատան ընդհանուր տնօրէն Թարեք Խալիֆէի երկրէն դուրս գալը արգիլուած է: